Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

33

Յուդայի Մանասէ թագաւորը

1Մանասէ տասուերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ: 2Եւ անիկա Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջևէն վռնտած ազգերուն գարշելի գործերուն պէս Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ: 3Ու անիկա իր հօրը Եզեկիայի կործանած բարձր տեղերը նորէն շինեց, ու Բահաղիմի սեղաններ կանգնեց, և Աստարովթի կուռքեր շինեց. ու երկինքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրաւ, և անոնց ծառայութիւն ըրաւ. 4Ու սեղաններ շինեց Տէրոջը տանը մէջ, որու համար Տէրը ըսած էր թէ Իմ անունս յաւիտեան Երուսաղէմի մէջ պիտի ըլլայ: 5Ու Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ երկինքի բոլոր զօրութիւններուն սեղաններ շինեց. 6Եւ անիկա Ենովմի որդւոյն ձորին մէջ իր որդիները կրակէ անցուց, ու գուշակութիւն, հմայութիւն և դիւթութիւն կ’ընէր, և վհուկներ ու նշանագէտներ ունէր. և Տէրոջը առջև շատ չարութիւն ըրաւ, ու զանիկա բարկացուց: 7Եւ իր շինած քանդակեալ կուռքը Աստուծոյ տունը դրաւ, որու համար Դաւիթի ու անոր որդւոյն Սողոմոնի ըսեր էր, Իմ անունս այս տանը մէջ ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն իմ ընտրած Երուսաղէմիս մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան. 8Եւ Իսրայէլի ոտքը մէյմըն ալ պիտի չշարժեմ այդ երկրէն որուն մէջ ձեր հայրերը հաստատեցի. միայն թէ անոնք զգուշութեամբ ի գործ դնեն այն բոլոր օրէնքը, կանոնները ու դատաստանները զորոնք Մովսէսի ձեռքով անոնց պատուիրեցի: 9Բայց Մանասէ Յուդան ու Երուսաղէմի բնակիչները այնպէս մոլորցուց, որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջևէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին: 10Եւ Տէրը Մանասէի ու անոր ժողովուրդին խօսեցաւ, բայց անոնք մտիկ չըրին:

Մանասէն կը զղջայ

11Եւ Տէրը անոնց վրայ Ասորեստանի թագաւորին զօրագլուխները բերաւ. ու Մանասէն կարթերով բռնեցին, և զանիկա ոտնակապերով կապեցին ու Բաբելոն տարին: 12Ու անիկա իր նեղութեան ատենը իր Տէր Աստուծոյն երեսը խնդրեց. և իր հայրերուն Աստուծոյն առջև մեծապես խոնարհեցաւ, 13Ու անոր ըրաւ. և Տէրը անոր աղօթքը ընդունեց ու աղաչանքը լսեց, ու զանիկա իր թագաւորութեանը դարձուց: Այն ատեն Մանասէ իմացաւ որ Եհովա է Աստուած: 14Եւ ասկէ ետքը Դաւիթի քաղաքին դուրսը, Գեհոնի արևմտեան կողմը հեղեղատին մէջ, ու մինչև Ձկանց դրանը բերանը պարիսպ մը շինեց, Ոփաղն ալ մէջը առնելով, ու զանիկա շատ բարձրացուց, և Յուդայի բոլոր պարսպաւոր քաղաքներուն մէջ զօրքի իշխաններ դրաւ: 15Ու օտար աստուածները ու կուռքը Տէրոջը տունէն վերցուց, ու Տէրոջը տանը լեռանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ իր շինած բոլոր սեղանները վերցուց և քաղաքէն դուրս նետեց: 16Ու Տէրոջը սեղանը շինեց. և անոր վրայ խաղաղութեան ու շնորհակալութեան զոհեր մատուց. և Յուդայի պատուիրեց որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ընեն: 17Սակայն ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ կը մատուցանէին, բայց միայն իրենց Տէր Աստուծոյն:

Մանասէին թագաւորութեան վախճանը

18Եւ Մանասէի մնացորդ պատմութիւնը, ու իր Աստուծոյն ըրած աղօթքը, ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոր խօսող տեսանողներուն խօսքերը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 19Ու անոր աղօթքը և ընդունուիլը ու անոր բոլոր մեղքը ու յանցանքը, և այն տեղերը՝ ուր իր դարձի գալէն առաջ բարձր տեղեր շինեց ու Աստարովթի կուռքեր ու քանդակուած կուռքեր կանգնեց, ահա Հոզայի ժամանակագրութեան մէջ գրուած են: 20Եւ Մանասէ իր հայրերուն հետ քնացաւ. ու զանիկա իր տանը մէջ թաղեցին. և անոր տեղ անոր որդին Ամոն թագաւոր եղաւ:

Յուդայի Ամոն թագաւորը

21Ամոն քսանուերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ: 22Ու Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ իր հօրը Մանասէի ըրածին պէս. և իր հօրը Մանասէի շինած բոլոր կուռքերուն Ամոն զոհ մատուց, ու անոնց ծառայութիւն ըրաւ: 23Բայց Տէրոջը առջև չխոնարհեցաւ, ինչպէս իր հայրը Մանասէ խոնարհեր էր. մանաւանդ այս Ամոնը աւելի յանցանք գործեց: 24Եւ իր ծառաները դաւաճանութիւն ըրին իրեն դէմ, ու զանիկա իր տանը մէջ մեռցուցին: 25Ու երկրին ժողովուրդը Ամոն թագաւորին դէմ դաւաճանութիւն ընողներուն ամէնը մեռցուցին. ու երկրին ժողովուրդը անոր որդին Յովսիան անոր տեղ թագաւոր դրին:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981