Չորրորդ Թագավորաց գիրք

13

Իսրայէլի Յովաքազ թագաւորը

1Յուդայի թագաւորին, Ոքոզիայի որդւոյն Յովասի, քսանուիրեքերորդ տարին Իսրայէլի վրայ Յէուի որդին Յովաքազ թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու տասնըեօթը տարի թագաւորեց: 2Եւ Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, ու Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերուն հետեւող եղաւ, անոնցմէ ետ չկեցաւ։ 3Եւ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ, ու զանոնք շարունակ Ասորւոց Ազայէլ թագաւորին ձեռքը, ու Ազայէլի որդւոյն Բենադադի ձեռքը մատնեց։ 4Եւ Յովաքազ Տէրոջը ըրաւ, ու Տէրը անոր մտիկ ըրաւ. քանզի տեսաւ Իսրայէլի նեղութիւնը, որով Ասորւոց թագաւորը զանոնք նեղեց։ 5Եւ Տէրը Իսրայէլի փրկիչ մը տուաւ, ու Ասորւոց ձեռքին տակէն ելան, և Իսրայէլի որդիները երէկուան ու միւս օրուան պէս իրենց վրաններուն մէջ կը նստէին։ 6Բայց Իսրայէլի մեղանչել տուող Յերոբովամի տանը մեղքերէն ետ չկեցան, հապա անոնց մէջ քալեցին. ու Աստարովթի կուռքն ալ Սամարիայի մէջ կը կենար։ 7Իսկ Յովաքազի ուրիշ զօրք չթողուց, բայց միայն յիսուն ձիաւոր, տասը կառք ու տասը հազար հետեւակ զօրք. վասն զի Ասորւոց թագաւորը զանոնք բնաջինջ ըրեր էր, ու զանոնք կոխուած հողի պէս ըրեր էր։ 8Եւ Յովաքազի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը ու զօրութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են։ 9Եւ Յովաքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու զանիկա Սամարիայի մէջ թաղեցին. և անոր տեղ անոր որդին Յովաս թագաւոր եղաւ։

Իսրայէլի Յովաս թագաւորը

10Յուդայի Յովաս թագաւորին երեսունըեօթներորդ տարին՝ Իսրայէլի վրայ Յովաքազի որդին Յովաս թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու տասնըվեց տարի թագաւորեց։ 11Եւ Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, ու Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի բոլոր մեղքերէն ետ չկեցաւ, հապա անոնց մէջ քալեց։ 12Եւ Յովասի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը, և Յուդայի Ամասիա թագաւորին հետ ըրած ատեն իր քաջութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են։ 13Ու Յովաս իր հայրերուն հետ քնացաւ, և անոր աթոռը Յերոբովամ նստաւ. ու Յովաս Իսրայէլի թագաւորներուն հետ Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ։

Եղիսէին մահը

14Ու Եղիսէ իր մեռնելու հիւանդութիւնովը հիւանդացաւ, և Իսրայէլի թագաւորը Յովաս անոր իջաւ, ու անոր երեսին վրայ լացաւ ու ըսաւ, Հա՛յր իմ, հա՛յր իմ, Իսրայէլի կառքը ու անոր ձիաւորները։ 15Ու Եղիսէ անոր ըսաւ, Աղեղ մը ու նետեր առ. և անիկա աղեղ մը ու նետեր առաւ։ 16Ու Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ, Ձեռքդ աղեղին վրայ հեծցուր, և անիկա ձեռքը հեծցուց. ու Եղիսէ իր ձեռքերը թագաւորին ձեռքերուն վրայ դրաւ, 17Ու ըսաւ, Արեւելեան կողմի պատուհանը բաց. ան ալ բացաւ. ու Եղիսէ ըսաւ, Նետէ. ան ալ նետեց. Այն ատեն Եղիսէ ըսաւ, Տէրոջը փրկութեան նետը, ու Ասորւոց դէմ փրկութեան նետը. քանզի Ասորիները Ափէկի մէջ պիտի զարնես մինչև որ հատցնես։ 18Նաև ըսաւ, Նետերը առ. ու անիկա առաւ. և Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ, Գետինը զարկ. ու անիկա երեք անգամ գետինը զարկաւ ու կեցաւ։ 19Եւ Աստուծոյ մարդը անոր բարկանալով՝ ըսաւ, Եթէ հինգ կամ վեց անգամ զարնէիր, այն ատեն Ասորիները պիտի զարնէիր ու պիտի հատցընէիր. բայց հիմա Ասորիները միայն երեք անգամ պիտի զարնես։ 20Ու Եղիսէ մեռաւ, և զանիկա թաղեցին։ Ու հետեւեալ տարին Մովաբացւոց գունդերը երկրին վրայ եկան։ 21Ու երբ մարդ մը կը թաղէին, ահա գունդ մը տեսան, ու մարդը Եղիսէի գերեզմանը նետեցին. և այն մարդը Եղիսէի ոսկորներուն դպածին պէս կենդանացաւ ու իր ոտքերուն վրայ կայնեցաւ։ պատերազմ

Իսրայէլի և ասորիներու միջեւ

22Եւ Ասորւոց Ազայէլ թագաւորը Յովաքազի բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլը նեղեց։ 23Բայց Տէրը Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի հետ իր ըրած ուխտին համար անոնց ողորմեցաւ ու գթութիւն ըրաւ, և անոնց նայեցաւ. զանոնք կորսնցնել չուզեց, ու զանոնք դեռ իր երեսէն չձգեց։ 24Եւ Ասորւոց Ազայէլ թագաւորը մեռաւ, ու անոր տեղ անոր որդին Բենադադ թագաւոր եղաւ։ 25Եւ Յովաքազի որդին Յովաս Ազայէլի որդւոյն Բենադադի ձեռքէն ետ առաւ այն քաղաքները, զորոնք Ազայէլ անոր հօրը Յովաքազի ձեռքէն պատերազմով առեր էր. Յովաս զանիկա երեք անգամ զարկաւ, ու Իսրայէլի քաղաքները ետ առաւ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981