Բ Կորնթացիս
9
Օգնութիւն քրիստոնեայ ընկերներու
1Քանզի սուրբերուն ըլլալու պաշտօնին վրայով ինծի աւելորդ է ձեզի գրել: 2Վասն զի գիտեմ ես ձեր յօժարամտութիւնը, որուն վրայով կը պարծենամ ձեզի համար Մակեդոնացւոց մէջ, թէ Աքայեցիք անցած տարուընէ հետէ պատրաստ են ու ձեր բարի նախանձը շատերը գրգռեց: 3Եւ ահա եղբայրները ղրկեցի, որպէս զի մեր ձեզի համար պարծենալը այդ մասին մէջ պարապ չելլէ, հապա պատրաստ գտնուիք, ինչպէս ըսեր եմ. 4Որ չըլլայ թէ երբ Մակեդոնացիք ինծի հետ գան ու ձեզ անպատրաստ գտնեն, ալ մենք (որ չըսենք թէ դուք,) ամօթով մնանք այս պարծանքին վստահութեանը մէջ: 5Ուստի հարկաւոր սեպեցի եղբայրներուն աղաչել, որ առաջուընէ ձեզի գան, ու առաջուընէ կարգի դնեն այն ձեր առաջուընէ ծանուցուած ընծան, որպէս զի պատրաստ ըլլայ, այնպէս որ ընծայի պէս ըլլայ, ու ոչ թէ ագահութեան պէս: 6Բայց ասիկա կը ծանուցանիմ թէ Ան որ խնայելով կը սերմանէ` խնայելով պիտի հնձէ, ու ան որ առատութիւնով կը սերմանէ` առատութիւնով պիտի հնձէ: 7Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի` թող այնպէս տայ, ոչ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ: 8Բայց կարող է Աստուած բոլոր շնորհքները ձեզի առատօրէն տալ, որպէս զի ամէն բանի մէջ ամէն ատէն բոլոր ձեզի պէտք եղածը ունենալով` ամէն բարի գործերով առատանաք. 9Ինչպէս գրուած է, Տարածեց ու աղքատներուն տուաւ. անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ: 10Եւ անիկա որ սերմ ցանողին սերմ կը պարգևէ, և կերակուրի համար հաց, ձեր սերմանիքը պարգևէ և աւելցնէ, ու ձեր արդարութեան պտուղները շատցնէ. 11Որպէս զի ամէն բանի մէջ հարստանաք ամէն կերպ առատութիւնով, որ մեր ձեռքով կը պատճառէ գոհութիւն տալ Աստուծոյ: 12Վասն զի այս պաշտօնին մատակարարութիւնը ոչ թէ միայն սուրբերուն պակսութիւնը լեցնելու համար է, հապա նաև աւելի շատցնելու Աստուծոյ գոհութիւն տալը. 13Երբ այս ձեր պաշտօնին փորձովը փառաւորեն զԱստուած` Քրիստոսի աւետարանը խոստովանելնուդ հնազանդութեանը համար, և այն առատաձեռնութեանը համար` որով հաղորդակցութիւն կ’ընէք անոնց ու ամէնուն. 14Եւ իրենց աղօթքը ձեզի համար մատուցանեն, փափաք ունենալով ձեր վրայ` Աստուծոյ գերազանց շնորհքին համար որ ձեր մէջ է: 15Ալ գոհութիւն Աստուծոյ` անոր անպատում պարգևին համար:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981