Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
8
Սողոմոնին շինութիւնները
1Եւ Սողոմոն Տէրոջը տունը ու իր տունը քսան տարուան մէջ շինելէն ետքը, 2Սողոմոն այն քաղաքներն ալ շինեց, զորոնք Քիրամ Սողոմոնի տուեր էր,ու հոն Իսրայէլի որդիները բնակեցուց: 3Եւ Սողոմոն Սուբայի Եմաթը գնաց, ու անոր տիրեց: 4Եւ անապատին մէջ Թադմօրը շինեց, ու այն բոլոր շտեմարանի քաղաքները՝ զորոնք Եմաթի երկրին մէջ շինեց. 5Ու վերի Բեթորոնը և վարի Բեթորոնը պարիսպներով, դռներով ու նիգերով ամրացած քաղաքներ շինեց. 6Նաև Բաաղեթը, ու Սողոմոնի բոլոր շտեմարանի քաղաքները, ու կառքերուն բոլոր քաղաքները, ու ձիաւորներուն քաղաքները, և այն բոլոր շէնքերը՝ զորոնք Սողոմոն ուզեց շինել Երուսաղէմի մէջ, Լիբանանի մէջ ու իր տէրութեանը բոլոր երկրին մէջ: 7Այն բոլոր ժողովուրդները որոնք Քետացիներէն, Ամօրհացիներէն, Փերեզացիներէն, Խևացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացեր էին, և Իսրայէլի որդիներէն չէին, 8Այսինքն անոնց զաւակները որոնք անոնցմէ ետքը այն երկրին մէջ մնացեր էին, ու Իսրայէլի որդիները զանոնք բոլորովին կորսնցուցած չէին, Սողոմոն զանոնք հարկատու ըրաւ մինչև այսօր: 9Եւ Սողոմոն իր գործին համար Իսրայէլի որդիներէն ծառաներ չըրաւ. հապա անոնք պատերազմական մարդիկ, ու իր զօրավարներուն իշխանները, և իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերակացուներն էին: 10Եւ Սողոմոն թագաւորին գլխավոր իշխանները երկու հարիւր յիսուն մարդիկ էին, որոնք ժողովուրդին վրայ կ’իշխէին: 11Ու Սողոմոն Փարաւոնի աղջիկը Դաւիթի քաղաքէն անոր համար շինած տունը հանեց. վասն զի ըսաւ, Իմ կինս Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթի, տունը չնստի, վասն զի Տէրոջը տապանակին մտած տեղերը սուրբ են: 12Այն ատեն Սողոմոն սրահին առջև շինած Տէրոջը սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուց Տէրոջը: 13Եւ Մովսէսի պատուիրածին համեմատ ամէն օրուան որոշուածը՝ շաբաթներու, ամսագլուխներու ու հանդիսաւոր տօներուն մէջ, տարին երեք անգամ, այսինքն բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու տաղաւարահարաց տօնին կը մատուցանէր: 14Եւ իր հօրը Դաւիթի կանոնովը քահանաներուն դասերը իրենց պաշտօններուն վրայ, ու Ղևտացիները իրենց պահպանութիւններուն վրայ, ամէն օրուան որոշուածին պէս, քահանաներուն առջև օրհնելու ու սպասաւորութիւն ընելու համար, և դռնապաններն ալ իրենց դասերուն կարգովը ամէն մէկ դուռը դրաւ. քանզի այսպէս էր Աստուծոյ մարդուն Դաւիթի հրամանը: 15Ու քահանաներուն ու Ղևտացիներուն համար, և գանձարաններուն համար, ամէն բանի մէջ թագաւորին հրամանէն դուրս չելան: 16Ու Սողոմոնի ամէն գործը, Տէրոջը տանը հիմը դրուած օրէն մինչև անոր լմննալը, պատրաստուած էր: Այսպէս, կատարուեցաւ Տէրոջը տունը: 17Այն ատեն Սողոմոն Եդովմի երկրին մէջ՝ ծովեզերքը եղող Գասիոնգաբերը ու Ելաթը գնաց: 18Եւ Քիրամ իր ծառաներուն ձեռքով նաւեր ու ծովու ճամբորդութեան հմուտ եղող ծառաներ ղրկեց անոր. ու Սողոմոնի ծառաներուն հետ Ոփիր գացին, և անկէ չորս հարիւր յիսուն տաղանդ ոսկի առին, ու Սողոմոն թագաւորին բերին: