Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

31

Եզեկիա կրօնական կեանքը կը վերակազմէ

1Ու երբ այս ամէնը լմնցաւ, հոն գտնուող բոլոր Իսրայելացիք Յուդայի քաղաքները ելան, և բոլոր Յուդայի, Բենիամինի, Եփրեմի ու Մանասէի մէջ եղող արձանները կտոր կտոր ըրին, Աստարովթի կուռքերը կոտրտեցին, և բարձր տեղերը ու սեղանները փլցուցին, այնպէս որ բան մը չթողուցին. ետքը Իսրայէլի որդիները, ամէն մարդ իր ժառանգութիւնը, իրենց քաղաքները, դարձան։ 2Ու Եզեկիա քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերը հաստատեց իրենց կարգերուն համեմատ, թէ՛ քահանաներուն և թէ՛ Ղեւտացիներուն, ամէն մէկուն գործին նայելով, ողջակէզներու ու խաղաղութեան զոհերու համար, ու Տէրոջը *սրահներուն դռներուն մէջ պաշտելու, գովելու ու օրհնութիւն երգելու համար։ 3Նաև իր ստացուածքէն ողջակէզներուն համար, այսինքն, Տէրոջը օրինաց գիրքին մէջ գրուածին պէս, առաւօտեան ու երեկոյեան ողջակէզներուն համար, և շաբաթներուն ու ամսագլուխներուն ու հանդիսաւոր տօներուն ողջակէզներուն համար, թագաւորին բաժինը որոշեց։ 4Ու Երուսաղէմի մէջ բնակող ժողովուրդին հրամայեց որ քահանաներուն ու Ղևտացիներուն բաժինը տան, որպէս զի անոնք Տէրոջը օրէնքը կատարելու մէջ զօրանան։ 5Ու երբ այս հրամանը հրատարակուեցաւ, Իսրայէլի որդիները ցորենին, գինիին, իւղին, մեղրին և բոլոր անդաստանաց բերքերուն երախայրիները առատութեամբ բերին, ու ամէն բանին տասանորդը առատապէս բերին։ 6Եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլի ու Յուդայի որդիները՝ անոնք ալ արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդները, և իրենց Տէր Աստուծոյն նուիրած սուրբ բաներուն տասանորդները բերին ու դիզեցին։ 7Անոնք երրորդ ամսուն մէջ սկսան դիզել, և եօթներորդ ամսուն մէջ լմնցուցին։ 8Ու Եզեկիա ու իշխանները եկան, ու երբ այն դէզերը տեսան՝ Տէրը ու անոր ժողովուրդը օրհնեցին։ 9Ու Եզեկիա այն դէզերուն համար քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն հարցուց։ 10Եւ Սադովկի տունէն եղող մեծ քահանան Ազարիա անոր պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Քանի որ ընծաները Տէրոջը տունը բերելու սկսան՝ կերանք, կշտացանք ու խիստ շատ աւելցաւ, վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը օրհնեց. ու աւելցածը այս առատութիւնն է։ 11Ու Եզեկիա հրամայեց որ Տէրոջը տանը մէջ շտեմարաններ պատրաստեն. ու պատրաստեցին։ 12Եւ ընծաները ու տասանորդները ու սուրբ բաները հաւատարմութեամբ ներս տարին. և անոնց վերակացուն Ղևտացի Քոնոնիա էր, ու անոր եղբայրը Սեմէի անոր փոխանորդն էր. 13Եւ Յեքիէլ, Ազազիա, Նահաթ, Ասայէլ, Յերիմովթ, Յովզաբադ, Եղիէլ, Յեսմաքիա, Մաաթ ու Բանեա՝ Քոնոնիայի ու անոր եղբօրը Սեմէիի ձեռքին տակ՝ Եզեկիա թագաւորին ու Տէրոջը տանը առաջնորդին, Ազարիայի, հրամանով վերակացուներ էին։ 14Եւ արևելեան կողմին դռնապանը, Ղևտացի Յեմնայի որդին Կովրէ, Տէրոջը բարձրացնելու ընծաները ու ամենասուրբ բաները բաժնելու համար՝ Աստուծոյ կամաւոր ընծաներուն վրայ էր. 15Եւ անոր հրամանին տակ քահանայից քաղաքներուն մէջ՝ Եդենի, Մինիամինի, Յեսուի, Սեմայիայի, Ամարիայի ու Սեքենիայի յանձնուած էր, իրենց եղբայրներուն, մեծին ու պզտիկին, դասակարգութեանը նայելով ընծաներ բաժնելը. 16Նաև ազգահամարին մէջ գրուած երեք տարուընէ վեր եղող բոլոր արուներուն, որոնք օրէ օր Տէրոջը տունը կը մտնէին իրենց պահպանութիւններուն մէջ, իրենց դասակարգութիւններուն համեմատ իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար. 17Ու նաև ազգահամարին մէջ գրուած քահանաներուն, իրենց ազգատոհմներուն համեմատ, ու քսան տարեկանէն վեր եղող Ղևտացիներուն, իրենց պահպանութիւններուն ու իրենց դասակարգութիւններուն մէջ. 18Նաև ազգահամարին մէջ գրուած անոնց ամէն ընտանիքներուն, կիներուն, տղաքներուն ու աղջիկներուն, այսինքն անոնց բոլոր ժողովքին. քանզի հաւատարմութեամբ կը սրբուէին։ 19Եւ անոնց քաղաքներուն արուարձանաց արտերուն մէջ եղող Ահարոնի որդիներուն, քահանաներուն, համար՝ ամէն քաղաքի մէջ իրենց անուններովը յիշուած մարդիկ կային, որոնք քահանաներուն բոլոր արուներուն ու Ղևտացւոց ազգահամարին մէջ բոլոր գրուածներուն բաժիններ կու տային։ 20Ու Եզեկիա բոլոր Յուդայի մէջ այսպէս ըրաւ, և իր Տէր Աստուծոյն առջև , ուղիղ ու ճշմարիտ եղածը ըրաւ։ 21Եւ իր ամէն ձեռք զարկած գործը, թէ՛ Աստուծոյ տանը ծառայութեանը համար և թէ՛ օրէնքին ու պատուիրանքին համար, իր բոլոր սրտովը իր Աստուածը փնտռելով ըրաւ ու յաջողեցաւ։ ԳԼՈՒԽ ԼԲ - 32

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981