Չորրորդ Թագավորաց գիրք
19
Թագաւորը Եսայիին խորհուրդին կը դիմէ
1Ու երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հանդերձները պատռեց ու քուրձ հագաւ, և Տէրոջը տունը մտաւ. 2Ու Եղիակիմ, պալատին հազարապետը, և Սեբնա ատենադպիրը ու քահանաներուն ծերերը քուրձեր հագած՝ Ամովսի որդւոյն Եսայի մարգարէին ղրկեց: 3Եւ անոր ըսին, Եզեկիա այսպէս կ’ըսէ, Այսօր նեղութեան, կշտամբանաց ու նախատանաց օր է. քանզի տղաքը մինչև ծնանելու վայրկեանը հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ: 4Կարելի է որ քու Տէր Աստուածդ Ռափսակի բոլոր խօսքերը լսէ, զոր իր տէրը, Ասորեստանի թագաւորը, ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար, ու քու Տէր Աստուածդ այն իր լսած խօսքերուն համար յանդիմանութիւն տայ. ուրեմն դուն գտնուող մնացորդին համար աղօթք ըրէ: 5Ու Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիի գացին: 6Ու Եսայի անոնց ըսաւ, Ձեր տէրոջը այսպէս ըսէք, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Մի վախնար այն լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին ծառաները զիս հայհոյեցին: 7Ահա ես անոր վրայ ոգի մը կը ղրկեմ, ու լուր մը լսելով իր երկիրը պիտի դառնայ, ու զանիկա իր երկրին մէջ սրով պիտի կործանեմ:
Ասորեստանցիները ուրիշ սպառնալիք մը կը ղրկեն
8Եւ Ռափսակ դարձաւ, ու Ասորեստանի թագաւորը գտաւ՝ որ Լեբնայի հետ կը պատերազմէր, վասն զի լսած էր որ Լաքիսէ չուեր է: 9Ու Սենեքերիմ Եթէովպացւոց Թարակա թագաւորին համար լսեց, որ կ’ըսէին, Ահա անիկա քեզի հետ պատերազմելու ելեր է. ու նորէն Եզեկիայի դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով, 10Յուդայի Եզեկիա թագաւորին այսպէս խօսիք ու ըսէք, Այն քու Աստուածդ, որու դուն ապաւիներ ես, թող քեզ չխաբէ՝ ըսէլով, Երուսաղէմ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի: 11Ահա դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին, ու ի՛նչպէս զանոնք բոլորովին կործանեցին, ու հիմա դո՞ւն պիտի ազատիս: 12Միթէ իմ հայրերուս կործանած ազգերուն, այսինքն Գովզանի, Խառանի, Ռեսեփի ու Թելասարի մէջ եղող Եդեմի որդիներուն աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն: 13Ո՞ւր է Եմաթի թագաւորը ու Արփաթի թագաւորը, ու Սեփարուիմ քաղաքին՝ Անայի և Աւայի թագաւորը: 14Ու Եզեկիա նամակը դեսպաններուն ձեռքէն առաւ ու զանիկա կարդաց, և Տէրոջը տունը ելաւ, ու Եզեկիա Տէրոջը առջև բացաւ զանիկա: 15Ու Եզեկիա Տէրոջը առջև աղօթք ըրաւ ու ըսաւ, Ով Տէր Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներուն վրայ կը նստիս, երկրի ամէն թագաւորութիւններուն վրայ Աստուած միայն դուն ես. երկինքը ու երկիրը դուն ստեղծեցիր: 16Ով ՏԷր, ականջդ խոնարհեցուր ու լսէ. ով Տէր, աչքերդ բաց ու նայէ, և լսէ Սենեքերիմի խօսքերը, որ ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար: 17Ով Տէր, իրաւցընէ Ասորեստանի թագաւորները ազգերը ու անոնց երկիրը աւրեցին, 18Եւ անոնց աստուածները կրակի տուին, վասն զի անոնք Աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ, փայտ ու քար, էին. անոր համար զանոնք կորսընցուóին: 19Եւ հիմա դուն, ով Տէր Աստուած մեր, ազատէ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրի բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան, որ Տէր Աստուած միայն դուն ես:
