Չորրորդ Թագավորաց գիրք

10

Աքաաբին սերունդը կը սպաննուի

1Եւ Աքաաբ Սամարիայի մէջ եօթանասուն որդի ունէր. ու Յէու նամակ մը գրեց, և ղրկեց Յեզրայէլի իշխաններուն ու ծերերուն և Աքաաբի որդիներուն հոգաբարձուներուն՝ ու ըսաւ, 2Երբ այս նամակը ձեզի հասնի, ահա ձեր տէրոջ որդիները ձեր քով են, ու կառքեր ու ձիեր և պարսպաւոր ու ալ ունիք. 3Ուրեմն ձեր տէրոջ որդիներէն ո՛րը որ աղէկ ու յարմար կը դատէք՝ զանիկա իր հօրը աթոռին վրայ նստեցուցէք, ու ձեր տէրոջ տանը համար ըրէք: 4Ու անոնք խիստ շատ վախցան, ու ըսին, Ահա երկու թագաւորներ չկրցան անոր առջև կայնիլ, ու մենք ի՞նչպէս պիտի կայնինք: 5Եւ պալատին հազարապետը ու քաղաքապետը ու ծերերը և հոգաբարձուները Յէուի մարդ ղրկեցին ու ըսին, Մենք քու ծառաներդ ենք, ու մեզի ինչ որ հրամայես՝ պիտի ընենք. բնաւ մէկը թագաւոր պիտի չդնենք. քու աչքերուդ աղէկ երեւցածը ըրէ: 6Եւ անոնց նորէն նամակ մը գրեց՝ ըսելով, Եթէ դուք ինծի հետ էք ու իմ խօսքս մտիկ կ’ընէք, ձեր տէրոջ որդիներուն գլուխները առէք, ու վաղը այս ատեն ինծի Յեզրայէլ եկէք. ու թագաւորին որդիները եօթանասուն էին, ու զանոնք մեծցնող քաղաքի մեծերուն քով էին: 7Եւ նամակը անոնց հասածին պէս՝ թագաւորին որդիները բռնեցին, ու եօթանասուն հոգի մորթեցին, և անոնց գլուխները կողովներու մէջ դրին, և անոր ղրկեցին Յեզրայէլ: 8Եւ լրաբեր մը եկաւ, ու անոր պատմեց՝ ըսելով, թագաւորին որդիներուն գլուխները բերին: Եւ անիկա ըսաւ, Զանոնք մինչև առտու դրանը քով դրէք երկու դէզ ընելով: 9Ու առտուանց դուրս ելաւ կայնեցաւ, և բոլոր ժողովուրդին ըսաւ, Դուք արդար էք. ահա ես իմ տէրոջս դէմ գլուխ վերցուցի ու զանիկա մեռցուցի, բայց ասոնք ամէնը ո՞վ մեռցուց: 10Հիմա գիտցէք որ Տէրոջը խօսքէն բնաւ բան մը գետինը պիտի չիյնայ, զոր Տէրը Աքաաբի տանը համար խօսեցաւ. ու տէրը իր ծառային Եղիայի ձեռքով ըսածը ըրաւ: 11Եւ Յէու Յեզրայէլի մէջ Աքաաբի տունէն բոլոր մնացածները, ու անոր բոլոր մեծ նախարարները և մտերիմ բարեկամները, ու քուրմերը մեռցուց, այնպէս որ անոր մնացորդ մը չթողուց:

Ոքոզիային ազգականները կը մեռցուին

12Անկէ ետքը ելաւ Սամարիա գնաց, ու ճամբուն վրայ հովիւներու Բեթակադին հասնելով, 13Յէու Յուդայի Ոքոզիա թագաւորին եղբայրները գտաւ, ու անոնց ըսաւ, Դուք ո՞վ էք: Եւ անոնք ըսին, Ոքոզիայի եղբայրներն ենք, ու թագաւորին որդիները ու թագուհիին որդիները ողջունելու իջանք: 14Այն ատեն անիկա ըսաւ, Ասոնք ողջ բռնեցէք. ու զանոնք ողջ բռնեցին, և Բեթակադի ջրհորին քով մեռցուցին զանոնք, որ քառասունուերկու հոգի էին. ու անոնց մէ՛կը ողջ չթողուց: 15Եւ անկէ գնաց. ու իր դիմաց ելլող Ռեքաբի որդին Յովնադաբը գտաւ, ու անոր բարև տուաւ ու ըսաւ, Ինչպէս իմ սիրտս քու սրտիդ հետ ուղիղ է, այդեօք քու սիրտդ ալ այնպէս ուղի՞ղ է. և Յովնադաբ ըսաւ, Այո: Ուրեմն ձեռքդ տուր. ու անիկա ձեռքը տուաւ, ու զանիկա կառքին մէջ իր քով առաւ, 16Եւ ըսաւ, Ինծի հետ եկուր, ու Տէրոջը համար ունեցած նախանձաւորութիւնս տես. այսպէս անոր կառքը հեծցուցին զանիկա: 17Եւ Սամարիա գնաց, ու Սամարիայի մէջ Աքաաբէ բոլոր մնացածները զարկաւ, մինչև որ զանիկա բնաջինջ ըրաւ՝ այն խօսքին համեմատ զոր Տէրը Եղիայի խօսեր էր:

Բահաղի երկրպագուները կը սպաննուին

18Եւ Յէու բոլոր ժողովուրդը ժողվեց, ու անոնց ըսաւ, Աքաաբ Բահաղի քիչ ծառայութիւն ըրաւ, Յէու անոր շատ ծառայութիւն պիտի ընէ: 19Եւ հիմա Բահաղի բոլոր մարգարէները, բոլոր ծառաները ու բոլոր քուրմերը ինծի կանչեցէք, ու մա՛րդ մը պակաս չըլլայ, քանզի Բահաղի մեծ պիտի ընեմ. ամէն հոն չգտնուողը պիտի չապրի. ասիկա Յէու խաբէութեամբ ըրաւ, որպէս զի Բահաղի ծառայութիւն ընողները բնաջինջ ընէ: 20Եւ Յէու ըսաւ, Բահաղի համար տօնախմբութիւն մը սահմանեցէք. ու ծանուցում ըրին: 21Եւ Յէու բոլոր Իսրայէլի պատգամաւորներ ղրկեց, ու Բահաղի բոլոր ծառայութիւն ընողները եկան, ու չեկող մարդ չմնաց. և Բահաղի տունը եկան, ու Բահաղի տունը ծայրէ ծայր լեցուեցաւ: 22Եւ հանդերձապետին ըսաւ, Բահաղի բոլոր ծառայութիւն ընողներուն պատմուճաններ հանէ. ու պատմուճանները հանեց անոնց: 23Եւ Յէու Ռեքաբի որդւոյն Յովնադաբի հետ Բահաղի տունը մտաւ, ու Բահաղի ծառայութիւն ընողներուն ըսաւ, Փնտռեցէք նայեցէք, չըլլայ որ հոս ձեզի հետ Եհովայի ծառաներէն մարդ գտնուի, բայց միայն Բահաղի ծառայութիւն ընողները: 24Եւ զոհեր ու ողջակէզներ ընելու մտան. ու Յէու իրեն համար դուրսը ութսուն մարդ կայնեցուց, ու անոնց ըսաւ, Ով որ ձեր ձեռքը տուած մարդոցմէս մէկը ազատէ, իր անձը անոր անձին տեղ պիտի ըլլայ: 25Ու երբ ողջակէզը ըրաւ լմնցուց, Յէու սուրհանդակներուն ու զօրապետներուն ըսաւ, Գացէք, ասոնք մեռցուցէք. մա՛րդ մը դուրս չելլէ: Ու զանոնք սուրէ անցուցին, և սուրհանդակները ու զօրապետները զանոնք նետեցին. ու ետքը Բահաղի տանը քաղաքը մտան. 26Եւ Բահաղի տանը արձանները հանեցին, ու զանոնք կրակով այրեցին: 27Եւ Բահաղի արձանը կործանեցին, ու Բահաղի տունը փլցուցին ու զանիկա արտաքնոց ըրին մինչև այսօր: 28Այսպէս Յէու Իսրայէլէ բնաջինջ ըրաւ Բահաղը: 29Սակայն Յէու Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերէն, այսինքն Բեթէլի ու Դանի մէջ եղող ոսկիէ որթերէն, ետ չկեցաւ: 30Եւ Տէրը Յէուի ըսաւ, Որովհետև դուն իմ աչքերուս առջև ուղիղ եղածը ի գործ դնելով աղէկ ըրիր, ու Աքաաբի տանը բոլոր իմ սրտիս մէջ եղածին համեմատ ըրիր, քու որդիներդ մինչև չորրորդ ազգը Իսրայէլի աթոռին վրայ պիտի նստին: 31Բայց Յէու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն օրէնքին մէջ բոլոր սրտով քալելու զգուշութիւն չըրաւ, ու Իսրայէլի մեղանչել տուող Յերոբովամի մեղքերէն ետ չկեցաւ:

Յէուին մահը

32Այն օրերը Տէրը սկսաւ Իսրայէլը կոտրել. և Ազայէլ Իսրայելացւոց բոլոր սահմաններուն մէջ զանոնք զարկաւ, 33Յորդանանէ դէպ ի ի արեւելք բոլոր Գաղաադու երկիրը, այսինքն Գադեանները, Ռուբենեանները ու Մանասեանները՝ Առնոն ձորին վրայ եղող Արոէրէն մինչև Գաղաադ ու : 34Եւ Յէուի մնացորդ պատմութիւնը ու ամէն ըրածը ու բոլոր զօրութիւնը, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 35Եւ Յէու իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու զանիկա Սամարիայի մէջ թաղեցին. և անոր որդին Յովաքազ անոր տեղ թագաւոր եղաւ: 36Եւ Յէուի Իսրայէլի վրայ Սամարիայի մէջ թագաւորութիւն ըրած օրերը քսանըութ տարի էին:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981