Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
7
Տաճարին նուիրումը
1Ու երբ Սողոմոն իր աղօթքը լմնցուց, երկինքէն կրակ իջաւ, ու ողջակէզները և զոհերը սպառեց, ու Տէրոջը փառքը տունը լեցուց: 2Եւ քահանաները չէին կրնար Տէրոջը տունը մտնել, քանզի Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր: 3Ու բոլոր Իսրայէլի որդիները կրակին իջնելը և տանը վրայ Տէրոջը փառքին հանգչիլը կը տեսնէին. ու երեսի վրայ գետինը իյնալով՝ քարայատակին վրայ երկրպագութիւն ըրին, ու Տէրը օրհնեցին, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է: 4Եւ թագաւորը ու բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը առջև զոհեր կը մատուցանէին: 5Եւ Սողոմոն թագաւորը քսանուերկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհ ըրաւ. այսպէս թագաւորը ու բոլոր ժողովուրդը Աստուծոյ տանը նաւակատիքը ըրին: 6Եւ քահանաները իրենց պահպանութեանը համեմատ կը կայնէին, ու Ղևտացիները Տէրոջը երգոց նուագարաններովը, զորոնք Դաւիթ թագաւորը շիներ էր Տէրը գովելու համար, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է, երբ Դաւիթ անոնց ձեռքով Տէրը օրհնեց. ու քահանաները անոնց դիմաց փողերը կը հնչեցնէին, ու բոլոր Իսրայէլ ոտքի վրայ կայներ էր: 7Եւ Սողոմոն Տէրոջը տանը առջև եղող գաւիթին մէջտեղը սրբեց, քանզի ողջակէզները ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուց. որովհետև Սողոմոնի շինած պղնձէ սեղանը՝ ողջակէզները ու հացի ընծաները ու ճարպերը չէր կրնար պարունակել: 8Եւ այն ատեն Սողոմոն ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ, խիստ մեծ ժողով մը, Եմաթի մուտքէն մինչև Եգիպտոսի հեղեղատը եօթը օր տօն ըրին: 9Եւ ութերորդ օրը մեծ ժողովք ըրին. քանզի եօթը օր սեղանին նաւակատիքը ու եօթը օր տօնը կատարեցին: 10Ու եօթներորդ ամսուն քսանուիրեքերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց, որոնք իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բարիքներուն համար՝ զորոնք Տէրը Դաւիթի, Սողոմոնի ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին ըրէր էր:
Աստուած կրկին Սողոմոնին կ’երևի
11Եւ Սողոմոն Տէրոջը տունը ու թագաւորական տունը լմնցուց. ու Տէրոջը տանը մէջ և իր տանը մէջ Սողոմոնի սիրտը ինչ որ շինել ուզեց, ամէնն ալ յաջողեցաւ: 12Ու Տէրը գիշերով Սողոմոնի երևցաւ, և անոր ըսաւ, Քու աղօթքդ լսեցի, ու այս տեղը ընտրեցի, որպէս զի ինծի զոհի տուն ըլլայ: 13Եթէ երկինքը գոցեմ որպէս զի անձրև չըլլայ, և եթէ մարախին պատուիրեմ որպէս զի երկիրը ուտէ, կամ եթէ իմ ժողովուրդիս մէջ ժանտախտ ղրկեմ, 14Ու իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս եթէ խոնարհին ու աղօթք ընեն, ու իմ երեսս խնդրեն և իրենց չար ճամբաներէն դառնան, ես ալ երկինքէն պիտի լսեմ, ու անոնց մեղքը ներեմ, ու անոնց երկիրը պիտի բժշկեմ: 15Հիմա այս տեղ մատուցուելու աղօթքին իմ աչքերս բաց՝ ու ականջներս մտիկ ընող պիտի ըլլան: 16Եւ հիմա այս տունը ընտրեցի ու սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն ըլլայ. ու իմ աչքերս ու սիրտս ամէն ատեն հոն պիտի ըլլան: 17Եւ եթէ դուն իմ առջևս քու հօրդ Դաւիթի քալածին պէս քալես, ու բոլոր քեզի պատուիրածներս ընես, և իմ կանոններս ու դատաստաններս պահես, 18Այն ատեն քու թագաւորութեանդ աթոռը պիտի հաստատեմ, ինչպէս քու հօրդ Դաւիթի հետ ուխտ ըրի՝ ըսելով, Քեզմէ Իսրայէլի վրայ իշխող մարդ պակաս պիտի չըլլայ: 19Բայց եթէ դառնաք, ու ձեր առջև դրած կանոններս ու պատուիրանքներս թողուք, ու երթաք ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընէք, և անոնց երկրպագութիւն ընէք, 20Այն ատեն ձեզ արմատաքի պիտի խլեմ այն երկրին վրայէն զոր ձեզի տուի. և այս տունը զոր իմ անուանս համար սրբեցի, երեսէս պիտի ձգեմ, ու զանիկա բոլոր ազգաց մէջ առակ ու կատակ պիտի ընեմ: 21Եւ այս բարձր տանը համար անոր քովէն անցնողը պիտի զարմանայ ու պիտի ըսէ, Տէրը ինչո՞ւ համար այս երկրին ու այս տանը այսպէս ըրաւ: 22Եւ պիտի ըսեն, Վասն զի իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցին, որ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր, և ուրիշ աստուածներու յարեցան, և անոնց երկրպագութիւն ու ծառայութիւն ըրին. այս պատճառաւ անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ: