Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

36

Յուդայի Յովաքազ թագաւորը

1Ու երկրին ժողովուրդը Յովսիայի որդին Յովաքազը առին, ու զանիկա իր հօրը տեղ Երուսաղէմի մէջ թագաւոր դրին։ 2Յովաքազ քսանուիրեք տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ 3Ու Եգիպտոսի թագաւորը զանիկա Երուսաղէմի մէջ աթոռէն վար առաւ, ու երկրին վրայ հարիւր տաղանդ արծաթ ու մէկ տաղանդ հարկ դրաւ։ 4Ու Եգիպտոսի թագաւորը անոր եղբայրը Եղիակիմը Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ թագաւոր դրաւ, և անոր անունը Յովակիմի փոխեց. ու Նեքաւով անոր եղբայրը Յովաքազը առաւ ու տարաւ։

Յուդայի Յովակիմ թագաւորը

5Յովակիմ քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անիկա իր Տէր Աստուծոյն առջև չարութիւն ըրաւ։ 6Անոր վրայ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ելաւ, ու զանիկա Բաբելոն տանելու համար ոտնակապերով կապեց։ 7Եւ Նաբուգոդոնոսոր Տէրոջը տանը անօթներէն առաւ, ու Բաբելոն տարաւ, ու զանոնք Բաբելոն իր տաճարին մէջ դրաւ։ 8Եւ Յովակիմի մնացորդ պատմութիւնը, ու անոր ըրած գարշութիւնները, և անոր վրայ գտնուածը ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներուն գիրքին մէջ գրուած են. ու անոր տեղ անոր որդին Յովաքին թագաւոր եղաւ։

Յուդայի Յովաքին թագաւորը

9Յովաքին տասնըութ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս ու տասը օր թագաւորեց. և անիկա Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ։ 10Ու հետևեալ տարին Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զօրք ղրկեց, ու զանիկա Տէրոջը տաճարին պատուական սպասներովը Բաբելոն բերել տուաւ. և Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ անոր հօրը եղբայրը Սեդեկիան թագաւոր դրաւ։

Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը

11Սեդեկիա քսանըմէկ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 12Եւ անիկա իր Տէր Աստուծոյն առջև չարութիւն ըրաւ. ու Տէրոջը բերնէն խօսող Երեմիա մարգարէին առջև չխոնարհեցաւ.

Երուսաղէմի անկումը

13Ու նաև ապստամբեցաւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորէն, որ անոր ընել տուեր էր Աստուծոյ անունովը, ու իր պարանոցը խստացուց ու իր սիրտը կարծրացուց՝ որպէս զի Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն չդառնայ։ 14Քահանաներուն բոլոր իշխանները ու ժողովուրդն ալ ազգերուն բոլոր գարշութիւններուն հետևելով՝ խիստ շատ անօրէնութիւններ ըրին, ու Տէրոջը Երուսաղէմի մէջ սրբած տունը պղծեցին։ 15Եւ անոնց հայրերուն Տէր Աստուածը՝ իր ժողովուրդին ու իր բնակարանին խնայելուն համար, իր պատգամաւորներուն ձեռքով մեծ փութով* ազդարարություններ կը ղրկէր: 16Բայց անոնք Աստուծոյ ղրկած պատգամաւորները կ’անարգէին, անոր խօսքերը կ’արհամարհէին ու անոր մարգարէները ծաղր կ’ընէին, մինչև որ Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ, այնպէս որ ա՛լ բժշկութիւն չմնաց։ 17Եւ անոնց վրայ Քաղդէացւոց թագաւորը հանեց, անիկա ալ անոնց երիտասարդները անոնց սրբարանին մէջ սրով մեռցուց. ու երիտասարդին ու կոյսին, ծերին ու ալևորին չխնայեց, ամէնն ալ Տէրը անոր ձեռքը մատնեց։ 18Եւ Աստուծոյ տանը բոլոր մեծ ու պզտիկ անօթները, ու Տէրոջը տանը գանձերը, և թագաւորին ու անոր իշխաններուն գանձերը՝ ամէնն ալ Բաբելոն տարաւ։ 19Եւ Աստուծոյ տունը այրեցին, ու Երուսաղէմի պարիսպը փլցուցին, ու անոր ամէն պալատները կրակով այրեցին, ու բոլոր գեղեցիկ բաները աւրեցին։ 20Եւ սուրէն փախած մնացորդները Բաբելոն գերի տարաւ, ու մինչև Պարսից թագաւորութեանը հաստատուիլը, անոր և անոր որդիներուն ծառաներ եղան, 21Որպէս զի Երեմիայի բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի, մինչև երկիրը իր շաբաթները վայելէ։ Իր աւերման բոլոր օրերը պահեց՝ մինչև եօթանասուն տարիին լմննալը։

Կիւրոս հրեաներուն վերադարձը կ’արտօնէ

22Եւ Պարսից Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, Երեմիայի բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքին կատարուելուն համար*, Տէրը Պարսից Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց, ու անիկա իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ հրատարակել տուաւ, ու նաև հրովարտակ գրեց՝ ըսելով։ 23Այսպէս կ’ըսէ Կիւրոս, Պարսից թագաւորը, Երկինքի Եհովա Աստուածը երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ, ու անիկա ինծի պատուիրեց որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր մը շինեմ։ Ձեր մէջ ով որ անոր բոլոր ժողովուրդէն է, իր Եհովա Աստուածը իրեն հետ ըլլայ, ու թող ելլէ։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)