Եսայիի պատգամը թագաւորին
20Ու Ամովսի որդին Եսայի Եզեկիայի մարդ ղրկեց ըսելով, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին համար ինծի ըրած աղօթքդ լսեցի. 21Անոր վրայով Տէրոջը ըսած խօսքը այս է. Սիօնի կոյս աղջիկը քեզ անարգեց, քեզ ծաղր ըրաւ. Երուսաղէմի աղջիկը քու ետեւէդ գլուխ շարժեց: 22Դուն զո՞վ նախատեցիր ու հայհոյեցիր, Ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր. Եւ աչքերդ Իսրայէլի Սուրբին դէմ վեր վերցուցիր: 23Քու դեսպաններուդ ձեռքով Տէրը նախատելով՝ ըսիր, Իմ կառքերուս շատութիւնովը լեռներուն բարձրութիւնը, Լիբանանու քովերը, ելայ, Ու անոր բարձր եղեւինները Եւ ընտիր մայրերը պիտի կտրեմ*. Ու անոր վերջին բնակութիւնը Անոր Կարմեղոսին անտառը պիտի մտնեմ*, 24Ես փորեցի ու օտար ջուրերը խմեցի, Ու պաշարուած տեղերուն* բոլոր գետերը Ոտքերուս թաթերովը ցամքեցուցի: 25Միթէ լսած չե՞ս որ ասիկա շատոնցմէ ես կազմեցի, Ու առաջուան օրերէն ի վեր ձեւակերպեցի. Հիմա հասուցի, Որպէս զի դուն պարսպաւոր քաղաքները աւերակի հողակոյտներու դարձնես: 26Ուստի անոնց բնակիչներուն ձեռքը կարճ ըլլալուն համար Զարհուրեցան ու ամչցան. Անոնք դաշտի խոտի պէս Եւ կանանչ բանջարի պէս, Տանիքի խոտի պէս Եւ դեռ չհասած ու խորշակէն զարնու-ած հունձքի պէս եղան: 27Բայց ես քու բնակութիւնդ, ելլելդ ու մտնելդ, Եւ ինծի ունեցած սրտմտութիւնդ գիտեմ: 28Որովհետև ինծի ունեցած սրտմտութիւնդ Ու քու ամբարտաւանութիւնդ իմ ականջներուս ելաւ, Ես ալ իմ կարթս քու քիթդ՝ Եւ իմ սանձս քու բերանդ պիտի դնեմ, Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ ետ պիտի դարձնեմ: 29Եւ ասիկա քեզի նշան ըլլայ. Այս տարի ինքիրմէ բուսածը, Ու երկրորդ տարին ինկած հատերէն բուսածը պիտի ուտէք. Ու երրորդ տարին ցանեցէք ու հնձեցէք, Եւ այգիներ տնկեցէք ու անոնց պտուղը կերէք: 30Եւ Յուդայի տանը ազատուած մնացորդը Վարէն արմատ պիտի արձակէ, Ու վերէն պտուղ պիտի տայ, 31Քանզի Երուսաղէմէ մնացորդ՝ Ու Սիօն լեռնէն ազատուած պիտի ելլէ. Ասիկա զօրաց Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ: 32Ասոր համար Ասորեստանի թագաւորին վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Անիկա այս քաղաքը պիտի չմտնէ, Ու անոր նետ պիտի չնետէ, Եւ անոր առջև վահանով պիտի չգայ, Ու անոր դէմ պատնէշ պիտի չկանգնէ. 33Իր եկած ճամբայէն ետ պիտի դառնայ, Ու այս քաղաքը պիտի չմտնէ, կ’ըսէ Տէրը: 34Եւ այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ, Ու զանիկա ազատեմ ինծի համար Ու իմ ծառայիս Դաւիթի համար: 35Ու եղաւ որ այն գիշերը Տէրոջը հրեշտակը ելաւ, և Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունըհինգ հազար մարդ զարկաւ. ու երբ առաւօտուն կանուխ ելան, ահա անոնց ամէնը մեռած մարմիններ էին: 36Եւ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը չուեց գնաց, ու դարձաւ Նինուէի մէջ նստաւ: 37Ու երբ անիկա իր աստուծոյն Նեսրաքի տանը մէջ երկրպագութիւն կ’ընէր, անոր որդիները Ադրամելէք ու Սարասար զանիկա սրով զարկին, ու Արարադի երկիրը փախան. և անոր տեղ անոր որդին Ասորդան թագաւոր եղաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981