Չորրորդ Թագավորաց գիրք
17
Իսրայէլի Ովսէէ թագաւորը
1Յուդայի Աքազ թագաւորին երկոտասաներորդ տարին Իսրայէլի վրայ Էլայի որդին Ովսէէ թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու ինը տարի թագաւորեց: 2Եւ ՏԷրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, բայց ոչ իրմէ առաջ եղող Իսրայէլի թագաւորներուն պէս: 3Ասոր դէմ ելաւ Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը, և Ովսէէ անոր ծառայ եղաւ ու անոր հարկ կու տար: 4Եւ Ասորեստանի թագաւորը Ովսէէի վրայ նենգութիւն գտաւ, որովհետև անիկա Եգիպտոսի Սովա թագաւորին դեսպաններ ղրկեր էր, ու Ասորեստանի թագաւորին ամէն տարուան պէս հարկ վճարած չէր. անոր համար Ասորեստանի թագաւորը զանիկա բռնեց ու բանտի մէջ կապեց: 5Եւ Ասորեստանի թագաւորը բոլոր երկրին վրայ ելաւ. Սամարիայի վրայ ալ ելաւ, ու զանիկա երեք տարի պաշարեց:
Սամարիայի անկումը
6Ովսէէի իններորդ տարին Ասորեստանի թագաւորը Սամարիան առաւ, ու Իսրայէլը Ասորեստան փոխադրեց, և զանոնք Գովզան գետին քով Քաղայի ու Քաբովրի մէջ՝ ու Մարաց քաղաքներուն մէջ բնակեցուց: 7Քանզի Իսրայէլի որդիները զիրենք Եգիպտոսի երկրէն, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ձեռքին տակէն, հանող իրենց Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցին, և ուրիշ աստուածներէն վախցան. 8Ու Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն կանոններուն համեմատ՝ և Իսրայէլի թագաւորներուն ըրած կանոններուն համեմատ քալեցին: 9Ու Իսրայէլի որդիները իրենց Տէր Աստուծոյն առջև ուղիղ չեղած բաները գաղտուկ ըրին, և իրենց ամէն քաղաքներուն մէջ, պահապանաց աշտարակէն մինչև պարսպաւոր քաղաքը, իրենց բարձր տեղեր շինեցին: 10Ու անոնք ամէն բարձր բլուրներու վրայ և ամէն կանանչ ծառերու տակ իրենց արձաններ ու Աստարովթի կուռքեր* կանգնեցին. 11Եւ հոն ամէն բարձր տեղերու վրայ խունկ ծխեցին՝ Տէրոջը անոնց առջեւէն վռնտած ազգերուն պէս, ու չար գործեր ըրին ու Տէրը բարկացուցին. 12Եւ կուռքերու ծառայութիւն ըրին, որոնց համար Տէրը անոնց ըսեր էր թէ Այդ բանը մի ընէք: 13Ու Տէրը բոլոր մարգարէներուն ու բոլոր տեսանողներուն ձեռքով Իսրայէլի ու Յուդայի վկայութիւն ընելով՝ ըսեր էր, Ձեր չար ճամբաներէն դարձէք, և իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահեցէք, այն ամէն օրէնքին համեմատ՝ զոր ձեր հայրերուն պատուիրեցի, ու իմ ծառաներուս, մարգարէներուն, ձեռքով ձեզի ղրկեցի: 14Բայց անոնք մտիկ չըրին, հապա իրենց պարանոցը իրենց ՏԷր Աստուծոյն չհաւատացող իրենց հայրերուն պարանոցին պէս խստացուցին. 15Եւ անոր կանոնները ու իրենց հայրերուն հետ անոր ըրած ուխտը և անոր տուած վկայութիւննեը մէկդի ձգեցին, ու սնապաշտութեան ետեւէ գացին ու սնապաշտ եղան, և իրենց չորս կողմը գտնուած ազգերուն հետեւող եղան, որոնց համար Տէրը իրենց պատուիրեր էր որ անոնց պէս չընեն: 16Բայց իրենց Տէր Աստուծոյն բոլոր պատուիրանքները թողուցին, և իրենց երկու հատ ձուլածոյ որթ շինեցին, ու Աստարովթի կուռք շինեցին, ու երկինքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրին, և Բահաղի ծառայեցին. 17Ու իրենց տղաքները ու աղջիկները կրակէ անցուցին, և կախարդութիւն ու հմայութիւն ըրին, և զիրենք ծախեցին Տէրոջը առջև չարութիւն ընելու ու զանիկա բարկացնելու: 18Ուստի Տէրը Իսրայէլի խիստ բարկացաւ, ու զանոնք իր երեսէն ձգեց. այնպէս որ ուրիշը չմնաց, բայց միայն Յուդայի ցեղը: 19Յուդա ալ իր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները չպահեց, հապա Իսրայէլի ըրած կանոններովը քալեց: 20Եւ Տէրը Իսրայէլի բոլոր սերունդը մերժեց, ու զանոնք չարչարեց, և զանոնք յափշտակող-ներուն ձեռքը մատնեց, մինչև որ զանոնք բոլորովին իր երեսէն ձգեց. 21Քանզի Իսրայէլը Դաւիթի տունէն պատռեց. անոնք ալ Նաբատեան Յերոբովամը թագաւոր դրին, ու Յերոբովամ Իսրայէլը Տէրոջը հետեւելէն արգիլեց, ու անոնց մեծ մեղք գործել տուաւ: 22Եւ Իսրայէլի որդիները Յերոբովամի բոլոր ըրած մեղքերուն մէջ քալեցին, անոնցմէ ետ չկեցան: 23Մինչև որ Տէրը Իսրայէլը իր առջեւէն վերցուց, ինչպէս իր բոլոր ծառաներուն, մարգարէներուն, ձեռքով խօսեր էր: Այսպէս Իսրայէլ իր երկրէն Ասորեստան փոխադրուեցաւ մինչև այսօր:
