Չորրորդ Թագավորաց գիրք

3

Իսրայէլի և Մովաբի պատերազմը

1Եւ Աքաաբի որդին Յովրամ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին տասնըութերորդ տարին՝ Սամարիայի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, ու տասուերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ 2Եւ անիկա Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, բայց ոչ իր հօրը ու իր մօրը պէս, քանզի անիկա իր հօրը շինած Բահաղի կուռքը վերցուց։ 3Բայց Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերուն յարեցաւ, անոնցմէ չզատուեցաւ։ 4Եւ Մովաբի Մեսա թագաւորը հօտերու տէր ըլլալով՝ Իսրայէլի թագաւորին հարիւր հազար գառ ու հարիւր հազար գեղմնաւոր խոյ կու տար։ 5Բայց Աքաաբի մեռնելէն ետքը Մովաբի թագաւորը Իսրայէլի թագաւորին դէմ ապստամբեցաւ։ 6Եւ այն օրը Յովրամ թագաւորը Սամարիայէ ելաւ ու բոլոր Իսրայէլը համրեց, 7Ու գնաց, և Յուդայի Յովսափատ թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով, Մովաբի թագաւորը ինծի դէմ ապստամբեցաւ. ինծի հետ Մովաբի վրայ պատերազմելու կ’երթա՞ս։ Ու անիկա ըսաւ, Կ՛երթամ. ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս քու ժողովուրդիդ պէս՝ ու ձիերս քու ձիերուդ պէս են։ 8Եւ անիկա ըսաւ, Ո՞ր ճամբայէն երթանք։ Ան ալ ըսաւ, Եդովմի անապատին ճամբայէն։ 9Եւ Իսրայէլի թագաւորը, Յուդայի թագաւորը ու Եդովմի թագաւորը գացին, ու եօթը օրուան ճամբայ պտըտեցան. և անոնց հետ եղող բանակին ու անասուններուն համար չկար։ 10Այն ատեն Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ, Ափսո՜ս, Տէրը այս երեք թագաւորները Մովաբի ձեռքը տալու կանչեր է։ 11Եւ Յովսափատ ըսաւ, Այս տեղ Տէրոջը մը չկա՞յ, որպէս զի անոր միջոցով Տէրոջը հարցնենք։ Ու Իսրայէլի թագաւորին ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Եղիայի ձեռքերուն ջուր լեցնող Սափատեան Եղիսէ հոս է։ 12Եւ Յովսափատ ըսաւ, Անոր քով Տէրոջը խօսքը կայ. ու Իսրայէլի թագաւորը և Յովսափատ ու Եդովմի թագաւորը անոր իջան։ 13Ու Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ, Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս. դուն քու հօրդ մարգարէներուն ու քու մօրդ մարգարէներուն գնա: Եւ Իսրայէլի Թագաւորը անոր ըսաւ, Ոչ, վասն զի Տէրը այս երեք թագաւորը Մովաբի ձեռքը մատնելու կանչեր է: 14Ու Եղիսէ ըսաւ, Զօրաց Տէրը, որուն առջև կը կայնիմ, կենդանի է որ, եթէ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին վրայ համարում չունենայի, բնաւ քու երեսդ պիտի չնայէի, ու քեզ պիտի չտեսնէի: 15Եւ հիմա ինծի նուագածու մը բերէք. ու երբ նուագածուն նուագարանը կը զարնէր, անոր վրայ Տէրոջը ձեռքը եղաւ. 16Ու ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Այս հեղեղատը փոս փոս ըրէք. 17Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Հով պիտի չտեսնէք ու անձրև պիտի չտեսնէք. բայց այս հեղեղատը ջրով պիտի լեցուի, և պիտի խմէք դուք ու ձեր հօտերը ու ձեր անասունները: 18Սակայն ասիկա Տէրոջը առջև պզտիկ բան մը ըլլալով, Մովաբն ալ ձեր ձեռքը պիտի մատնէ. 19Եւ ամէն պարսպաւոր քաղաքը ու ամէն ընտիր քաղաքը պիտի զարնէք, և ամէն ազնիւ ծառերը կոտրէք, ու ամէն ջուրի աղբիւրները գոցէք, ու ամէն ընտիր արտերը քարերով աւրէք. 20Եւ առաւօտուն զոհին մատուցուած ատենը՝ ահա Եդովմի ճամբայէն ջուրեր կու գային, ու երկիրը ջրով լեցուեցաւ: 21Ու երբ բոլոր Մովաբացիք լսեցին որ թագաւորները ելեր են իրենց հետ պատերազմելու, ամէն կապելու կարողութիւն ունեցողները ժողվուեցան, ու սահմանագլուխը կայնեցան: 22Եւ առաւօտուն կանուխ ելան, ու արեւուն ճառագայթները ջուրերուն վրայ զարկած ըլլալով՝ Մովաբացիք դիմացէն այն ջուրերը արիւնի պէս կարմիր տեսան, 23Ու ըսին, Ասիկա արիւն է. անտարակոյս թագաւորները իրարու հետ կռուեր են, ու մէկզմէկ զարկեր են. հիմա, ով Մովաբացիք, աւարը ժողվենք: 24Այսպէս անոնք Իսրայէլի բանակը գացին, ու Իսրայէլացիք ելան Մովաբացիները զարկին, որոնք անոնց երեսէն փախան ու Իսրայելացիք Մովաբացիները զարնելով՝ անոնց երկիրը մտան. 25Եւ քաղաքները կործանեցին, ու ամէն ընտիր արտերու մէջ ամէն մարդ իր քարը նետեց, ու զանոնք լեցուցին, և ամէն ջուրի աղբիւրները գոցեցին, ու ամէն ազնիւ ծառերը կոտրեցին, այնպէս որ միայն Կիրհարէսէթի քարերը թողուցին. ու պարսաւորները զանիկա պաշարեցին ու զարկին: 26Եւ Մովաբի թագաւորը երբ տեսաւ որ պատերազմը իր վրայ սաստկացաւ, իրեն հետ եօթը հարիւր սուսերամերկ զօրք առաւ, որպէս զի մինչև Եդովմի թագաւորը ճեղքեն անցնին, բայց չկրցան: 27Ուստի առաւ իր անդրանիկ որդին որ իր տեղ պիտի թագաւորէր, ու զանիկա պարսպին վրայ ողջակէզ ըրաւ. և Իսրայեացւոց դէմ մեծ բարկութիւն եղաւ. ու անոր վրայէն ետ քաշուեցան, ու իրենց երկիրը դարձան:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)