Չորրորդ Թագավորաց գիրք

25

Երուսաղէմի անկումը

1Ու եղաւ որ անոր թագաւորութեանը իններորդ տարին տասներորդ ամիսը՝ ամսուն տասներորդ օրը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմի վրայ եկաւ, ու անոր դիմաց բանակեցաւ. և անոր դէմ շուջանակի պատնէշներ շինեցին. 2Ու մինչև Սեդեկիա թագաւորին մետասաներորդ տարին քաղաքը պաշարման մէջ էր: 3Եւ ամսուն իննին քաղաքին մէջ սաստիկ սով կար, ու երկրին ժողովուրդը չունէր. 4Եւ քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ, ու բոլոր պատերազմողները գիշերով թագաւորի պարտէզին քով եղող երկու պարսպին մէջի դրանը ճամբայէն փախան. ու Քաղդէացիք քաղաքին բոլորտիքը կեցեր էին. ու թագաւորը դաշտին ճամբայէն գնաց: 5Եւ Քաղդէացւոց զօրքը թագաւորին ետեւէն ինկան, ու Երիքովի դաշտերուն մէջ անոր հասան. և անոր բոլոր զօրքը անոր քովէն ցրուեցաւ, 6Ու թագաւորը բռնեցին ու զանիկա Ռեբղա տարին Բաբելոնի թագաւորին, և անոր դատաստանը տեսան: 7Ու Սեդեկիայի տղաքը իր աչքերուն առջև մորթեցին, ու Սեդեկիայի աչքերը կուրացուցին, և զինքը շղթաներով կապեցին ու Բաբելոն տարին:

Տաճարին կործանումը

8Եւ Բաբելոնի թագաւորին, Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին, տասնըիններորդ տարին հինգերորդ ամիսը, ամսուն եօթներորդ օրը Բաբելոնի թագաւորի ծառան Նաբուզարդան դահճապետը եկաւ, 9Ու Տէրոջը տունը և թագաւորին տունը այրեց, ու Երուսաղէմի բոլոր տուները ու ամէն մեծ տուները կրակով այրեց: 10Եւ դահճապետին հետ եղող Քաղդէացւոց բոլոր զօրքերը Երուսաղէմի շրջակայ պարիսպները փլցուցին: 11Ու քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդին մնացորդը, ու Բաբելոնի թագաւորին իյնող փախստականները ու մնացած բազմութիւնը Նաբուզարդան դահճապետը գերի տարաւ: 12Եւ դահճապետը երկրին աղքատներէն թողուց այգեգործներ ու երկրագործներ ըլլալու համար: 13Եւ Քաղդէացիք Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ սիւները ու մեքենովթները, ու Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ ծովը կտոր կտոր ըրին, ու անոնց պղինձը Բաբելոն տարին: 14Եւ թաղարները ու թիակները և բազմակալները ու խնկամանները ու պաշտօնի համար գործածուած բոլոր պղնձէ անօթները առին: 15Եւ դահճապետը ոսկիէ ու արծաթէ բուրվառները ու կոնքերը առաւ*. 16Նաև Սողոմոնի՝ Տէրոջը տանը համար շինած երկու սիւները, մէկ ծովը ու մեքենովթները. բոլոր այս գործիքներուն պղինձը կշիռքի չէր գար: 17Մէկ սիւնին բարձրութիւնը տասնըութ կանգուն էր, և անոր վրայ պղնձէ խոյակ կար, ու խոյակին բարձրութիւնը երեք կանգուն էր. և խոյակին վրայ շուրջանակի ցանցակերպ զարդ ու նուռեր կային, ամէնն ալ պղնձէ էին. ու միւս սիւնն ալ ցանցակերպ զարդով այնպէս էր:

Յուդայի բնակիչները Բաբելոն կը տարուին

18Եւ դահճապետը առաջին քահանան Սարայիան ու երկրորդ քահանան Սոփոնիան ու երեք դռնապանները առաւ. 19Եւ քաղաքէն մը առաւ, որ պատերազմող մարդոց զօրագլուխն էր. ու թագաւորին առջև կայնողներէն* քաղաքին մէջ գտնուած հինգ մարդ, ու երկրին ժողովուրդը զինուորութեան գրող՝ զօրքին մեծ գրագիրը, և քաղաքին մէջ գտնուած երկրին ժողովուրդէն վաթսուն մարդ առաւ: 20Ու Նաբուզարդան դահճապետը զանոնք առաւ, ու Բաբելոնի թագաւորին՝ Ռեբղա տարաւ: 21Եւ Բաբելոնի թագաւորը զանոնք զարկաւ, ու Եմաթի երկրին Ռեբղային մէջ զանոնք մեռցուց: Այսպէս Յուդա իր երկրէն գերի տարուեցաւ:

Գոդողիա կուսակալ Յուդայի

22Բայց Յուդայի երկրին մէջ մնացած ժողովուրդը՝ զոր Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հոն թողուցեր էր, անոնց վրայ Սափանեան Աքիկամի որդին Գոդողիան կուսակալ դրաւ: 23Եւ զօրաց բոլոր իշխանները իրենց մարդոցմով երբ լսեցին որ Բաբելոնի թագաւորը Գոդողիան կուսակալ ըրեր է, Գոդողիայի՝ Մասփա եկան, այսինքն Նաթանիայի որդին Իսմայէլ, Կարէի որդին Յօհանան, ու Թանհումեթի որդին Նետոփաթացի Սարայիա, ու Մաքաթիի որդին Յեզոնիա, թէ՛ իրենք և թէ՛ իրենց մարդիկը: 24Ու Գոթողիա անոնց ու անոնց մարդոցը ըրաւ, ու անոնց ըսաւ, Քաղդէացիներուն ծառայութիւն ընելէն* մի վախնաք. այս երկրին մէջ բնակեցէք, և Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն ըրէք, ու ձեզի աղէկ պիտի ըլլայ: 25Եւ եղաւ որ եօթներորդ ամիսը թագաւորներուն սերունդէն եղող Եղիսամայի որդւոյն Նաթանիայի որդին Իսմայէլ տասը մարդով եկաւ. ու Գոդողիան զարկին ու մեռաւ, նոյնպէս ալ անոր հետ Մասփա եղող Հրեաները ու Քաղդէացիները: 26Եւ բոլոր ժողովուրդը, պզտիկէն մինչև մեծը, ու զօրքերուն իշխանները ելան գացին, քանզի Քաղդէացիներէն վախցան:

Յովաքին գերութենէն կը դառնայ

27Ու եղաւ որ Յուդայի Յովաքին թագաւորին գերութեանը երեսունըեօթնե-րորդ տարին երկոտասաներորդ ամիսը, ամսուն քսանըեօթներորդ օրը, Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը, իր թագաւոր եղած տարին, Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց ու զանիկա բանտէն հանեց. 28Եւ անոր հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ, ու անոր աթոռը Բաբելոնի մէջ իրեն հետ եղող թագաւորներուն աթոռէն վեր դրաւ. 29Եւ անոր բանտի լաթերը փոխեց, ու անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ միշտ անոր առջև հաց կ’ուտէր: 30Եւ անոր ռոճիկը մշտատև ռոճիկ ըլլալով, անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ թագաւորի կողմէն օրէ օր անոր կը տրուէր:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981