Չորրորդ Թագավորաց գիրք

23

Թագաւորը կռապաշտութիւնը կը հեռացնէ

1Եւ թագաւորը մարդ ղրկեց. ու Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր ծերերը անոր քով ժողվուեցան: 2Եւ թագաւորը ու անոր հետ Յուդայի բոլոր մարդիկը ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները, ու քահանաները և մարգարէները, ու պզտիկէն մինչև մեծը բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տունը ելան. և Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ուխտի գիրքին բոլոր խօսքերը անոնց առջև կարդաց: 3Եւ թագաւորը սիւնին քով կայնեցաւ ու Տէրոջը առջև ուխտ ըրաւ, որ այն գիրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը հաստատելու համար Տէրոջը ետեւէն երթայ, և անոր պատուիրանքները ու վկայութիւնները ու կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգւով պահէ. և բոլոր ժողովուրդը ուխտին հաւանութիւն տուաւ: 4Ու թագաւորը Քեղկիա քահանայապետին ու երկրորդ աստիճանի քահանաներուն և դրան պահապաններուն հրամայեց, որ Բահաղի համար ու Աստարովթի համար ու երկինքի բոլոր զօրութիւններուն համար շինուած գործիքներուն ամէնը Տէրոջը տաճարէն դուրս հանեն. ու զանոնք Երուսաղէմէ դուրս Կեդրոնի դաշտավայրին մէջ այրեց, ու անոնց մոխիրը տարաւ: 5Եւ Յուդայի թագաւորներուն՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի բոլորտիքը բարձր տեղերու վրայ դրած ծխող քուրմերը, և Բահաղի ու արեգակին ու լուսնին և տասուերկու կենդանակերպներուն ու երկինքի բոլոր զօրութիւններուն խունկ ծխողները վերցուց: 6Եւ Աստարովթի կուռքը Տէրոջը տունէն Երուսաղէմի դուրսը Կեդրոն հեղեղատը հանեց, ու զանիկա Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց, ու ծեծեց փոշի ըրաւ, ու փոշին ժողովուրդին որդւոցը գերեզմաններուն վրայ ցանեց. 7Եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուող Սոդոմական մեղքը գործողներուն տուները փլցուց, ուր կիները Աստարովթի վարագոյրներ կը գործէին: 8Ու Յուդայի քաղաքներէն բոլոր քահանաները բերաւ, ու Գաբայէ մինչև Բերսաբէէ պղծեց այն բարձր տեղերը, որոնց մէջ քահանաները խունկ կը ծխէին. և քաղաքի իշխանին Յեսուի դրանը բերանը՝ քաղաքին դրանը ձախ կողմը եղող դռներուն բարձր տեղերը փլցուց: 9Բայց բարձր տեղերուն քահանաները Երուսաղէմ եղող Տէրոջը սեղանը չէին ելլեր, հապա իրենց եղբայրներուն մէջ կ’ուտէին: 10Ու Ենովմի որդւոյն ձորին մէջ եղող Տօփեթը պղծեց, որպէս զի մարդ մը իր տղան կամ աղջիկը Մողոքի համար կրակէ չանցնէ: 11Ու նաև վերցուց Տէրոջը տանը դրանը առջեւէն այն ձիերը զորոնք Յուդայի թագաւորները արեգակին նուիրեր էին, և անոնք Փարուրիմ եղող Նաթանմելէք ներքինիին սենեակին քով էին. ու արեգական կուռքերը կրակով այրեց: 12Եւ Աքազի վերնատանը տանիքին վրայ Յուդայի թագաւորներուն շինած սեղանները, ու Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ Մանասէի շինած սեղանները թագաւորը փլցուց, ու անկէ բնաջինջ ըրաւ, և անոնց հողը Կեդրոն հեղեղատը նետեց: 13Ու Երուսաղէմի դիմաց, Ապականութեան լեռան աջ կողմը, Իսրայէլի թագաւորին Սիդոնացւոց գարշելիին, Աստարովթի, համար ու Մովաբացւոց գարշելիին, Քամովսի, համար ու Ամմոնի որդւոց գարշելիին, Մեղքոմի, համար շինած բարձր տեղերը թագաւորը պղծեց. 14Եւ արձանները խորտակեց ու Աստարովթի կուռքերը կոտրտեց ու անոնց տեղը մարդու ոսկորներով լեցուց: 15Ու Բեթէլի սեղանն ալ, և Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի շինած բարձր տեղը (այն սեղանը ու բարձր տեղն ալ) փլցուց, և բարձր տեղը այրեց ու փոշի դարձուց, ու Աստարովթի կուռքը այրեց: 16Եւ Յովսիա դարձաւ ու հոն լեռանը վրայի գերեզմանները տեսաւ, և մարդ ղրկեց, գերեզմաններուն մէջի ոսկորները առաւ, ու սեղանին վրայ այրելով զանիկա պղծեց, Տէրոջը խօսքին համեմատ, զոր այս բաները խօսող Աստուծոյ մարդը բարձր ձայնով խօսեր էր: 17Եւ թագաւորը ըսաւ, Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս կոթողը զոր ես կը տեսնեմ. ու քաղաքին մարդիկը անոր ըսին, Անիկա Աստուծոյ մարդուն գերեզմանն է, որ Յուդայէ եկաւ, ու Բեթէլի սեղանին վրայ այս քու ըրած բաներդ խօսեցաւ: 18Եւ թագաւորը ըսաւ, Զանիկա թողուցէք, անոր ոսկորները մարդ մը տեղէն չշարժէ. ուստի անոր ոսկորները Սամարիայէ եկող մարգարէին ոսկորներուն հետ թող տուին: 19Ու Յովսիա Սամարիայի քաղաքներուն մէջի բոլոր բարձր տեղերուն տուներն ալ վերցուց, զորոնք Իսրայէլի թագաւորները շինելով՝ Տէրը բարկացուցեր էին. ու Բեթէլի մէջ բոլոր ըրածին պէս անոնց ալ ըրաւ: 20Եւ հոն գտնուած բարձր տեղերուն բոլոր քուրմերը սեղաններուն վրայ մորթեց, ու անոնց վրայ մարդու ոսկորներ այրեց. ետքը Երուսաղէմ դարձաւ:

