Չորրորդ Թագավորաց գիրք

24

1Անոր օրերը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ելաւ. ու Յովակիմ երեք տարի անոր ծառայ եղաւ, ու ետքը դարձաւ անոր դէմ ապստամբեցաւ: 2Եւ Տէրը անոր վրայ Քաղդէացւոց գունդերը ու Ասորւոց գունդերը և Մովաբացւոց գունդերը ու Ամմոնի որդիներուն գունդերը ղրկեց. զանոնք Յուդայի վրայ ղրկեց, որպէս զի զանիկա կործանէ Տէրոջը խօսքին համեմատ՝ զոր իր ծառաներուն, մարգարէներուն, ձեռքով խօսեր էր: 3Իրաւցընէ ասիկա Տէրոջը հրամանովը եղաւ Յուդայի, որպէս զի զանիկա իր առջևէն մերժէ՝ Մանասէի ըրած բոլոր մեղքերուն համար, 4Ու նաև անոր թափած անմեղ արեանը համար, քանզի Երուսաղէմը անմեղ արիւնով լեցուց. ու Տէրը չուզեց որ ներէ: 5Եւ Յովակիմի մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 6Ու Յովակիմ իր հայրերուն հետ քնացաւ, և անոր տեղ անոր որդին Յովաքին թագաւոր եղաւ: 7Ու Եգիպտոսի թագաւորը անկէ ետքը մէյմըն ալ իր երկրէն չելաւ, քանզի Բաբելոնի թագաւորը Եգիպտոսի հեղեղատէն մինչև Եփրատ գետը՝ Եգիպտոսի թագաւորին ամէն ունեցածը առեր էր:

Յուդայի Յովաքին թագաւորը

8Յովաքին տասնըութ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Նեհուսթա էր, ու Երուսաղեմացի Եղնաթանի աղջիկն էր: 9Եւ անիկա իր հօրը բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ: 10Այն ատեն Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառաները ելան, ու քաղաքը պաշարուեցաւ, 11Եւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը քաղաքին վրայ եկաւ, երբ անոր ծառաները զանիկա պաշարեր էին: 12Ու Յուդայի թագաւորը Յովաքին իր մօրը ու իր ծառաներուն և իշխաններուն ու ներքինիներուն հետ Բաբելոնի թագաւորին ելաւ. ու Բաբելոնի թագաւորը իր թագաւորութեանը ութերորդ տարին զանիկա բռնեց: 13Եւ անկէ Տէրոջը տանը բոլոր գանձերը ու թագաւորին տանը գանձերը հանեց. ու կոտրտեց այն ամէն ոսկեղէն անօթները, զորոնք Իսրայէլի թագաւորը Տէրոջը տաճարին համար շիներ էր Տէրոջը ըսածին համեմատ: 14Եւ բոլոր Երուսաղէմը, ու ամէն իշխանները և ամէն զօրաւոր մարդիկը, տասը հազար գերի, ու ամէն հիւսերը ու դարբինները քշեց տարաւ. երկրին ժողովուրդներուն աղքատներէն զատ մարդ մը չմնաց: 15Եւ Յովաքինը Բաբելոն փոխադրեց, ու թագաւորին մայրը ու թագաւորին կիները և անոր ներքինիները ու երկրին զօրաւորները Երուսաղէմէ Բաբելոն գերի տարաւ: 16Եւ բոլոր զօրաւոր մարդիկը եօթը հազար մարդ, ու հազար հիւս ու դարբին, որոնց ամէնն ալ պատերազմող կտրիճներ էին, Բաբելոնի թագաւորը զանոնք Բաբելոն գերի տարաւ: 17Եւ Բաբելոնի թագաւորը անոր տեղ անոր հօրեղբայրը Մաթանիան թագաւոր դրաւ, ու անոր անունը Սեդեկիայի փոխեց:

Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը

18Սեդեկիա քսանըմէկ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր, ու Լեբնացի Երեմիայի աղջիկն էր: 19Եւ անիկա Յովակիմի բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ: 20Քանզի Տէրոջը բարկութիւնը Երուսաղէմի ու Յուդայի վրայ էր, մինչև որ զանոնք իր երեսէն ձգէ. անոր համար Սեդեկիա Բաբելոնի թագաւորէն ապստամբեցաւ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981