Չորրորդ Թագավորաց գիրք
15
Յուդայի Ազարիա թագաւորը
1Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին Յուդայի Ամասիա թագաւորին որդին Ազարիա թագաւոր եղաւ: 2Անիկա տասնըվեց տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ յիսունուերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Յեքէլիա էր, ու Երուսաղեմացի էր: 3Եւ անիկա Տէրոջը առջև ուղղութիւն ըրաւ՝ իր հօրը Ամասիայի բոլոր ըրածին պէս: 4Բայց բարձր տեղերը չվերցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին: 5Եւ Տէրը թագաւորը զարկաւ, ու մինչև իր մահուան օրը բորոտած էր, և զատ տան մը մէջ կը բնակէր. ու պալատին վրայ իշխողը թագաւորին որդին Յովաթամ էր, ու անիկա կը դատէր երկրին ժողովուրդը: 6Եւ Ազարիայի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 7Ու Ազարիա իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու զանիկա իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին. և անոր տեղ անոր որդին Յովաթամ թագաւոր եղաւ:
Իսրայէլի Զաքարիա թագաւորը
8Յուդայի Ազարիա թագաւորին երեսունըութերորդ տարին Իսրայէլի վրայ Յերոբովամի որդին Զաքարիա թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու վեց ամիս թագաւորեց: 9Եւ անիկա իր հայրերուն ըրածին պէս Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, ու Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերէն ետ չկեցաւ. 10Ու Յաբիսի որդին Սեղղում անոր դէմ գլուխ վերցուց, և զանիկա ժողովուրդին առջև զարկաւ մեռցուց, ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ: 11Եւ Զաքարիայի մնացորդ պատմութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած է: 12Ասիկա Տէրոջը խօսքն է զոր Յէուի խօսեր էր՝ ըսելով, Իսրայէլի աթոռին վրայ քու որդիներդ մինչև չորրորդ ազգը պիտի նստին. ու այնպէս եղաւ:
Իսրայէլի Սեղղում թագաւորը
13Յաբիսի որդին Սեղղում Յուդայի Ոզիա թագաւորին երեսունըիններորդ տարին թագաւոր եղաւ, ու Սամարիայի մէջ մէկ ամիս թագաւորութիւն ըրաւ: 14Եւ Գադդիի որդին Մանայեմ Թերսայէ ելաւ, ու Սամարիա եկաւ. և Սամարիայի մէջ Յաբիսի որդին Սեղղումը զարկաւ մեռցուց, ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ: 15Ու Սեղղումի մնացորդ պատմութիւնը ու ըրած դաւաճանութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 16Այն ատեն Մանայեմ Թափսան ու բոլոր անոր մէջ եղողները, ու անոր սահմանը զարկաւ մինչեւ Թերսա*, և չբանալնուն համար զարկաւ ու հոն եղող բոլոր յղի կիները ճեղքեց:
Իսրայէլի Մանայեմ թագաւորը
17Յուդայի Ազարիա թագաւորին երեսունըիններորդ տարին Իսրայէլի վրայ Գադդիի որդին Մանայեմ թագաւոր եղաւ, ու Սամարիայի մէջ տասը տարի թագաւորեց: 18Եւ անիկա Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, ու իր բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերէն ետ չկեցաւ: 19Եւ Ասորեստանի Փուղ թագաւորը երկրին վրայ եկաւ. ու Մանայեմ հազար տաղանդ արծաթ տուաւ Փուղի, որպէս զի անիկա իրեն օգնական ըլլայ*, թագաւորութիւնը իր ձեռքին մէջ հաստատելու համար: 20Ու Մանայեմ այս արծաթը Ասորեստանի թագաւորին տալու համար Իսրայէլի բոլոր հարուստներուն վրայ հարկ դրաւ, ու ամէն մէկէն յիսունական սիկղ արծաթ առաւ. և Ասորեստանի թագաւորը ետ դարձաւ ու այն երկրին մէջ չկեցաւ: 21Ու Մանայեմի մնացորդ պատմութիւնը և անոր ամէն ըրածը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 22Ու Մանայեմ իր հայրերուն հետ քնացաւ, և անոր տեղ անոր որդին Փակէիա թագաւոր եղաւ:
Իսրայէլի Փակէիա թագաւորը
23Յուդայի Ազարիա թագաւորին յիսուներորդ տարին Իսրայէլի վրայ Մանայեմի որդին Փակէիա թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու երկու տարի թագաւորեց: 24Եւ Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, ու Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերէն ետ չկեցաւ: 25Եւ անոր զօարպետը Ռովմելայի որդին Փակէէ անոր դէմ գլուխ վերցուց, ու իրեն հետ Արգովբը ու Արիեն, ու Գաղաադացիներէն յիսուն մարդ առաւ, և Սամարիայի մէջ թագաւորին տանը ներսի կողմը* զանիկա զարկաւ մեռցուց, ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ: 26Եւ Փակէիայի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են:
Իսրայէլի Փակէէ թագաւորը
27Յուդայի Ազարիա թագաւորին յիսունուերկուերորդ տարին Իսրայէլի վրայ Ռովմելայի որդին Փակէէ թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու քսան տարի թագաւորեց: 28Եւ Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, ու Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերէն ետ չկեցաւ: 29Իսրայէլի Փակէէ թագաւորին օրերը Ասորեստանի Թագղաթ-փաղասար թագաւորը եկաւ, ու Իյօնը և Աբէլ-բեթմաաքան ու Յանովէն և Կադէսը ու Յասորը և Գաղաադը ու Գալիլեան և Նեփթաղիմի բոլոր երկիրը առաւ, ու անոնց բնակիչները Ասորեստան գերի տարաւ: 30Ու Էլայի որդին Ովսէէ Ռովմելայի որդւոյն Փակէէի դէմ դաւաճանութիւն ըրաւ, և զանիկա զարկաւ մեռցուց, ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ Ոզիայի որդւոյն Յովաթամի քսաներորդ տարին: 31Ու Փակէէի մնացորդ պատմութիւնը և անոր բոլոր ըրածը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են:
Յուդայի Յովաթամ թագաւորը
32Իսրայէլի թագաւորին, Ռովմելայի որդւոյն Փակէէի, երկրորդ տարին Յուդայի թագաւորին Ոզիայի որդին Յովաթամ թագաւոր եղաւ: 33Անիկա քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Յերուսա էր, որ Սադովկի աղջիկն էր: 34Եւ անիկա Տէրոջը առջև ուղղութիւն ըրաւ. իր հօրը Ոզիայի բոլոր ըրածին պէս ըրաւ: 35Բայց բարձր տեղերը չվերցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին: Ասիկա Տէրոջը տանը ամէնէն բարձր դուռը շինեց: 36Եւ Յովաթամի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 37Այն օրերը Տէրը Ասորւոց Ռասին թագաւորը ու Ռովմելայի որդին Փակէէն Յուդայի վրայ ղրկել սկսաւ: 38Եւ Յովաթամ իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ. ու անոր տեղ անոր որդին Աքազ թագաւոր եղաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981