Չորրորդ Թագավորաց գիրք

16

Յուդայի Աքազ թագաւորը

1Ռովմելայի որդւոյն Փակէէի տասնըեօթներորդ տարին Յուդայի թագաւորին Յովաթամի որդին Աքազ թագաւոր եղաւ: 2Աքազ քսան տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և իր հօրը Դաւիթի պէս իր Տէր Աստուծոյ առջև ուղղութիւն չըրաւ, 3Հապա Իսրայէլի թագաւորնէրուն ճամբուն մէջ քալեց. ու իր որդին ալ կրակէ անցուց՝ այն ազգերուն գարշելի սովորութիւններուն համեմատ, զորոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտեց: 4Եւ բարձր տեղերը ու բլուրներու վրայ և ամէն կանանչ ծառերու տակ կը մատուցանէր ու կը ծխէր: 5Այն ատեն Ասորւոց Ռասին թագաւորը ու Իսրայէլի թագաւորը, Ռովմելայի որդին Փակէէ, Երուսաղէմի վրայ պատերազմելու ելան, ու Աքազը պաշարեցին, բայց պատերազմը շարունակելու կարող չեղան: 6Այն ատեն Ասորւոց Ռասին թագաւորը Ելաթը Ասորիներուն դարձուց, և Յուդայեանները Ելաթէ վռնտեց, ու Ելաթ եկան ու հոն բնակեցան մինչև այսօր: 7Եւ Աքազ Ասորեստանի Թագղաթ-փաղասար թագաւորին դեսպաններ ղրկեց ու ըսաւ, Ես քու ծառադ ու որդիդ եմ. ելիր ու զիս ազատէ Ասորւոց թագաւորին ձեռքէն ու Իսրայէլի թագաւորին ձեռքէն, որոնք իմ վրաս ելեր են: 8Եւ Աքազ Տէրոջը տանը մէջ ու թագաւորին տանը գանձերուն մէջ գտնուած արծաթը ու ոսկին առաւ, և Ասորեստանի թագաւորին ընծայ ղրկեց: 9Ու Ասորեստանի թագաւորը անոր մտիկ ըրաւ, և Ասորեստանի թագաւորը Դամասկոսի վրայ գնաց, ու զանիկա առաւ, և անոր բնակիչները Կիր գերի տարաւ, ու Ռասինը մեռցուց: 10Ու Աքազ թագաւորը Ասորեստանի Թագղաթ-փաղասար թագաւորը դիմաւորելու համար Դամասկոս գնաց, ու Դամասկոսի մէջ եղած սեղանը տեսաւ. և Աքազ թագաւորը այն սեղանին օրինկաը ու ձեւը՝ անոր բոլոր շինուածքին համեմատ Ուրիա քահանային ղրկեց: 11Եւ Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին Դամասկոսէ ղրկած օրինակին նման մը շինեց. մինչև Աքազ թագաւորին Դամասկոսէ գալը Ուրիա քահանան այնպէս ըրաւ: 12Ու երբ թագաւորը Դամասկոսէ եկաւ, թագաւորը սեղանը տեսաւ, և թագաւորը սեղանին մօտեցաւ, ու անոր վրայ ողջակէզ մատուց. 13Եւ իր ողջակէզը ու հացի ընծան այրեց ու նուէրը թափեց, և իր խաղաղութեան զոհին արիւնը այն սեղանին վրայ սրսկեց: 14Ու Տէրոջը առջև եղող պղնձէ սեղանը տանը առջեւէն, այսինքն նոր սեղանին ու Տէրոջը տանը մէջտեղէն, քաշեց, ու զանիկա նոր սեղանին քով դրաւ դէպ ի հիւսիս: 15Եւ Աքազ թագաւորը Ուրիա քահանային հրամայեց՝ ըսելով, Մեծ սեղանին վրայ առտուան ողջակէզը ու իրիկուան հացի ընծան, և թագաւորին ողջակէզը ու անոր հացի ընծան, ու երկրին բոլոր ժողովուրդին ողջակէզը և անոնց հացի ընծան ու անոնց նուէրները մատուցանես. ու ողջակէզներուն բոլոր արիւնը, և զոհերուն բոլոր արիւնը անոր վրայ սրսկես, ու պղնձէ սեղանը իմս ըլլայ՝ հոն հարցնելու համար: 16Եւ Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին բոլոր հրամայածին պէս ըրաւ: 17Ու Աքազ թագաւորը մեքենովթներուն սպառուածները կտրեց, ու աւազանները անոնց վրաէն վերցուց, ծովն ալ իր տակ եղող պղնձէ եզներուն վրայէն իջեցուց, ու զանիկա քարայատակի մը վրայ դրաւ: 18Եւ Տէրոջը տանը մէջ շինուած շաբաթին ծածկոցը ու թագաւորին դուրսի ճամբան Ասորեստանի թագաւորին պատճառաւ Տէրոջը տունը դարձուց: 19Եւ Աքազի գործերուն մնացորդ պատմութիւնը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած է: 20Եւ Աքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ. և անոր տեղ անոր որդին Եզեկիա թագաւոր եղաւ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981