Չորրորդ Թագավորաց գիրք

20

Եզեկիայի հիւանդութիւնը և կազդուրուիլը

1Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ: Ու Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ, ու անոր ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես ու պիտի չապրիս: 2Եւ անիկա իր երեսը պատին դարձուց, ու Տէրոջը ըրաւ՝ ըսելով, 3Ով ՏԷր, կ’աղաչեմ, քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալելս, և քու աչքիդ առջև եղածը ընելս յիշէ. ու Եզեկիա մեծ լացով մը լացաւ: 4Ու Եսայի տակաւին միջին գաւիթէն չելած՝ Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով, 5Դարձիր, ու իմ ժողովուրդիս իշխանին Եզեկիայի, ըսէ, Քու հօրդ Դաւիթի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ. ահա քեզ պիտի բժշկեմ, ու երրորդ օրը Տէրոջը տունը պիտի ելլես. 6Եւ քու օրերուդ վրայ տասնըհինգ տարի պիտի աւելցնեմ, ու քեզ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ, և այս քաղաքին պաշտպանութիւն պիտի ընեմ ինծի համար ու իմ ծառայիս Դաւիթի համար: 7Ու Եսայի ըսաւ, Քանի մը չոր թուզ առէք. ու առին և վէրքին վրայ դրին, ու ողջացաւ: 8Ու Եզեկիա Եսայիի ըսաւ, Տէրոջը զիս բժշկելուն ու երրորդ օրը Տէրոջը տունը ելլելուս նշանը ի՞նչ ըլլայ: 9Ու Եսայի ըսաւ, Ասիկա քեզի ՏԷրոջմէ նշան ըլլայ՝ թէ Տէրը իր ըսած խօքը պիտի կատարէ. Ստուերը կա՛մ տասը աստիճան առաջ երթայ, կա՛մ տասը աստիճան ետ դառնայ: 10Ու Եզեկիա ըսաւ, Ստուերին տասը աստիճան առաջ երթալը դիւրին է. ո՛չ, հապա ստուերը տասը աստիճան ետ դառնայ: 11Ու Եսայի մարգարէն Տէրոջը աղաղակեց. ու տասը աստիճան ետ դարձուց ստուերը այն աստիճաններէն որ Աքազի արեւու ժամացուցին վրայ իջած էր:

Բաբելոնի պատգամաւորները

12Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորը, Բաղադանի որդին Մարովդաք-բաղադան*, նամակներ ու ընծաներ ղրկեց Եզեկիայի, քանզի Եզեկիայի հիւանդ ըլլալը լսեր էր: 13Ու Եզեկիա անոնց մտիկ ըրաւ*, և թանկագին բաներուն բոլոր տունը, արծաթը ու ոսկին ու խունկերը և պատուական իւղը, ու իր զէնքերուն բոլոր տունը և իր գանձերուն մէջ բոլոր գտնուածը ցուցուց. իր տանը մէջ և իր բոլոր տէրութեանը մէջ բան մը չմնաց, զոր Եզեկիա անոնց չցուցնէ: 14Ու Եսայի մարգարէն Եզեկիա թագաւորին եկաւ, ու անոր ըսաւ, Այս մարդիկը ի՞նչ ըսին, և ուրկէ՞ եկան քեզի. ու Եզեկիա ըսաւ, Հեռու տեղէ, Բաբելոնէ, եկան: 15Եւ անիկա ըսաւ, Քու տանդ մէջ ի՞նչ տեսան. ու Եզեկիա ըսաւ, Տանս մէջ ինչ որ կար՝ տեսան, ու գանձերուս մէջ անոնց չցուցուցած բանս չմնաց: 16Այն ատեն Եսայի Եզեկիայի ըսաւ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ. 17Ահա օրեր կու գան, որ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ՝ ու քու հայրերդ մինչև այսօր ինչ որ ժողվեցին՝ Բաբելոն պիտի տարուին. բան մը պիտի չմնայ, կ’ըսէ Տէրը. 18Ու քեզմէ ելլելու՝ քու ծնանելու որդիներէդ պիտի առնեն, և անոնք Բաբելոնի թագաւորին պալատին մէջ ներքինիներ պիտի ըլլան: 19Ու Եզեկիա Եսայիի ըսաւ, Տէրոջը խօսքը զոր դուն ըսիր, բարի է. նաև ըսաւ, Բարի չէ՞, որովհետև իմ օրերուս մէջ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ:

Եզեկիայի թագաւորութեան վերջը

20Ու Եզեկիայի մնացորդ պատմութիւնը, և անոր բոլոր զօրութիւնը, ու շինած աւազանը ու ջրմուղը, և քաղաքը բերած ջուրը՝ ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 21Ու Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ, և անոր տեղ անոր որդին Մանասէ թագաւոր եղաւ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981