Երկրորդ Մնացորդաց գիրք
9
Սաբայի թագուհիին այցելութիւնը
1Եւ Սաբայի թագուհին Սողոմոնի համբաւը լսեց, ու Սողոմոնը խրթին հարցումներով փորձելու համար Երուսաղէմ եկաւ խիստ շատ հանդէսով, և խունկեր ու շատ ոսկի և պատուական քարեր բեռցած ուղտերով. և Սողոմոնի քով գնաց, ու բոլոր իր սրտին մէջ եղածին վրայով անոր հետ խօսեցաւ: 2Եւ Սողոմոն անոր բոլոր հարցումները բացատրեց. ու բնաւ այնպիսի խօսք մը չկար զոր Սողոմոն չհասկնայ ու չբացատրէ անոր: 3Եւ Սաբայի թագուհին Սողոմոնի իմաստութիւնը, ու անոր շինած տունը, 4Եւ անոր սեղանին կերակուրները, ու անոր ծառաներուն բնակարանները, և սպասաւորներուն կայնուածքը, ու անոնց հագուստները, և անոր մատռուակները, ու անոնց հագուստները, ու Տէրոջը տունը ելլելու սանդուխը տեսնելով՝ խելքը գլխէն գնաց. 5Եւ թագաւորին ըսաւ, Քու վիճակիդ ու իմաստութեանդ վրայով իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր. 6Բայց ես այն խօսքերուն չհաւատացի, մինչև անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ. և ահա քու իմաստութեանդ շատութեանը կէսը ինծի չպատմուեցաւ. դուն գերազանց ես քու համբաւէդ զոր ես լսեցի: 7Երանի՜ քու մարդոցդ, ու երանի՜ այս քու ծառաներուդ որոնք միշտ քու առջևդ կայնելով քու իմաստութիւնդ կը լսեն: 8Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ, որ քեզի հաւնեցաւ, ու քեզ իր աթոռին վրայ դրաւ, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ համար թագաւոր ըլլաս. քու Աստուածդ Իսրայէլը սիրելուն համար ու զանիկա յաւիտեան հաստատելու համար, քեզ անոնց վրայ թագաւոր դրաւ, որպէս զի իրաւունք ու արդարութիւն ընես: 9Եւ թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր և պատուական քարեր տուաւ. ու Սաբայի թագուհիին՝ Սողոմոն թագաւորին տուած խունկերուն պէս չկար: 10Եւ Քիրամի ծառաները ու Սողոմոնի ծառաները, որոնք Ոփիրէ ոսկի կը բերէին, ալմուկ փայտեր ու պատուական քարեր ալ բերին: 11Եւ թագաւորը ալմուկ փայտէն՝ Տէրոջը տանը ու թագաւորական տանը աստիճաններ, ու երգեցողներուն համար քնարներ ու տաւիղներ շինեց. և անոնց պէս անկէ առաջ Յուդայի երկրին մէջ չէր երևցած:
Սողոմոն թագաւորին հարստութիւնը
12Ու Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ, այն բաներէն զատ՝ զորոնք անիկա թագաւորին բերաւ. և անիկա իր ծառաներուն հետ դարձաւ իր երկիրը գնաց: 13Ու մէկ տարուան մէջ Սողոմոնի եկած ոսկիին կշիռքը վեց հարիւր վաթսունըվեց տաղանդ ոսկի էր, 14Առուտուր ընողներուն, ու վաճառականներուն, և Արաբացւոց բոլոր թագաւորներուն, ու երկրին նախարարներուն՝ Սողոմոնի բերած ոսկիէն ու արծաթէն զատ: 15Եւ Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր վահան շինեց. ու ամէն մէկ վահանին համար վեց հարիւր սիկղ կռածոյ ոսկի գնաց: 16Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր ասպար ալ շինեց, ու ամէն մէկ ասպարին երեք հարիւր սիկղ ոսկի գնաց. ու թագաւորը Լիբանանի անտառին տունը դրաւ զանոնք: 17Եւ թագաւորը փղոսկրէ մեծ աթոռ մը շինեց, ու զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց: 18Եւ աթոռը վեց աստիճան ու ոսկիէ պատուանդան մը ունէր, որոնք աթոռին կից էին. և նստելու տեղը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն յենարաններ ունէր, ու յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կայնէին, 19Եւ հոն վեց աստիճաններուն վրայ՝ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասուերկու առիւծներ կը կայնէին. բնաւ մէկ թագաւորութեան մէջ այսպիսի բան մը շինուած չէր: 20Ու Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի ամանները ոսկի էին. և Լիբանանի անտառին տանը բոլոր ամանները զուտ ոսկի էին, արծաթէ չկար. վասն զի անիկա Սողոմոնի օրերը բանի մը տեղ չէր սեպուեր: 21Քանզի թագաւորին նաւերը Քիրամի ծառաներուն հետ Թարսիս կ’երթային. Թարսիսի նաւերը երեք տարին անգամ մը ոսկիով, արծաթով, փղոսկրով, կապիկներով ու սիրամարգներով բեռնաւորուած կու գային: 22Եւ Սողոմոն թագաւորը հարստութեան ու իմաստութեան կողմանէ՝ երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ եղաւ: 23Ու երկրի բոլոր թագաւորները կը փափաքէին Սողոմոնի երեսը տեսնելու, և անոր իմաստութիւնը լսելու, զոր Աստուած անոր սրտին մէջ դրեր էր: 24Ու անոնց ամէնը տարուէ տարի իրենց ընծաները կը բերէին, այսինքն արծաթէ ամաններ, ոսկիէ ամաններ, հանդերձներ, զէնքեր, խունկեր, ձիեր ու ջորիներ: 25Եւ Սողոմոն ձիերու ու կառքերու համար չորս հազար ախոռ ունէր, ու տասուերկու հազար ձիաւոր, ու զանոնք կառքերու քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորին քով տեղաւորեց: 26Ու Եփրատ գետէն մինչև Փղշտացւոց երկիրը ու մինչև Եգիպտոսի սահմանը՝ բոլոր թագաւորներուն վրայ կ’իշխէր: 27Եւ թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ, ու եղևնափայտը շատութենէն դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ: 28Եւ Սողոմոնի համար Եգիպտոսէ ու ամէն երկիրներէ ձիեր կը հանէին:
Սողոմոնի իշխանութեան ամփոփումը
29Եւ Սողոմոնի առաջին ու վերջին պատմութեանը մնացորդը՝ Նաթան մարգարէի գիրքին մէջ ու Սիլօնացի Աքիայի մարգարէութեանը մէջ, և Ադդով տեսանողին՝ Նաբատեան Յերոբովամի վրայով գրած տեսիլքներուն մէջ գրուած են: 30Ու Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի վրայ Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ: 31Եւ Սողոմոն իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու զանիկա իր հօրը Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին. և անոր տեղ անոր որդին Ռոբովամ թագաւոր եղաւ: