Չորրորդ Թագավորաց գիրք

18

Յուդայի Եզեկիա թագաւորը

1Եւ Իսրայէլի թագաւորին, Էլայի որդւոյն Ովսէէի, երկրորդ տարին Յուդայի Աքազ թագաւորին որդին Եզեկիա թագաւոր եղաւ: 2Քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Աբիա էր, ու Զաքարիայի աղջիկն էր: 3Եւ իր հօրը Դաւիթի բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջև ուղղութիւն ըրաւ: 4Ասիկա բարձր տեղերը վերցուց, ու արձանները կոտրտեց, և Աստարովթի կուռքերը կտրեց, ու Մովսէսի շինած պըղընձէ օձը կտոր կտոր ըրաւ, (քանզի մինչև այն օրերը Իսրայէլի որդիները անոր կը ծխէին,) ու զանիկա Նէեսթան կոչեց: 5Անիկա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ապաւինեցաւ. և անկէ ետքը Յուդայի բոլոր թագաւորներուն մէջ անոր նմանը չեղաւ, ոչ ալ անկէ առաջ եղողներուն մէջ. 6Ու Տէրոջը յարեցաւ և անոր ետեւէն չխոտորեցաւ, ու Տէրոջը Մովսէսի պատուիրած պատուիրանքները պահեց: 7Եւ Տէրը անոր հետ էր, և ուր որ կ’երթար յաջողութիւն կը գտնէր: Եւ Ասորեստանի թագաւորէն ապստամբեցաւ ու անոր ծառայութիւն չըրաւ: 8Անիկա Փղշտացիները զարկաւ մինչև Գազա ու անոր սահմանները՝ պահապանաց աշտարակէն մինչև պարսպաւոր քաղաքը: 9Եւ եղաւ որ Եզեկիա թագաւորին չորրորդ տարին, որ Իսրայէլի թագաւորին, Էլայի որդւոյն Ովսէէի, եօթներորդ տարին էր, Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը Սամարիայի վրայ ելաւ, ու զանիկա պաշարեց. 10Եւ երեք տարիէն ետքը զանիկա առաւ. Եզեկիայի վեցերորդ տարին (այսինքն Իսրայէլի թագաւորին Ովսէէի իններորդ տարին) առնուեցաւ: 11Ու Ասորեստանի թագաւորը Իսրայէլը փոխադրեց, և զանոնք Գովզան գետին քով, Քաղայի ու Քաբովրի մէջ, ու Մարաց քաղաքներուն մէջ դրաւ. 12Վասն զի անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն ձայնին ականջ չդրին, ու անոր ուխտը չպահեցին, և Տէրոջը ծառային Մովսէսի պատուիրածները մտիկ չըրին ու ի գործ չդրին:

