Չորրորդ Թագավորաց գիրք
12
Յուդայի Յովաս թագաւորը
1Յէուի եօթներորդ տարին Յովաս թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութին ըրաւ, ու անոր մօրը անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէէ քաղաքէն: 2Եւ Յովաս Տէրոջը առջև ուղղութիւն ըրաւ այն բոլոր օրերուն մէջ՝ որ Յովիադա քահանան անոր կը սորվեցնէր: 3Բայց բարձր տեղերը չվերցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին: 4Եւ Յովաս քահանաներուն ըսաւ, Տէրոջը տունը բերուած սուրբ բաներուն բոլոր ստակը, համրուած մարդոց ստակը, գինը կտրուած անձերուն ստակը, և այն բոլոր ստակը՝ զոր մարդ մը Տէրոջը տունը բերելու կամք կ’ընէ, 5Քահանաները՝ ամէն մարդ իրենց ճանչուորներէն առնեն, ու տանը փլած տեղերը իրենք նորոգեն, ուր որ փլած տեղ մը գտնուի: 6Սակայն Յովաս թագաւորին քսանուիրեքերորդ տարին՝ քահանաները տանը փլած տեղերը չնորոգեցին: 7Եւ Յովաս թագաւորը իրեն կանչեց Յովիադա քահանան ու միւս քահանաները, և անոնց ըսաւ, Տանը փլած տեղերը ինչո՞ւ չէք նորոգեր. ու հիմա ձեր ճանչուորներէն մեյմըն ալ ստակ մի առնէք, հապա զանիկա տանը փլած տեղերուն համար տուէք: 8Եւ քահանաները հաւանութիւն տուին, որ իրենք ստակ չառնեն ժողովուրդէն, ոչ ալ տանը փլած տեղերը նորոգեն*: 9Եւ Յովիադա քահանան սնտուկ մը առաւ, ու անոր վրայ ծակ մը ծակեց, ու զանիկա սեղանին քով՝ Տէրոջը տունը մտնողներուն աջ կողմը դրաւ. և դուռը սպասող քահանաները ՏԷրոջը տունը բերուած բոլոր ստակը հոն կը դնէին: 10Ու երբ կը տեսնէին որ սնտուկին մէջ ստակը շատցեր է, թագաւորին գրագիրը ու մեծ քահանան կ’ելլէին, ու Տէրոջը տունը գտնուած ստակը համրելով կը ծրարէին. 11Եւ պատրաստուած ստակը Տէրոջը տանը գործին վրայ գրուած բանուորներուն ձեռքը կու տային, որպէս զի անոնք Տէրոջը տանը մէջ գործող հիւսերուն ու շինողներուն 12Եւ որմնադիրներուն ու քարահատներուն վճարեն. նաև Տէրոջը տանը փլած տեղերը նորոգելու համար փայտեր ու տաշուած քարեր ծախու առնեն, և տանը նորոգութեանը համար բոլոր պէտք եղած բաներուն ծախք ընեն: 13Բայց Տէրոջը տունը բերուած ստակէն՝ Տէրոջը տանը համար արծաթէ գաւաթներ, բազմակալներ, կոնքեր, փողեր ու ոսկիէ ամաններ կամ՝ արծաթէ ամաններ ամենեւին չշինուեցան. 14Քանզի բանուորներուն կու տային զանիկա, որպէս զի անով Տէրոջը տունը նորոգեն: 15Եւ որոնց ձեռքը որ կը յանձնէին այն ստակը՝ բանուորներուն տալու համար, անոնցմէ հաշիւ չէին առներ. քանզի անոնք հաւատարմութեամբ կ’աշխատէին: 16Յանցանքի ստակը ու մեղքի ստակը Տէրոջը տունը չէր մտներ, անիկա քահանաներուն կ’ըլլար: 17Այն ատեն Ասորւոց Ազայէլ թագաւորը ելաւ Գէթի դէմ պատերազմ ըրաւ, ու զանիկա առաւ. ետքը Ազայէլ իր երեսը դարձուց, որպէս զի Երուսաղէմի վրայ ելլէ: 18Եւ Յուդայի թագաւորը Յովաս՝ իր հայրերուն, Յուդայի թագաւորներուն, Յովսափատի ու Յովրամի և Ոքոզիայի, նուիրած բոլոր սուրբ բաները, ու իր նուիրածը, և Տէրոջը տանը ու թագաւորական տանը գանձերուն մէջ գտնուած բոլոր ոսկին առաւ, ու Ասորւոց Ազայէլ թագաւորին ղրկեց, այսպէս անիկա Երուսաղէմի վրայէն ետ քաշուեցաւ*: 19Եւ Յովասի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 20Եւ անոր ծառաները ոտք ելան, ու անոր դէմ դաւաճանութիւն ըրին. ու Յովասը զարկին Մելօնի տանը մէջ, որ Սիլլայի զառ ի վայրին վրայ է: 21Եւ անոր ծառաները, Սամեթի որդին Յովզաքար ու Սովմերի որդին Յովզաբադ, զանիկա զարկին, ու մեռաւ. և զանիկա իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին. ու անոր տեղ անոր որդին Ամասիա թագաւոր եղաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981