Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

35

Յովսիա զատիկը կը տօնէ

1Եւ Յովսիա Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը զատիկ ըրաւ. ու զատիկը առաջին ամսուն չորեքտասաներորդ օրը մորթեցին։ 2Եւ քահանաները իրենց պահպանութեանը վրայ կայնեցուց, ու զանոնք Տէրոջը տանը ծառայութիւնը ընելու քաջալերեց։ 3Եւ բոլոր Իսրայէլի սորվեցնող ու Տէրոջը նուիրուած Ղևտացիներուն ըսաւ, Սուրբ տապանակը Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթի որդւոյն Սողոմոնի, շինած տունը դրէք, ձեր ուսերուն վրայ բեռ չըլլայ. ու հիմա ձեր Տէր Աստուծոյն ու անոր ժողովուրդին Իսրայէլի ծառայութիւն ըրէք։ 4Եւ ձեր ազգատոհմներովը ու ձեր դասերովը՝ Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթի գրածին պէս ու անոր որդւոյն Սողոմոնի գրածին պէս պատրաստ եղէք։ 5Եւ ձեր եղբայրներուն, ժողովուրդին որդւոցը տոհմերուն, որոշմունքներուն համեմատ ու Ղևտացւոց ազգատոհմներուն բաժանմունքներուն համեմատ սրաբարանին մէջ կայնեցէք. 6Եւ զատիկը մորթեցէք ու սրբուեցէք, ու զանիկա ձեր եղբայրնեուն համար պատրաստեցէք, որպէս զի անոնք Տէրոջը Մովսէսի ձեռքով ըսած խօսքին պէս ընեն։ 7Եւ Յովսիա բոլոր հոն գտնուող ժողովուրդին որդիներուն՝ հօտերէն երեսուն հազար գառ ու այծի ձագ պարգևեց, ամէնն ալ զատկի համար, նաև երեք հազար արջառ. ասոնք թագաւորին ստացուածքէն էին։ 8Իր իշխաններն ալ ժողովուրդին, քահանաներուն ու Ղևտացիներուն յօժարութեամբ պարգև տուին. Աստուծոյ տանը իշխանները, Քեղկիա, Զաքարիա ու Յեքիէլ, զատկի համար երկու հազար վեց հարիւր գառ ու երեք հարիւր արջառ քահանաներուն տուին։ 9Եւ Քոնոնիա ու անոր եղբայրները, Սեմայիա ու Նաթանայէլ, ու Ղևտացւոց իշխանները, Ասաբիա, Յէիէլ և Յովզաբադ, զատկի համար Ղևտացիներուն հինգ հազար գառ ու հինգ հազար արջառ պարգևեցին։ 10Եւ պաշտօնը պատրաստուեցաւ. ու թագաւորին հրամայածին պէս, քահանաները իրենց կարգին համեմատ ու Ղևտացիները իրենց դասերուն համեմատ կայնեցան. 11Եւ զատիկը կը մորթէին, ու քահանաները անոնց ձեռքէն արիւնը առնելով կը սրսկէին. իսկ Ղևտացիները մորթը կը հանէին, 12Եւ ողջակէզ ըլլալու մասերը կը զատէին, ու զանոնք ժողովուրդին որդիներուն, ազգատոհմներուն համեմատ, կը բաժնէին, որպէս զի Տէրոջը մատուցանեն Մովսէսի գիրքին մէջ գրուածին պէս. արջառներուն ալ այսպէս կ’ընէին։ 13Եւ զատիկը ըստ սովորութեան կրակով խորովեցին. բայց նուիրուած բաները կաթսաներով, սաներով ու տապակներով եփեցին, ու շուտով բաժնեցին զանոնք բոլոր ժողովուրդին որդիներուն։ 14Եւ իրենց ու քահանաներուն համար ետքը պատրաստեցին. քանզի Ահարոնի որդիները, քահանաները, մինչև գիշեր ողջակէզները ու ճարպերը մատուցանելու զբաղած էին. ուստի Ղևտացիները իրենց համար և Ահարոնի որդիներուն, քահանաներուն, համար պատրսատեցին։ 15Իսկ Ասափի որդիները, երգեցողները, Դաւիթի ու Ասափի ու Եմանի և թագաւորական տեսանող Իդիթունի պատուիրածին համեմատ իրենց տեղը՝ ու դռնապանները ամէն մէկ դուռը կայներ էին. պէտք չեղաւ որ իրենց պաշտօնէն զատուին. վասն զի անոնց համար անոնց եղբայրները, Ղևտացիները կը պատրաստէին։ 16Եւ Յովսիա թագաւորին հրամայածին պէս՝ այն օրը Տէրոջը ամէն պաշտօնը կարգի դրուեցաւ, զատիկը ընելու ու ողջակէզները Տէրոջը սեղանին վրայ մատուցանելու համար։ 17Եւ այն ատեն հոն գտնուող Իսրայէլի որդիները զատիկը ու բաղարջակերաց տօնը եօթը օր ըրին։ 18Եւ մարգարէին օրերէն ի վեր Իսրայէլի մէջ ասոր պէս զատիկ մը չեղաւ. ու Յովսիայի ու քահանաներուն ու Ղևտացիներուն և բոլոր հոն գտնուող Յուդայի ու Իսրայէլի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըրած զատկին պէս Իսրայէլի բոլոր թագաւորները ըրած չէին։ 19Այս զատիկը Յովսիայի թագաւորութեան տասնըութերորդ տարին եղաւ։

