Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

26

Յուդայի Ոզիա թագաւորը

1Եւ բոլոր Յուդայի ժողովուրդը Ոզիան առին, որ տասնըվեց տարեկան էր, ու զանիկա իր հօրը Ամասիայի տեղ թագաւոր դրին։ 2Ասիկա Ելաթը շինեց, ու թագաւորին իր հայրերուն հետ քնանալէն ետքը՝ զանիկա Յուդայի ետ դարձուց։ 3Ոզիա տասնըվեց տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ յիսունուերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Յեքէլիա էր, ու Երուսաղեմացի էր։ 4Եւ անիկա Տէրոջը առջև ուղղութիւն ըրաւ, իր հօրը Ամասիայի բոլոր ըրածին պէս։ 5Ու Աստուծոյ տեսիլքներուն հմուտ եղող Զաքարիայի օրերը զԱստուած կը խնդրէր. և Տէրը խնդրած օրերը անոր յաջողութիւն կու տար։ 6Ու ելաւ Փղշտացւոց հետ ըրաւ. և Գէթի պարիսպը, Յաբնէի պարիսպը ու Ազովտոսի պարիսպը փլցուց. և Ազովտոսի գաւառին մէջ ու Փղշտացւոց ուրիշ երկիրներուն մէջ քաղաքներ շինեց։ 7Եւ Աստուած անոր օգնութիւն ըրաւ Փղշտացւոց դէմ, ու Գուր- բնակող Արաբացւոց դէմ ու Մաոնացւոց դէմ։ 8Եւ Ամմոնացիք Ոզիայի ընծաներ կու տային. ու անոր անունը մինչև Եգիպտոսի մուտքը տարածուեցաւ, քանզի անիկա խիստ ուժովցաւ։ 9Եւ Ոզիա Երուսաղէմի մէջ՝ Անկեան դրանը վրայ, ու Ձորի դրանը վրայ և պարսպին դարձուածքին վրայ աշտարակներ շինեց, ու զանոնք ամրացուց։ 10Եւ անապատին մէջ աշտարակներ շինեց, ու շատ ջրհորներ փորեց. քանզի անիկա դաշտի մէջ ու հովիտի մէջ շատ անասուններ, ու լեռնակողմը նաև Կարմեղոս լեռը երկրագործներ ու այգեգործներ ունէր. քանզի երկրագործութիւնը կը սիրէր։ 11Եւ Ոզիա՝ Յէիէլ դպրապետին ու Մաասիա ոստիկանին ձեռքով համրուած թիւին համեմատ, թագաւորին իշխաններէն Անանիայի ձեռքին տակ՝ գունդով պատերազմի ելլող զօրքեր ունէր։ 12Բոլոր զօրաւոր կտրիճներուն տոհմապետներուն թիւը երկու հազար վեց հարիւր էր։ 13Եւ անոնց ձեռքին տակ երեք հարիւր եօթը հազար հինգ հարիւր պատերազմող մարդ կար, որոնք մեծ ուժով կը պատերազմէին, ու թշնամիին դէմ թագաւորին օգնութիւն կ’ընէին։ 14Եւ Ոզիա այն բոլոր զօրքին համար վահաններ, նիզակներ, սաղաւարտներ, զրահներ, աղեղներ ու քարերու համար պարսեր պատրաստեց։ 15Ու անիկա Երուսաղէմի մէջ արուեստաւորներուն ճարտարութիւնովը մեքենաներ շինեց, որպէս զի նետեր ու մեծ քարեր նետելու համար՝ աշտարակներուն վրայ և անկիւններուն վրայ կենան. ու անոր անունը հեռու տեղեր տարածուեցաւ, վասն զի անիկա զարմանալի օգնութիւններ գտաւ, մինչև որ ուժովցաւ։

Ոզիա հպարտութեան համար կը պատժուի

16Բայց երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտանալով չարութիւն ըրաւ, և իր Տէր Աստուծոյն դէմ յանցանք գործեց. ու Տէրոջը տաճարը մտաւ, որպէս զի խունկի սեղանին վրայ ծխէ։ 17Եւ անոր ետևէն Ազարիա քահանան մտաւ, ու անոր հետ Տէրոջը ութսուն քահանաները՝ որոնք զօրաւոր մարդիկ էին. 18Եւ անոնք Ոզիա թագաւորին դէմ կեցան, ու անոր ըսին, Ով Ոզիա, քեզի չիյնար որ Տէրոջը խունկ ծխես, հապա Ահարոնեան քահանաներուն՝ որոնք խունկ ծխելու համար սրբուած են. սրբարանէն դուրս ելիր, քանզի յանցանք գործեցիր. ու այս բանին համար Տէր Աստուծմէ պատիւ պիտի չառնես։ 19Եւ Ոզիա բարկացաւ, ու անոր ձեռքը խունկ ծխելու համար բուրվառ կար. ու երբ քահանաներուն բարկացաւ, քահանաներուն առջև, Տէրոջը տանը մէջ խունկի սեղանին քով, անոր ճակատին վրայ բորոտութիւն երևցաւ։ 20Եւ Ազարիա քահանայապետը ու բոլոր քահանաները անոր նայեցան, և ահա անոր ճակատին վրայ բորոտութիւն կար, ու զանիկա շուտով անկէ հանեցին. ու անիկա ալ ելլելու արտորաց, քանզի Տէրը զանիկա զարկեր էր։ 21Եւ Ոզիա թագաւորը մինչև իր մահուան օրը բորոտած էր, ու զատ տան մը մէջ բորոտած կը նստէր, վասն զի Տէրոջը տունէն արգիլուեցաւ, ու անոր որդին Յովաթամ, թագաւորին տանը վրայ ըլլալով, երկրին ժողովուրդը կը դատէր։ 22Եւ Ոզիայի մնացորդ պատմութիւնը, առաջինը ու վերջինը, Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն գրեց։ 23Եւ Ոզիա իր հայրերուն հետ քնացաւ. ու զանիկա իր հայրերուն հետ թագաւորաց գերեզմաններուն դաշտին մէջ թաղեցին. վասն զի ըսին, Անիկա բորոտ է։ Եւ անոր որդին Յովաթամ անոր տեղ թագաւորեց։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)