Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

28

Յուդայի Աքազ թագաւորը

1Աքազ քսան տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և իր հօրը Դաւիթի պէս Տէրոջը առջև ուղղութիւն չըրաւ. 2Հապա Իսրայէլի թագաւորաց ճամբաներուն մէջ քալեց, ու Բահաղիմի ձուլածոյ կուռքեր շինեց։ 3Եւ անիկա Ենովմի որդւոյն ձորին մէջ կը ծխէր, ու իր որդիները կրակով այրեց՝ այն ազգերուն գարշելի սովորութիւններուն համեմատ, զորոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջևէն վռնտեց։ 4Եւ բարձր տեղերը, ու բլուրներու վրայ, և ամէն կանանչ ծառերու տակ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։

Սուրիոյ և Իսրայէլի հետ պատերազմ

5Եւ անոր Տէր Աստուածը զանիկա Ասորւոց թագաւորին ձեռքը մատնեց. ու զանիկա զարկին, և անկէ խիստ շատ գերիներ առին, ու Դամասկոս տարին. նաև Իսրայէլի թագաւորին ձեռքը մատնուեցաւ, որ զանիկա մեծ հարուածով զարկաւ։ 6Եւ Ռովմելայի որդին Փակէէ մէկ օրուան մէջ Յուդայէ հարիւր քսան հազար մարդ մեռցուց, որոնց ամէնն ալ զօրաւոր կտրիճներ էին. քանզի իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էին։ 7Ու Եփրեմէ Զեքրի անունով զօրաւոր մարդ մը թագաւորին որդին Մաասիան և պալատին հազարապետը Եզրիկամը ու թագաւորին փոխանորդը Եղկանան մեռցուց։ 8Եւ Իսրայէլի որդիները իրենց եղբայրներէն, կիներ ու տղաքներ ու աղջիկներ, երկու հարիւր հազար գերի առին. և անոնցմէ շատ աւարներ առին, ու աւարը տարին։

Ովդեդ մարգարէն

9Եւ հոն Տէրոջը մէկ մարգարէն կար Ովդեդ անունով, որ Սամարիա եկող զօրքին դիմաց ելաւ ու անոնց ըսաւ, Ահա ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը Յուդայի վրայ բարկանալուն համար՝ զանոնք ձեր ձեռքը մատնեց, ու մեռցուցիք զանոնք այնպիսի բարկութեամբ որ մինչև երկինք հասաւ։ 10Եւ հիմա կը մտածէք որ Յուդայի ու Երուսաղէմի որդիները ձեզի ծառաներ ու աղախիններ ընէք. չէ՞ որ ձեր Տէր Աստուծոյն առջև միայն դուք յանցաւոր կ’ըլլաք։ 11Ու հիմա ինծի մտիկ ըրէք, ու ետ դարձուցէք այն գերիները զորոնք ձեր եղբայրներէն առիք. քանզի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ է։ 12Ու Եփրեմի որդիներուն իշխաններէն Յօհանանի որդին Ազարիա, Մեսեղամօթի որդին Բարաքիա, Սեղղումի որդին Եզեկիա ու Ադդիայի որդին Ամեսայի պատերազմէն եկողներուն դէմ կեցան, 13Եւ անոնց ըսին, Գերիները հոս մի բերէք. քանզի մենք Տէրոջը առջև յանցաւոր ըլլալով՝ դուք կ’ուզէք ասիկա ալ մեր մեղքերուն ու մեր յանցանքներուն վրայ աւելցնել վասն զի մեր յանցանքը շատ է, ու Իսրայէլի վրայ սաստիկ բարկութիւն կայ։ 14Այն ատեն պատերազմականները իշխաններուն ու բոլոր ժողովքին առջև թողուցին գերիները ու աւարը։ 15Եւ իրենց անուններովը յիշուած մարդիկը ելան, ու գերիները առին, ու բոլոր մերկ եղողները աւարէն հագցուցին. անոնց հանդերձներ ու կօշիկներ հագցուցին, զանոնք կերցուցին խմցուցին ու իւղով օծեցին. և բոլոր տկարները էշերու վրայ հեծցնելով՝ Արմաւենեաց քաղաքը տարին անոնց եղբայրներուն քով, ու իրենք Սամարիա դարձան։

Աքազ Ասորեստանի օգնութիւնըկը խնդրէ

16Այն ատեն Աքազ թագաւորը Ասորեստանի թագաւորներուն պատգամ ղրկեց, որպէս զի իրեն օգնութիւն ընեն. 17Վասն զի Եդովմայեցիք նորէն եկեր էին, ու Յուդան զարնելով գերիներ տարեր էին։ 18Փղշտացիք ալ, դաշտի մէջ ու Յուդայի հարաւային կողմը եղող քաղաքներուն վրայ յարձակելով, Բեթսամիւսը, Այեղոնը, Գադերօթը, Սոքովը ու անոր գեղերը, և Թամնան ու անոր գեղերը, և Գամզովը ու անոր գեղերը առեր ու հոն բնակեր էին։ 19Վասն զի Տէրը Իսրայէլի թագաւորին Աքազի պատճառաւ Յուդան նկուն ըրաւ. որովհետև անիկա Յուդան գլխէ հանեց*, ու Տէրոջմէ ապստամբեցաւ։ 20Ու Ասորեստանի Թագղաթ-փաղասար թագաւորը անոր եկաւ, ու զանիկա նեղեց. բայց անոր օգնութիւն չըրաւ։ 21Քանզի թէպէտև Աքազ Տէրոջը տունէն ու թագաւորին և իշխաններուն տուներէն բաժիններ առաւ, ու Ասորեստանի թագաւորին տուաւ, բայց անիկա օգնութիւն չըրաւ անոր։

Աքազին մեղքերը

22Եւ իր նեղութեանը մէջ՝ ա՛լ աւելի Տէրոջը դէմ կը գործէր. այսպիսի մարդ մըն էր Աքազ թագաւորը. 23Ու անիկա զոհեր կը մատուցանէր Դամասկոսի աստուածներուն որոնք զինք զարկեր էին. քանզի ըսաւ, Ասորւոց թագաւորներուն աստուածներուն անոնց օգնութիւն ընելուն համար՝ անոնց զոհ մատուցանեմ, որպէս զի ինծի օգնութիւն ընեն. բայց անոնք իրեն ու բոլոր Իսրայէլի աւերումին պատճառ եղան։ 24Եւ Աքազ Աստուծոյ տանը անօթները ժողվեց, ու զանոնք կոտրտեց, և Տէրոջը տանը դռները գոցեց, ու Երուսաղէմի ամէն անկիւնները իրեն սեղաններ շինեց։ 25Եւ Յուդայի ամէն քաղաքներուն մէջ բարձր տեղեր շինեց, որպէս զի ուրիշ աստուածներու խունկ ծխէ, ու իր հայրերուն Տէր Աստուածը սրդողցուց։ 26Եւ անոր մնացորդ պատմութիւնը ու բոլոր վարմունքը, առաջինը ու վերջինը, ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գիրքին մէջ գրուած են։ 27Եւ Աքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ. ու զանիկա քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց Իսրայէլի թագաւորներուն գերեզմանոցը չտարին. և անոր որդին Եզեկիա անոր տեղ թագաւոր եղաւ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)