Ասորեստանցիները Իսրայէլի մէջ կը հաստատուին
24Ու Ասորեստանի թագաւորը Բաբելոնէ, Քութայէ, Աւայէ, Եմաթէ ու Սեփարուիմէ մարդիկ բերաւ, ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ Իսրայէլի որդիներուն տեղը բնակեցուց. և անոնք Սամարիան ժառանգեցին, ու անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցան: 25Ու երբ անոնք սկսան հոն բնակիլ, Տէրոջմէ չէին վախնար. ու Տէրը անոնց մէջ առիւծներ ղրկեց, որ զանոնք կը մեռցնէին: 26Եւ Ասորեսատնի թագաւորին խօսեցան ու ըսին, Այն ազգերը զորոնք դուն փոխադրեցիր ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուցիր, այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը չեն գիտեր. ու անիկա անոնց մէջ առիւծներ ղրկեր է, և ահա զանոնք կը մեռցնեն՝ այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը չգիտնալնուն համար: 27Այն ատեն Ասորեստանի թագաւորը հրաման ըրաւ՝ ըսելով, Ձեր անկէ գերի առած քահանաներէն մէկը հոն տարէք, ու երթան հոն բնակին, ու անիկա այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը թող անոնց սորվեցնէ: 28Եւ Սամարիայէ գերի առնուած քահանաներէն մէկը գնաց Բեթէլի մէջ բնակեցաւ, ու անոնց կը սորվեցնէր թէ ի՛նչպէս Տէրոջմէ վախնալու էին: 29Եւ ամէն մէկ ազգ իր աստուածները կը շինէր, ու Սամարացւոց շինած բարձր տեղերուն տուները կը դնէր ամէն մէկ ազգ իր բնակած քաղաքին մէջ: 30Եւ Բաբելացիք Սաքքովթ-բանովթը շինեցին, ու Քութացիք Ներգաղը շինեցին, ու Եմաթացիք Ասիմաթը շինեցին, 31Եւ Աւացիք Նեփասը ու Թարթակը շինեցին, ու Սեփարուիմացիք իրենց տղաքը Սեփարուիմացւոց աստուածներուն, Ադրամելէքի ու Անամելէքի, համար կրակով կ’այրէին: 32Ուստի Տէրոջմէ կը վախնային, ու իրենց՝ ամէնէն ցած մարդոցմէն բարձր տեղերուն քուրմեր կ’ընէին, որոնք անոնց համար բարձր տեղերու տուները զոհ կ’ընէին: 33Անոնք Տէրոջմէ կը վախնային, ու նաև իրենց աստուածներուն ծառայութիւն կ’ընէին այն ազգերուն արարողութիւններովը՝ որոնց մէջէն փոխադրուած էին: 34Անոնք մինչև այսօր առաջուան սովորութիւններուն պէս կ’ընէն. ոչ Տէրոջմէ կը վախնան, և ոչ իրենց կանոնները ու դատաստանները կը կատարեն, ոչ ալ այն օրէնքը ու պատուիրանքը, զոր Տէրը Յակոբի որդիներուն տուաւ, որուն անունը Իսրայէլ դրեր էր: 35Եւ Տէրը անոնց հետ ուխտ ըրեր էր, ու անոնց պատուիրեր էր՝ ըսելով, Ուրիշ աստուածներէն չվախնաք, ու անոնց երկրպագութիւն չընէք, և անոնց ծառայութիւն չընէք, ու անոնց զոհ չմատուցանէք. 36Հապա ձեզ Եգիպտոսի երկրէն մեծ զօրութիւնով ու բարձր բազուկով հանող Տէրոջմէն վախնաք, և անոր երկրպագութիւն ընէք, ու անոր զոհ մատուցանէք. 37Եւ ձեզի համար գրած կանոնները, դատաստաննեը, օրէնքը ու պատուիրանքը միշտ զգուշութեամբ ի գործ դնէք, և ուրիշ աստուածներէն չվախնաք. 38Ու ձեզի հետ ըրած ուխտս չմոռնաք, և ուրիշ աստուածներէն չվախնաք. 39Հապա ձեր Տէր Աստուծմէն վախնաք, ու անիկա ձեր ամէն թշնամիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ: 40Բայց անոնք հնազանդութիւն չըրին, հապա իրենց առաջուան սովորութիւններուն պէս կ’ընէին: 41Այս ազգերն ալ թէպէտ Տէրոջմէ կը վախնային, բայց իրենց կուռքերուն ալ ծառայութիւն կ’ընէին. նաև անոնց որդիները ու անոնց որդիներուն որդիները մինչև այսօր իրենց հայրերուն ըրածին պէս կ’ընեն:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981