Բ Կորնթացիս

6

1Ուստի մենք ալ գործակից ըլլալով` կ’աղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք: 2Վասն զի` Ընդունելի ժամանակի մը մէջ լսեցի քեզի, կ’ըսէ, և փրկութեան օրը օգնութիւն ըրի քեզի ահա հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա հիմա է փրկութեան օրը: 3Բնաւ բանով մը գայթակղութիւն չենք տար, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորի. 4Բայց ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք Աստուծոյ սպասաւորներու պէս` շատ համբերութիւնով վիշտերու մէջ, տառապանքներու, նեղութիւններու, 5Ծեծերու, բանտերու, խռովութիւններու, աշխատութիւններու, հսկումներու, ծոմերու մէջ, 6Մաքրութիւնով, գիտութիւնով, երկայնմտութիւնով, քաղցրութիւնով, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով, 7Ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութիւնով, արդարութեան զէնքերով` որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է. 8Փառքով ու անարգութիւնով, պարսաւանքով և գովութիւնով. մոլորեցնողներու պէս` ու ճշմարիտներ. 9Անծանօթներու պէս` և ծանօթներ. մեռնող- ներու պէս` և ահա կենդանի ենք. պատժուածներու պէս` ու չսպանուած-ներ. 10Տրտմածներու պէս` ու միշտ ու-րախ ենք. աղքատներու պէս` ու շատերը կը հարստացնենք. բան մը չունեցողներու պէս` և ամէն բան ստացած ենք: 11Մեր բերանը ձեզի բացուած է, ով Կորնթացիք, և մեր սիրտը լայնցած: 12Դուք մեր կողմէն չէք նեղուիր, հապա ձեր ունեցած գութին կողմէ* կը նեղուիք: 13Ուստի անոր հատուցումը ընելու համար (իբրև որդիներուս կը խօսիմ ձեզի,) դուք ալ դէպ յիս լայնցէք:

Զգուշացում կռապաշտութեան ազդեցութիւններէն

14Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ, և ի՞նչ հաղորդութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ, 15Եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարի հետ, կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ. 16Եւ ի՞նչ յարմարութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերու հետ, վասն զի դուք կենդանի Աստուծոյ տաճարն էք. ինչպէս ըսաւ, թէ Անոնց մէջ պիտի բնակիմ, ու անոնց մէջ պիտի քալեմ, և անոնց Աստուած պիտի ըլլամ, ու անոնք ինծի պիտի ըլլան: 17Ասոր համար ելէք անոնց մէջէն ու զատուեցէք, կ’ըսէ Տէրը, և պիղծ բանի մի դպչիք. 18Ու ես ձեզ պիտի ընդունիմ, և ես ձեզի պիտի ըլլամ, ու դուք ինծի տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ըլլաք, կ’ըսէ Ամենակալ Տէրը:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981