Բ Կորնթացիս

3

Նոր ուխտին պաշտօնեաները

1Կը սկսի՞նք նորէն անձերնիս յանձն ընել. կամ թէ ոմանց պէս պէ՞տք է մեզի յանձնարարութեան թուղթեր ձեզի կամ ձեզմէ: 2Հապա մեր թուղթը դուք էք մեր սիրտերուն մէջ գրուած, ճանչցուած ու կարդացուած ամէն մարդոցմէ. 3Յայտնի ըլլալով որ դուք Քրիստոսի թուղթն էք մեր սպասաւորութիւնովը, ոչ թէ մելանով գրուած, հապա կենդանի Աստուծոյ Հոգիովը, ոչ թէ քարեղէն տախտակներու վրայ, հապա սրտին մարմնեղէն տախտակներուն վրայ: 4Եւ այսպիսի վստահութիւն ունինք մենք Աստուծոյ վրայ Քրիստոսի ձեռքով. 5Ոչ թէ մենք ինքնիրեննիս բաւական ենք բան մը խորհելու` որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր բաւականութիւնը Աստուծմէ է. 6Որ մեզ բաւական ալ ըրաւ նոր կտակարանին պաշտօնեաներ ըլլալու, ոչ թէ գիրին, հապա հոգիին. վասն զի գիրը կը սպաննէ, բայց հոգին կ’ապրեցնէ: 7Իսկ եթէ քարերու վրայ գրով փորուած մահուան պաշտօնը փառքով եղաւ, որ Իսրայէլի որդիները կարող չեղան Մովսէսի երեսը նայելու` անոր երեսին փառքին համար, որ պիտի խափանուէր. 8Ուրեմն հոգիին պաշտօնը ի՞նչպէս աւելի փառքով պիտի չըլլայ: 9Վասն զի եթէ դատապարտութեան պաշտօնը փառքով էր, ո՜րչափ աւելի արդարութեան պաշտօնը փառքով պիտի ըլլայ: 10Վասն զի այն որ փառաւոր էր` այս մասին փառաւոր չէ գերազանց փառքին պատճառաւ: 11Քանզի եթէ այն որ պիտի խափանուէր` փառքով էր, ո՜րչափ աւելի այն որ կը կենայ` փառքով պարտի ըլլալ: 12Ուստի այսպիսի յոյս որ ունինք, շատ համարձակութեամբ կը վարուինք մեր խօսքին մէջ. 13Եւ ոչ թէ ինչպէս իր երեսին վրայ ծածկոց կը ձգէր, որպէս զի Իսրայէլի որդիները չնայէին այն խափանուելու բաներուն վախճանին: 14Սակայն անոնց միտքերը կուրցան. վասն զի մինչև այսօր նոյն ծածկոցը ձգուած է հին կտակարանին ընթերցմունքին վրայ, ու չվերնար, (վասն զի Քրիստոսով կը խափանուի,) 15Հապա մինչև այսօր, երբ Մովսէսի գիրքը կը կարդան, անոնց սրտին վրայ ծածկոց մը կը կենայ: 16Բայց երբ Տէրոջը դառնան, այն ատեն պիտի վերնայ այն ծածկոցը: 17Արդ Տէրը Հոգին է. և ուր Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ: 18Բայց մենք ամէնս, բաց երեսով Տէրոջը փառքը որպէս թէ հայելիի մէջ տեսնելով, նոյն պատկերին կը նորոգուինք փառաց ի փառս, որպէս թէ Տէրոջը Հոգիէն:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981