Երկրորդ Մնացորդաց գիրք

6

Սողոմոն ժողովուրդին կը խօսի

1Այն ատեն ըսաւ, Տէրը ըսաւ որ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի: 2Բայց ես քեզի բնակութեան համար , ու յաւիտեան քու նստելուդ համար տեղ շինեցի: 3Եւ թագաւորը իր երեսը դարձուց, ու Իսրայէլի բոլոր ժողովքը օրհնեց. ու Իսրայէլի բոլոր ժողովքը ոտքի վրայ կայներ էին: 4Եւ անիկա ըսաւ, Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ իր բերնով իմ հօրս Դաւիթի տուաւ, ու իր ձեռքով կատարեց. քանզի ըսաւ, 5Իմ ժողովուրդս Եգիպտոսի երկրէն հանած օրէս ի վեր Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն բնաւ մը չընտրեցի տուն շինելու համար, որպէս զի իմ անունս հոն ըլլայ, ու մարդ մը չընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ ըլլայ. 6Հապա Երուսաղէմը ընտրեցի, որպէս զի իմ անունս հոն ըլլայ. ու Դաւիթը ընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ: 7Եւ իմ հայրս միտք ունէր որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անուանը տուն մը շինէ. 8Բայց Տէրը իմ հօրս Դաւիթի ըսաւ, Որովհետև դուն միտքդ դրիր որ իմ անուանս տուն շինես, աղէկ ըրիր որ այս բանը միտքդ դրիր. 9Սակայն տունը դուն պիտի չշինես. հապա քու որդիդ որ քու երանքէդ պիտի ելլէ, անիկա իմ անուանս՝ տունը պիտի շինէ: 10Եւ հիմա Տէրը իր ըսած խօսքը կատարեց, ու ես իմ հօրս Դաւիթի տեղ յաջորդեցի, ու Տէրոջը ըսածին պէս Իսրայէլի աթոռը նստայ, ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անուանը՝ այս տունը շինեցի: 11Եւ հոն դրի տապանակը, որուն մէջ է Տէրոջը ուխտը զոր Իսրայէլի որդիներուն հետ ըրաւ:

Սողոմոնին աղօթքը

12Ու Տէրոջը սեղանին առջև՝ Իսրայէլի բոլոր ժողովքին դիմաց կայնելով ձեռքերը տարածեց. 13(Քանզի Սողոմոն պղնձէ խարիսխ մը շինելով՝ զանիկա գաւիթին մէջտեղը դրեր էր. անոր երկայնութիւնը հինգ կանգուն, ու լայնութիւնը հինգ կանգուն, ու բարձրութիւնը երեք կանգուն էր. և ինք անոր վրայ կայնեցաւ, ու Իսրայէլի բոլոր ժողովքին առջև ծունկ կրկնեց, և ձեռքերը դէպ ի երկինք տարածեց.) 14Եւ ըսաւ, Ով Տէր Իսրայէլի, երկինքի մէջ ու երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջևդ իրենց բոլոր սրտովը քալող ծառաներուդ հետ ուխտ ու ողորմութիւն կը պահես. 15Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթի, ըրած խոստմունքդ պահեցիր, ու բերնովդ ըսածդ ձեռքովդ կատարեցիր, ինչպէս այսօր կ’երևնայ: 16Եւ հիմա, ով Տէր Աստուած Իսրայէլի, պահէ այն խոստմունքդ զոր քու ծառայիդ իմ հօրս Դաւիթի ըրիր, ու ըսիր, Իմ առջևս Իսրայէլի աթոռին վրայ նստող մարդ քեզմէ պակաս պիտի չըլլայ. միայն թէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն, ու իմ օրէնքիս մէջ քալեն, ինչպէս դուն իմ առջևս քալեցիր: 17Եւ հիմա, ով Տէր Աստուած Իսրայէլի, թող քու ծառայիդ Դաւիթի ըսած խօսքդ հաստատուի: 18Բայց միթէ Աստուած իրաւցընէ երկրի վրայ մարդոց հետ պիտի բնակի՞. ահա երկինք ու երկնից երկինք քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս: 19Սակայն, ով Տէր Աստուած իմ, քու ծառայիդ աղօթքին ու խնդրուածքին նայէ, որպէս զի քու ծառայիդ այսօր քու առջևդ ըրած պաղատանքը ու աղօթքը լսես. 20Որպէս զի այս տանը վրայ ցորեկ ու գիշեր քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ՝ որու համար ըսիր թէ քու անունդ հոն պիտի դնես. այնպէս որ այս տեղ քու ծառայիդ ըրած աղօթքը լսես: 21Ուրեմն քու ծառայիդ և քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի այս տեղ ըրած աղօթքները լսես. այս, քու բնակութեանդ տեղէն, երկինքէն, լսես, ու լսած ատենդ ներես: 22Եթէ մէկը իր ընկերին դէմ մեղանչէ, ու ան ալ ընել տալու համար անոր երդում առաջարկէ, ու երդումը այս տունը քու սեղանիդ առջև գայ, 23Այն ատեն դուն երկինքէն լսես ու կատարես, ու քու ծառաներդ դատես, և յանցաւորը դատապարտես, ու անոր ըրածը անոր գլուխը բերես. և արդարը արդարացնես, ու անոր արդարութեանը չափովը անոր հատուցում ընես: 24Եւ եթէ քու ժողովուրդդ , քեզի դէմ մեղանչելնուն համար, իրենց թշնամիներուն առջև յաղթուին, ու քեզի դառնան և քու անուանդ տան, ու այս տան մէջ քու առջևդ ու աղաչանք ընեն, 25Այն ատեն դուն երկինքէն լսես, և քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներես. ու անոնց և անոնց հայրերուն տուած երկիրդ դարձնես զանոնք: 26Եթէ անոնց քեզի դէմ գործելուն համար երկինք գոցուի ու անձրև չգայ, ու անոնք այս տեղ քեզի աղօթք ընեն և քու անուանդ փառք տան, ու զանոնք նեղելուդ համար իրենց մեղքերէն դառնան, 27Այն ատեն դուն երկինքէն լսես, և քու ծառաներուդ ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներես, որպէս զի անոնց սորվեցնես այն աղէկ ճամբան՝ որուն մէջ պիտի քալեն. ու քու ժողովուրդիդ ժառանգութիւն տուած երկրիդ վրայ անձրև տաս: 28Եթէ երկրի վրայ սով, կամ ժանտախտ, կամ խորշակահարութիւն, կամ արմտեաց դալուկ, կամ մարախ, կամ թրթուր ըլլայ, կամ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց բնակած երկրին մէջ նեղեն, կամ որևիցէ հարուած կամ հիւանդութիւն ըլլայ, 29Քու բոլոր ժողովուրդէդ Իսրայէլէ որևիցէ մարդ աղօթք մը ու խնդրուածք մը ընելու ըլլայ, ու իւրաքանչիւր մարդ իր ախտը ու ցաւը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպ ի այս տունը երկնցնէ, 30Այն ատեն դուն երկինքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսես ու ներես. և ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ընես, անոր սիրտը գիտնալուդ համար. վասն զի մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն գիտես. 31Որպէս զի քեզմէ վախնան ու քու ճամբաներուդ մէջ քալեն բոլոր իրենց օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տուած երկրիդ վրայ պիտի ապրին: 32Ու քու ժողովուրդէդ Իսրայէլէ չեղող, և հեռաւոր երկրէ մը քու մեծ անուանդ համար և զօրաւոր ձեռքիդ համար ու բարձր բազուկիդ համար եկող օտարականն ալ եթէ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ, 33Դուն երկինքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսես, և օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրուածքը կատարես, որպէս զի երկրի ամէն ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան, ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի պէս քեզմէ վախնան, և գիտնան թէ այս իմ շինած տանս վրայ քու անունդ կոչուած է: 34Երբ քու ժողովուրդդ իր թշնամիին դէմ պատերազմի երթայ այն ճամբով որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք այս քու ընտրած քաղաքիդ, ու քու անուանդ համար այս իմ շինած տանս կողմը նայելով՝ քեզի աղօթք ընեն, 35Երկինքէն անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսես, և անոնց ընես: 36Երբ քեզի դէմ մեղք գործեն, (քանզի մեղք չգործող մարդ չկայ,) ու անոնց բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես, ու անոնց գերեվարները հեռու կամ մօտ մը գերի տանին զանոնք, 37Եթէ այն իրենց գերութեան երկրին մէջ զեղջի գան ու դառնան, և իրենց գերութեան երկրին մէջ քեզի աղաչեն ու ըսեն, Մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ու անիրաւութիւն ըրինք. 38Եւ եթէ անոնք իրենց գերութեան երկրին մէջ, ուր գերի տարուած են, իրենց բոլոր սրտովը ու իրենց բոլոր հոգւովը քեզի դառնան, ու իրենց երկրին, զոր իրենց հայրերուն տուիր, և քու ընտրած քաղաքիդ, ու քու անուանդ համար իմ շինած տանս կողմը նայելով աղօթք ընեն, 39Դուն երկինքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսես, ու անոնց իրաւունք ընես, և քու ժողովուրդիդ քեզի դէմ ըրած մեղքը ներես: 40Հիմա, ով Աստուած իմ, այս տեղ մատուցուած աղօթքին թող քու աչքերդ բաց ըլլան, ու քու ականջներդ մտիկ ընեն: 41Եւ հիմա, ով Տէր Աստուած, քու հանգստութեանդ տեղը ելիր, դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը. ով Տէր Աստուած, քու քահանաներդ փրկութիւն հագնին, և քու սուրբերդ բարութիւնով ուրախանան: 42Ով Տէր Աստուած, քու օծեալիդ երեսը մի անարգեր, հապա քու ծառայիդ Դաւիթի ըրած ողորմութիւններդ յիշէ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)