Յովսիա զատիկը կը տօնէ

21Եւ թագաւորը բոլոր ժողովուրդին պատուիրեց՝ ըսելով, Ձեր Տէր Աստուծոյն զատիկ ըրէք, ինչպէս այս ուխտի գիրքին մէջ գրուած է: 22Քանզի Իսրայէլը դատող դատաւորներուն օրերէն ի վեր, և Իսրայէլի թագաւորներուն ու Յուդայի թագաւորներուն բոլոր օրերն ալ այս զատկին պէս եղած չէր. 23Բայց Յովսիա թագաւորին տասնըութերորդ տարին այս զատիկը Տէրոջը եղաւ Երուսաղէմի մէջ:

Յովսիա ուրիշ փոփոխութիւններ կ’ընէ

24Ու նաև Յովսիա վհուկները, նշանագէտները ու թերափիմները ու կուռքերը, և Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի մէջ երեւցած բոլոր գարշութիւնները վերցուց, որպէս զի Քեղկիա քահանային՝ Տէրոջը տունը գտած գիրքին մէջ գրուած օրէնքին խօսքերը հաստատէ: 25Եւ անկէ առաջ անոր նման թագաւոր մը չեղաւ, որ իր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգւովը ու բոլոր զօրութիւնովը Տէրոջը դառնայ՝ Մովսէսի բոլոր օրէնքին համեմատ. ոչ ալ անկէ ետքը անոր նմանը ելաւ: 26Բայց Տէրը Յուդայի վրայ բորբոքած իր մեծ ու սաստիկ բարկութենէն ետ չդարձաւ՝ այն բոլոր չար գործերուն* համար, որոնցմով Մանասէ զանիկա բարկացուցեր էր: 27Եւ Տէրը ըսաւ, Յուդան ալ իմ երեսէս պիտի ձգեմ, ինչպէս Իսրայէլը ձգեցի. ու պիտի մերժեմ այս քաղաքը, իմ ընտրած Երուսաղէմս, ու այս տունը՝ որու համար ըսի թէ իմ անունս հոն ըլլայ:

Յովսիայի թագաւորութեան վախճանը

28Եւ Յովսիայի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 29Անոր օրերը Եգիպտոսի թագաւորը, Փարաւոն Նեքաւով, Ասորեստանի թագաւորին վրայ Եփրատ գետը ելաւ. ու Յովսիա թագաւորը անոր դէմ ելլելու գնաց, ու անիկա Յովսիան տեսածին պէս՝ զանիկա մեռցուց Մակեդդովի մէջ: 30Եւ անոր ծառաները անոր մարմինը Մակեդդովէ կառքով Երուսաղէմ բերին, ու զանիկա իր գերեզմանին մէջ թաղեցին. ու երկրին ժողովուրդը Յովսիայի որդին Յովաքազը առին ու օծեցին, և զանիկա իր հօրը տեղ թագաւոր դրին:

Յուդայի Յովաքազ թագաւորը

31Յովաքազ քսանուիրեք տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր, ու Լեբնացի Երեմիայի աղջիկն էր: 32Եւ անիկա իր հայրերուն բոլոր ըրածին պէս, Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ: 33Ու Փարաւոն Նեքաւով զանիկա Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղայի մէջ բանտարկեց, որպէս զի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն չընէ. ու երկրին վրայ հարիւր տաղանդ արծաթ ու տաղանդ մը հարկ դրաւ: 34Եւ Փարաւոն Նեքաւով Յովսիայի որդին Եղիակիմը անոր հօրը Յովսիայի տեղ թագաւոր դրաւ, ու անոր անունը փոխեց՝ Յովակիմ կոչեց. բայց Յովաքազը առաւ տարաւ. ու անիկա հոն մեռաւ:

Յուդայի Յովակիմ թագաւորը

35Եւ Յովակիմ այն արծաթը ու ոսկին Փարաւոնի տուաւ, բայց երկրին վրայ հարկ դրաւ՝ այն արծաթը Փարաւոնի պատուիրածին պէս տալու համար. ու երկրին ժողովուրդէն, ամէն մարդուն վրայ դրուած հարկին համեմատ, արծաթը ու ոսկին առաւ, որպէս զի Փարաւոն Նեքաւովի տայ: 36Երբ Յովակիմ թագաւոր եղաւ՝ քսանըհինգ տարեկան էր, ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Զաբիդա էր, ու Ռումացի Փադայիայի աղջիկն էր: 37Եւ անիկա իր հայրերուն բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981