Բ Կորնթացիս
4
Հոգեւոր գանձ կաւէ ամաններու մէջ
1Ուստի այս պաշտօնը ունենալով` ինչպէս ողորմութիւն գտանք, չենք ձանձրանար. 2Հապա հրաժարեցանք ամօթալի ծածուկ բաներէն, ու խորամանկութիւնով չենք վարուիր, և խարդախութիւն չենք ըներ Աստուծոյ խօսքին մէջ, հապա ճշմարտութիւնը յայտնելով` անձերնիս մարդոց ամէն խղճմտանքին կ’ընծայենք Աստուծոյ առջև: 3Իսկ եթէ մեր աւետարանը ծածկուած ալ է, կորսուածներուն մէջ ծածկուած է. 4Որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն միտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսի փառաց աւետարանին լոյսը անոնց վրայ չծագէ, որ է Աստուծոյ պատկերը: 5Վասն զի ոչ թէ անձերնիս կը քարոզենք, հապա Քրիստոս Յիսուս Տէրը, ու մեզ` ձեր ծառաները Յիսուսի համար: 6Վասն զի Աստուած որ հրաման ըրաւ խաւարէն լոյս ծագել` ինք մեր սիրտերուն մէջ ծագեց` Աստուծոյ փառաց գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսի անձովը: 7Արդ մենք այս գանձը հողէ ամաններու մէջ ունինք, որպէս զի զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէ ըլլայ, ու ոչ թէ մեզմէ: 8Ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. կարօտեալ ենք, բայց յուսահատած չենք. 9Հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք. 10Ամէն ատեն Յիսուսի մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք, որպէս զի Յիսուսի կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի: 11Վասն զի մենք որ կենդանի ենք` Յիսուսի համար միշտ մահուան կը մատնուինք, որպէս զի Յիսուսի կեանքն ալ մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ յայտնի ըլլայ: 12Ուստի մահը մեր մէջ կը ներգործէ, և կեանքը` ձեր մէջ: 13Բայց հաւատքին նոյն հոգին ունինք, ինչպէս գրուած է, Հաւատացի անոր համար խօսեցայ. մենք ալ կը հաւատանք, ու անոր համար կը խօսինք. 14Զայս գիտնալով թէ ան որ Տէր Յիսուսը յարուց` մեզ ալ Յիսուսով պիտի յարուցանէ, ու անոր առջև պիտի կայնեցնէ ձեզմով մէկտեղ: 15Վասն զի ամէն բան ձեզի համար է, որպէս զի այն շնորհքը առատացած` շատերուն գոհութիւն ընելովը աւելնայ Աստուծոյ փառքին համար:
Հաւատքով ապրիլ
16Վասն որոյ չենք ձանձրանար. բայց թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը կ’ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր կը նորոգուի: 17Վասն զի մեր վայրկենական թեթև նեղութիւնը առաւել քան զառաւել փառաց յաւիտենական գերազանցութիւն կը գործէ մեզի: 18Վասն զի մենք երևցած բաներուն չենք նայիր, հապա չերևցածներուն. քանզի երևցած բաները ժամանակաւոր են, բայց չերևցածները` յաւիտենական:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981