Յովսիայի թագաւորութեան վախճանը

20Այս ամէն բաներէն ետքը, ու Յովսիայի տաճարին կարգադրութիւնը հաստատելէն ետքը, Եգիպտոսի Նեքաւով թագաւորը Եփրատի քով Քարքամիս քաղաքին դէմ պատերազմելու ելաւ. ու Յովսիա զանիկա դիմաւորելու գնաց։ 21Իսկ անիկա դեսպաններ ղրկեց անոր ու ըսաւ, Ով Յուդայի թագաւոր, դուն ինծի հետ ի՞նչ գործ ունիս, ես այսօր քեզի դէմ ելած չեմ, հապա ինծի հետ ընող տանը դէմ. ու ինծի հրամայեց որ շուտով ընեմ. ինծի հետ եղող Աստուծմէն ետ կեցիր, որպէս զի քեզ չկորսնցնէ։ 22Բայց Յովսիա իր երեսը անկէ չդարձուց, հապա անոր հետ պատերազմելու համար իր հագուստը փոխեց*, ու մտիկ չըրաւ Նեքաւովի խօսքը, որ Աստուծոյ բերնէն էր, ու Մակեդդովի հովիտը պատերազմելու գնաց։ 23Եւ աղեղնաւորները Յովսիա թագաւորը նետով զարկին, ու թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ, Զիս վերցուցէք ասկէ, վասն զի սաստիկ վիրաւորուեցայ։ 24Եւ իր ծառաները զանիկա կառքէն հանեցին, ու իր երկրորդ կառքը հեծցնելով տարին. և անիկա մեռաւ, ու իր հայրերուն գերեզմաններուն մէջ թաղուեցաւ, և բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմ Յովսիայի վրայ սուգ ըրին։ 25Ու Երեմիա Յովսիայի վրայ ողբ ըսաւ, ու բոլոր երգեցողները, այրեր և կիներ, մինչև այսօր իրենց ողբերուն մէջ Յովսիան կը յիշեն, ու զանոնք երգելու սովորութիւնը Իսրայէլի մէջ մտցուցին. և ահա ողբերուն մէջ գրուած են։ 26Եւ Յովսիայի մնացորդ պատմութիւնը, ու անոր՝ Տէրոջը օրէնքին մէջ գրուածին համեմատ ըրած բարեգործութիւնը, 27Եւ անոր առաջին ու վերջին պատմութիւնը ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներուն գիրքին մէջ գրուած են։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)