Չորրորդ Թագավորաց գիրք

21

Յուդայի Մանասէ թագաւորը

1Մանասէ տասուերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ, ու անոր մօրը անունը Էփսիփա էր: 2Եւ անիկա Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն գարշելի գործերուն պէս՝ Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ: 3Ու անիկա իր հօրը Եզեկիայի կործանած բարձր տեղերը նորէն շինեց, ու Բահաղի սեղաններ կանգնեց, և Աստարովթի մը շինեց Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին ըրածին պէս. ու երկինքի բոլոր զօրութիւններուն երկըրպագութիւն ըրաւ և անոնց ծառայութիւն ըրաւ. 4Ու սեղաններ շինեց Տէրոջը տանը մէջ, որու համար Տէրը ըսած էր թէ իմ անունս Երուսաղէմի մէջ պիտի դնեմ: 5Եւ Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ երկինքի բոլոր զօրութիւններուն սեղաններ շինեց. 6Ու իր տղան կրակէ անցուց, և գուշակութիւն ու հմայութիւն կ’ընէր, և վհուկներ ու նշանագէտներ *ունէր. և Տէրոջը առջև շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց: 7Եւ իր շինած Աստարովթի կուռքը այն տանը մէջ դրաւ, որու համար Տէրը Դաւիթի ու անոր որդւոյն Սողոմոնի ըսեր էր, Իմ անունս այս տանը մէջ, ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն իմ ընտրած Երուսաղէմիս մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան. 8Եւ Իսրայէլի ոտքը մէյմըն ալ պիտի չշարժեմ այդ երկրէն, զոր անոնց հայրերուն տուի. միայն թէ անոնք իմ ամէն պատուիրանքներս ու իմ ծառայիս անոնց պատուիրած բոլոր օրէնքը զգուշութեամբ ի գործ դնեն: 9Բայց անոնք մտիկ չըրին, ու Մանասէ այնպէս մոլորեցուց զանոնք, որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին: 10Եւ ՏԷրը իր ծառաներուն, մարգարէներուն, ձեռքով խօսեցաւ՝ ըսելով, 11Որովհետև Յուդայի Մանասէ թագաւորը այս գարշութիւնները ընելով՝ իրմէ առաջ եղող Ամօրհացւոց բոլոր ըրածներէն աւելի չարութիւն ըրաւ, ու իր կուռքերովը Յուդայի ալ գործել տուաւ, 12Անոր համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Ահա Ես Երուսաղէմի վրայ ու Յուդայի վրայ այնպիսի չարիք մը պիտի ղրկեմ, որ ամէն լսողին երկու ականջը պիտի խօսի: 13Ու Երուսաղէմի վրայ Սամարիայի լարը և Աքաաբի տանը գնդակը պիտի երկնցնեմ, ու Երուսաղէմը պիտի սրբեմ, ինչպէս մէկը աման մը կը սրբէ, ու սրբելէն ետև երեսն ի վար կը դարձնէ: 14Եւ իմ ժառանգութեանս մնացորդը պիտի մերժեմ, ու զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի տամ, ու անոնք իրենց բոլոր թշնամիներուն աւար ու յափշտակութիւն պիտի ըլլան. 15Որովհետև իմ առջեւս չարութիւն ըրին, ու իրենց հայրերուն Եգիպտոսէ ելած օրէն մինչև այսօր զիս բարկացուցին: 16Նաև Մանասէ խիստ շատ անմեղ արիւն թափեց, այնպէս որ Երուսաղէմը ծայրէ ծայր լեցուց. բաց ի այն իր մեղքէն՝ որով Տէրոջը առջև Յուդայի մեղանչելուն ու չարութիւն ընելուն պատճառ եղաւ: 17Եւ Մանասէի մնացորդ պատմութիւնը ու ամէն ըրածը և անոր գործած մեղքը՝ ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 18Ու Մանասէ իր հայրերուն հետ քնացաւ, և իր տանը պարտէզին մէջ, Ոզայի պարտէզին մէջ, թաղուեցաւ. ու անոր տեղ անոր որդին Ամոն թագաւոր եղաւ:

Յուդայի Ամոն թագաւորը

19Ամոն քսանուերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ, ու անոր մօրը անունը Մեսողոմիթ էր, ու Ետերացի Արուսի աղջիկն էր: 20Եւ անիկա իր հօրը Մանասէի ըրածին պէս Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ. 21Ու իր հօրը քալած բոլոր ճամբուն մէջ քալեց, և իր հօրը պաշտած կուռքերը պաշտեց ու անոնց երկրպագութիւն ըրաւ. 22Եւ իր հայրերուն Տէր Աստուածը թողուց ու Տէրոջը ճամբուն մէջ չքալեց: 23Եւ Ամոնի ծառաները անոր դէմ դաւաճանութիւն ըրին, ու թագաւորը իր տանը մէջ մեռցուցին: 24Ու երկրին ժողովուրդը Ամոն թագաւորին դէմ դաւաճանութիւն ընողներուն ամէնը մեռցուցին. ու երկրին ժողովուրդը անոր որդին Յովսիան անոր տեղ թագաւոր դրին: 25Եւ Ամոնի ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած է: 26Ու զանիկա Ոզայի պարտէզը՝ իր գերեզմանին մէջ թաղեցին. և անոր տեղ անոր որդին Յովսիա թագաւոր եղաւ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981