Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

19

Մարգարէ մը Յովսափատը կը յանդիմանէ

1Եւ Յուդայի Յովսափատ թագաւորը խաղաղութեամբ իր տունը դարձաւ։ 2Ու Անանիի որդին Յէու տեսանողը անոր դիմաց ելաւ, ու Յովսափատ թագաւորին ըսաւ, Պէ՞տք էր որ մեղաւորին օգնէիր, ու Տէրը ատողները սիրէիր. ահա ասոր համար Տէրոջը երեսէն քու վրադ բարկութիւն կայ: 3Բայց քու վրադ բաներ գտնուեցան. քանզի Աստարովթի կուռքերը երկրէն բնաջինջ ըրիր, ու քու սիրտդ զԱստուած խնդրելու պատրաստեցիր։ 4Եւ Յովսափատ Երուսաղէմի մէջ կը բնակէր. ու նորէն ելաւ ժողովուրդին մէջ պտըտեցաւ, Բերսաբէէէ մինչև Եփրեմի լեռը, ու զանոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դարձուց։ 5Ու երկրին մէջ քաղաք դրաւ, Յուդայի ամէն պարսպաւոր քաղաքներուն մէջ։ 6Եւ դատաւորներուն ըսաւ, Նայեցէք ի՛նչ կ’ընէք. քանզի ձեր տեսնելու դատաստանը մարդու չվերաբերիր, հապա Տէրոջը՝ որ դատաստանի մէջ ձեզի հետ է. 7Ուրեմն Տէրոջը վախը ձեր վրայ ըլլայ. զգուշութեամբ բան տեսէք. քանզի մեր Տէր Աստուծոյն քով անիրաւութիւն, աչառութիւն ու կաշառք առնել չկայ։ 8Եւ Յովսափատ Երուսաղէմի մէջ ալ Ղևտացիներէն ու քահանաներէն ու Իսրայէլի նահապետներէն դրաւ՝ Տէրոջը իրաւունքին համար ու դատերու համար. ու Երուսաղէմ դարձան*։ 9Եւ անոնց պատուէր տուաւ ու ըսաւ, Այսպէս ընէք Տէրոջը վախովը, հաւատարմութեամբ և ուղիղ սրտով։ 10Ու երբ իրենց քաղաքներուն մէջ բնակող ձեր եղբայրներէն դատ մը գայ ձեր առջև՝ թէ՛ արեան և արեան մէջտեղ, թէ՛ օրէնքի ու պատուիրանքի մէջտեղ, և թէ՛ կանոններու ու դատաստաններու մէջտեղ, անոնց խրատ տուէք, որ Տէրոջը դէմ յանցանք չգործեն. որպէս զի ձեր վրայ ու ձեր եղբայրներուն վրայ բարկութիւն չգայ. այսպէս ըրէք որպէս զի յանցաւոր չըլլաք։ 11Եւ ահա Տէրոջը ամէն գործին համար Ամարիա մեծ քահանան ձեր վրայ առաջնորդ է, ու թագաւորին ամէն գործին համար Յուդայի տանը իշխանը Իսմայէլի որդին Զաբադիա, ու ձեր առջևէն Ղևտացիները ոստիկաններ են. զօրացէք ու այսպէս ըրէք, և Տէրը բարիին հետ ըլլայ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)