Չորրորդ Թագավորաց գիրք
14
Յուդայի Ամասիա թագաւորը
1Իսրայէլի թագաւորին, Յովաքազեան Յովասի, երկրորդ տարին Յուդայի թագաւորին Յովասի որդին Ամասիա թագաւոր եղաւ: 2Անիկա քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Յովադան էր ու Երուսաղեմացի էր: 3Ու Տէրոջը առջև ուղղութիւն ըրաւ, բայց ոչ իր հօրը Դաւիթի պէս. իր հօրը Յովասի բոլոր ըրածներուն համեմատ ըրաւ: 4Սակայն բարձր տեղերը չվերցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մաուցանէին ու խունկ կը ծխէին: 5Ու երբ թագաւորութիւնը անոր ձեռքին մէջ հաստատուեցաւ՝ իր ծառաները մեռցուց, որոնք իր հայրը, թագաւորը, սպաններ էին: 6Բայց սպաննողներուն որդիները չմեռցուց, ինչպէս Մովսէսի օրինաց գիրքին մէջ գրուած է, որ Տէրը պատուիրեց ըսելով, Տղոց յանցանքին համար հայրերը չմեռցուին, ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը չմեռցուին, հապա ամէն մարդ իր յանցանքին համար պիտի մեռցուի: 7Ասիկա Աղի ձորին մէջ տասը հազար Եդովմայեցի զարկաւ, ու Վէմը պատերազմով առաւ, և անոր անունը Յեկթովէլ կոչեց մինչև այսօր: 8Այն ատեն Ամասիա Իսրայէլի թագաւորին, Յէուի որդւոյն Յովաքազի որդւոյն Յովասի, դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով, Եկուր, երես երեսի տեսնուինք: 9Եւ Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Յուդայի Ամասիա թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ, Լիբանանի փուշը Լիբանանի եղեւնափայտին պատգամ ղրկեց՝ ըսելով, Քու աղջիկդ իմ տղուս կին տուր. բայց Լիբանանի մէջ եղող դաշտի գազանը անցաւ, ու փուշը կոխկռտեց: 10Իրաւ, Եդովմայեցիները զարկիր, ու քու սիրտդ քեզ հպարտացուց. քու փառքովդ գոհ եղիր*, ու տունդ նստէ. քանզի ինչո՞ւ համար չարութեան խառնուիս, որ իյնաս դուն ու քեզի հետ Յուդա ալ: 11Բայց Ամասիա մտիկ չըրաւ: Ուստի Իսրայէլի Յովաս թագաւորը ելաւ, և ինք ու Յուդայի Ամասիա թագաւորը Յուդայի Բեթսամիւսին մէջ երես երեսի տեսնուեցան: 12Եւ Յուդա Իսրայէլի առջև յաղթուեցաւ, ու ամէն մարդ իր վրանը փախաւ: 13Եւ Իսրայէլի Յովաս թագաւորը՝ Ոքոզիայի որդւոյն Յովասի որդին Ամասիան, Յուդայի թագաւորը, Բեթսամիւսի մէջ բռնեց, ու Երուսաղէմ եկաւ, ու Եփրեմի դռնէն մինչև Անկէան դուռը Երուսաղէմի պարսպին չորս հարիւր կանգունը փլցուց. 14Եւ բոլոր ոսկին ու արծաթը՝ ու Տէրոջ տանը մէջ ու թագաւորին տանը գանձերուն մէջ գտնուած բոլոր ամանները առաւ, և պատանդներ ալ առաւ, ու Սամարիա դարձաւ: 15Եւ Յովասի գործերուն մնացորդ պատմութիւնը ու անոր զօրութիւնը և Յուդայի Ամասիա թագաւորին հետ ըրած պատերազմը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 16Ու Յովաս իր հայրերուն հետ քնացաւ, և Իսրայէլի թագաւորներուն հետ Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ. ու անոր տեղ անոր որդին Յերոբովամ թագաւոր եղաւ:
Յուդայի Ամասիա թագաւորին մահը
17Եւ Յուդայի թագաւորը, Յովասի որդին Ամասիա, Իսրայէլի թագաւորին, Յովաքազի որդւոյն Յովասի, մեռնելէն ետքը տասնըհինգ տարի ապրեցաւ: 18Ու Ամասիայի մնացորդ պատմութիւնը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած է: 19Անոր դէմ Երուսաղէմի մէջ դաւաճանութիւն ըրին, և անիկա Լաքիս փախաւ. բայց անոր ետեւէն Լաքիս մարդ ղրկեցին, ու զանիկա հոն մեռցուցին: 20Եւ զանիկա ձիերով վերցուցին, ու Երուսաղէմ իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ: 21Եւ բոլոր Յուդայի ժողովուրդը Ազարիան առին, որ տասնըվեց տարեկան էր, ու զանիկա իր հօրը Ամասիայի տեղ թագաւոր դրին: 22Ասիկա Ելաթը շինեց, ու թագաւորին իր հայրերուն հետ քնանալէն ետքը զանիկա Յուդայի ետ դարձուց:
Իսրայէլի Յերոբովամ Բ թագաւորը
23Յուդայի թագաւորին, Յովասի որդւոյն Ամասիայի, տասնըհինգերորդ տարին Իսրայէլի Յովաս թագաւորին որդին Յերոբովամ Սամարիայի մէջ թագաւոր եղաւ, ու քառասունըմէկ տարի թագաւորեց: 24Եւ Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, ու Իսրայէլի մեղանչել տուղ Նաբատեան Յերոբովամի բոլոր մեղքերէն ետ չկեցաւ: 25Ասիկա Իսրայէլի սահմանը Եմաթի մուտքէն մինչև դաշտի ծովը ետ դարձուց՝ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն խօսքին համեմատ, որ իր ծառային Գեթքոփերացի Ամաթեան Յովնան մարգարէին ձեռքով խօսեր էր: 26Քանզի Տէրը տեսաւ Իսրայէլի խիստ սաստիկ տառապանքը, որ ոչ գոցուած ու ոչ ձգուած կար, ու Իսրայէլ օգնական ալ չունէր: 27Եւ Տէրը չըսաւ որ Իսրայէլի անունը երկինքին տակէն բնաջինջ ընէ. ուստի Յովասեան Յերոբովամի ձեռքով զանոնք ազատեց: 28Ու Յերոբովամի մնացորդ պատմու-թիւնը, և անոր բոլոր ըրածը, ու պատերազմական քաջութիւնը, և Դամասկոսը ու Եմաթը Յուդայի ետ դարձնելը Իսրայէլի մէջ*, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 29Ու Յերոբովամ իր հայրերուն, Իսրայէլի թագաւորներուն, հետ քնացաւ, և անոր տեղ անոր որդին Զաքարիա թագաւոր եղաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981