Ասորեստանցիները կը սպառնան Երուսաղէմին

13Ու Եզեկիա թագաւորին չորեքտասաներորդ տարին Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդայի բոլոր պարսպաւոր քաղաքներուն վրայ ելաւ, ու զանոնք առաւ: 14Եւ Յուդայի Եզեկիա թագաւորը Լաքիս մարդ ղրկեց Ասորեստանի թագաւորին՝ ըսելով, Մեղայ, վրայէս ետ դարձիր. ինչ որ իմ վրաս դնես՝ կը հատուցանեմ: Ու Ասորեստանի թագաւորը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին վրայ երեք հարիւր տաղանդ արծաթ ու երեսուն տաղանդ հարկ դրաւ: 15Ու Եզեկիա Տէրոջը տանը մէջ և թագաւորին տանը գանձերուն մէջ գտնուած բոլոր արծաթը տուաւ: 16Այն ատեն Եզեկիա Տէրոջը տաճարին դռներուն ու դրանդիքներուն վրայի ոսկին քակեց, որ ինք Յուդայի Եզեկիա թագաւորը զանոնք պատեր էր, ու Ասորեստանի թագաւորին տուաւ: 17Եւ Ասորեստանի թագաւորը Տարաթանը, Ռաբսարիսը ու Ռափսակը շատ զօրքով Լաքիսէ ղրկեց Եզեկիա թագաւորին. անոնք ալ ելան Երուսաղէմ եկան, ու հոն հասնելով՝ Թափիչի ագարակին ճամբան եղող վերի աւազանին ջրմուղին վրայ կայնեցան: 18Ու թագաւորը կանչեցին. և Քեղկիայի որդին Եղիակիմ, պալատին հազարապետը, ու Սեբնա ատենադպիրը ու յիշատակաց դպիր Ասափի որդին Յովաք անոնց ելան: 19Եւ Ռափսակ անոնց ըսաւ, Եզեկիայի ըսէք, Մեծ թագաւորը, Ասորեստանի թագաւորը, այսպէս կ’ըսէ. Ի՞նչ է այդ յոյսը՝ որու դուն կ’ապաւինիս. 20Դուն ըսիր, Պատերազմի համար խորհուրդ ու զօրութիւն ունիմ. բայց շրթունքի խօսքեր են. հիմա որո՞ւ ապաւինելով ինծմէ ապըստամբեցար: 21Ահա դուն այն ջախջախուած եղէգէ ցուպին, Եգիպտոսի, ապաւինեցար, որու եթէ մարդ մը կռթնի, ձեռքը պիտի մտնէ ու զանիկա պիտի ծակէ. Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը բոլոր իրեն ապաւինողներուն այնպէս է: 22Բայց եթէ ինծի ըսէք թէ Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն կ’ապաւինինք, ասիկա ան չէ՞, որուն բարձր տեղերը ու սեղանները Եզեկիա վերցուց, և Յուդայի ու Երուսաղէմի ըսաւ, Միայն այս սեղանին առջև Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն ըրէք: 23Ու հիմա տէրոջս, Ասորեստանի թագաւորին, հետ հաշտուէ*, ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ դուն քու կողմանէդ անոնց վրայ հեծնողներ դնելու կարող ես: 24Եւ իմ տէրոջս ամէնէն պզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին ի՞նչպէս կրնաս դէմ դնել, որ դուն կառքերու ու ձիերու համար Եգիպտոսի կ’ապաւինիս: 25Հիմա այս երկրին վրայ արդեօք առանց Եհովայի հրամանի՞ն ելեր եմ՝ զանիկա աւրելու համար. ինծի Եհովա ըսաւ. Այն երկրին վրայ ելիր ու զանիկա աւրէ: 26Ու Քեղկիայի որդին Եղիակիմ և Սեբնա ու Յովաք Ռափսակի ըսին, Շնորհք ըրէ, քու ծառաներուդ հետ Ասորերէն խօսէ, քանզի մենք կը հասկնանք, ու մեզի հետ Եբրայեցերէն մի խօսիր, որ պարըսպին վրայ եղող ժողովուրդը լսէ: 27Բայց Ռափսակ անոնց ըսաւ, Միթէ այս խօսքերը խօսելու համար իմ տէրս զիս քու տէրոջդ ու քեզի՞ միայն ղրկեց. չէ՞ որ այս մարդոց ալ՝ որոնք պարսպին վրայ կը նստին, ձեզի հետ իրենց աղբը ուտելու ու իրենց մէզը խմելու: 28Եւ Ռափսակ ոտք ելաւ, ու մեծ ձայնով մը Եբրայեցերէն աղաղակեց, ու խօսեցաւ՝ ըսելով, Մեծ թագաւորին, Ասորեստանի թագաւորին, խօսքը մտիկ ըրէք. 29Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ, Եզեկիա ձեզ չխաբէ, քանզի անիկա չկրնար ձեզ անոր ձեռքէն* ազատել. 30Ու Եզեկիա ձեզ Եհովայի չյուսացնէ՝ ըսելով, Եհովա մեզ անշուշտ պիտի ազատէ, ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի: 31Եզեկիայի մտիկ մի ընէք, քանզի Ասորեստանի թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. Ինծի հետ հաշտութիւն ըրէք, ու ինծի ելէք. և ամէն մարդ իր որթէն՝ ու ամէն մարդ իր թզենիէն ուտէ, և ամէն մարդ իր ջրհորին ջուրէն խմէ, 32Մինչև որ ես գամ, ու ձեզ ձեր երկրին պէս մը, ցորենի ու գինիի երկիր մը, հացի ու այգիներու երկիր մը, իւղ տուող ձիթենիներու ու մեղրի երկիր մը տանիմ, որպէս զի ապրիք ու չմեռնիք. ու Եզեկիայի մտիկ մի ընէք, քանզի ձեզ գլխէ կը հանէ՝ ըսելով, Եհովա մեզ պիտի ազատէ: 33Միթէ ազգաց աստուածները Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն՝ ամէն մէկը իր երկիրը կրցա՞ւ ազատել: 34Եմաթի ու Արփաթի աստուածները ո՞ւր են. Սեփարուիմի, Անայի ու Աւայի աստուածները ո՞ւր են. միթէ անոնք Սամարիան իմ ձեռքէս ազատեցի՞ն: 35Երկիրներուն ամէն աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովա Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ: 36Բայց ժողովուրդը լուռ կեցաւ և անոր պատասխան մը չտուաւ, քանզի թագաւորը հրաման ըրեր էր՝ ըսելով, Անոր պատասխան մի տաք: 37Ու Քեղկիայի որդին Եղիակիմ, պալատին հազարապետը, և Սեբնա ատենադպիրը ու յիշատակաց դպիր Ասափի որդին Յովաք հանդերձնին պատռած՝ Եզեկիայի գացին, ու Ռափսակի խօսքերը անոր պատմեցին:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981