Չորրորդ Թագավորաց գիրք

8

Սունամացի կինը կը դառնայ

1Ու Եղիսէ խօսեցաւ այն կնոջ որուն տղան ողջնցուցեր էր, ու ըսաւ, Ելիր դուն քու ընտանիքովդ գնա, և ուր որ կրնաս՝ հոն պանդխտութիւն ըրէ, վասն զի Տէրը սովը կանչեց. և ահա կու գայ եօթը տարի այս երկրին վրայ մնալու: 2Ու այն կինը ելաւ ու Աստուծոյ մարդուն ըսածին պէս ըրաւ. և ինք իր ընտանիքովը գնաց ու Փղշտացւոց երկրին մէջ եօթը տարի պանդխտութիւն ըրաւ: 3Եւ եօթը տարուան լմննալէն ետքը այն կինը Փղշտացւոց երկրէն դարձաւ, և իր տանը համար ու իր արտին համար թագաւորին բողոքելու գնաց: 4Ու թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ծառային Գէեզիի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ, Եղիսէի ըրած բոլոր մեծ գործերը ինծի պատմէ: 5Ու երբ անիկա թագաւորին կը պատմէր, թէ ի՛նչպէս անիկա մեռած տղան ողջնցուց, ահա այն կինը՝ որուն տղան ողջնցուցեր էր, իր տանը համար և իր արտին համար թագաւորին կը բողոքէր. ու Գէեզի ըսաւ, Ով տէր իմ թագաւոր, այս է այն կինը, ու այս է այն տղան զոր Եղիսէ ողջնցուց: 6Եւ թագաւորը կնոջ հարցուց, ու անիկա անոր պատմեց: Ու թագաւորը մը տուաւ անոր ու ըսաւ, Ասոր ամէն ստացուածքը, նաև երկիրը թողած օրէն մինչև հիմա իր արտին բոլոր արդիւնքը իրեն դարձուր:

Եղիսէ և Սուրիոյ Բենադադ թագաւորը

7Ու Եղիսէ Դամասկոս գնաց: Եւ Ասորւոց Բենադադ թագաւորը հիւանդացեր էր. ու անոր պատմեցին ու ըսին թէ Աստուծոյ մարդը հոս եկաւ: 8Եւ թագաւորը Ազայէլի ըսաւ, Ձեռքդ ընծայ առ ու գնա Աստուծոյ մարդը դիմաւորէ, ու անոր միջոցով Տէրոջը հարցուր թէ արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ: 9Եւ Ազայէլ զանիկա դիմաւորելու գնաց. ու ձեռքը ընծայ առաւ, այսինքն Դամասկոսի բոլոր բարիքներէն քառասուն ուղտ բեռնաւորուած, ու գնաց և անոր առջև կայնեցաւ ու ըսաւ, Քու որդիդ Ասորւոց Բենադադ թագաւորը զիս քեզի ղրկեց՝ ըսելով, Արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ: 10Ու Եղիսէ անոր ըսաւ, Գնա անոր ըսէ, Անշուշտ պիտի առողջանաս. բայց Տէրը ինծի ցուցուց, որ անիկա անշուշտ պիտի մեռնի: 11Եւ աչքերը անթարթափ կերպով տնկեց՝ մինչև որ անիկա ամչցաւ. ու Աստուծոյ մարդը լացաւ: 12Եւ Ազայէլ ըսաւ, Իմ տէրս ինչո՞ւ կու լայ: Ու անիկա ըսաւ, Անոր համար որ Իսրայէլի որդիներուն ընելու չարութիւնդ գիտեմ. անոնց ամրոցները կրակով պիտի այրես, ու անոնց կտրիճները սրով պիտի մեռցնես, և անոնց պզտիկ տղաքը գետինը պիտի զարնես, ու յղի կիները պիտի ճեղքես: 13Եւ Ազայէլ ըսաւ, Քու ծառադ ի՞նչ շուն է՝ որ այդ մեծ բաները ընէ: Ու Եղիսէ ըսաւ, Տէրը ինծի ցուցուց՝ որ դուն Ասորւոց վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս: 14Եւ անիկա Եղիսէի քովէն ելաւ ու իր տէրոջը գնաց. ու անիկա անոր ըսաւ, Եղիսէ քեզի ի՞նչ ըսաւ. և անիկա ըսաւ, Ինծի ըսաւ որ անշուշտ պիտի առողջանաս: 15Ու հետեւեալ օրը անիկա հաստ լաթ* մը առաւ, ջուրը թաթխեց ու անոր երեսին վրայ փռեց. և անիկա մեռաւ, ու Ազայէլ անոր տեղ թագաւոր եղաւ:

Յուդայի Յովրամ թագաւորը

16Եւ Իսրայէլի թագաւորին Աքաաբեան Յովրամի հինգերորդ տարին երբ Յովսափատ դեռ Յուդայի վրայ կը թագաւորէր, Յուդայի Յովսափատ թագաւորին որդին Յովրամ թագաւոր եղաւ. 17Անիկա երեսունուերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ ութ տարի թագաւորութիւն ըրաւ: 18Եւ ասիկա Աքաաբի տանը ըրածին պէս՝ Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբան բռնեց. քանզի Աքաաբի աղջիկը ասոր եղաւ. ու ասիկա Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ: 19Սակայն Տէրը Յուդան կորսնցնել չուզեց՝ իր ծառային սիրոյն համար, ինչպէս անոր տուեր էր, որ թէ՛ անոր և թէ՛ անոր որդիներուն միշտ ճրագ մը տայ: 20Ասոր օրերը Եդովմայեցիք Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան ու իրենց վրայ թագաւոր մը դրին: 21Ու Յովրամ իր բոլոր կառքերը իրեն հետ առաւ ու Սայիր անցաւ. և գիշերով ելաւ, ու իր չորս կողմը առնող Եդովմայեցիները ու կառքերու իշխանները զարկավ. և ժողովուրդը իրենց վրանները փախան: 22Բայց Եդովմայեցիք Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան մինչև այսօր: Այն ատեն Լեբնա ալ ապստամբեցաւ: 23Եւ Յովրամի մնացորդ պատմութիւնը ու բոլոր ըրածները ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակաց գիրքին մէջ գրուած են: 24Ու Յովրամ իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ. և անոր որդին Ոքոզիա անոր տեղը թագաւոր եղաւ:

Յուդայի Ոքոզիա թագաւորը

25Իսրայէլի Աքաաբեան Յովրամ թագաւորին երկոտասաներորդ տարին Յուդայի Յովրամ թագաւորին որդին Ոքոզիա թագաւոր եղաւ: 26Ոքոզիա քսանուերկու տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ. և անոր մօրը անունը Գոթողիա էր, որ Իսրայէլի Ամրի թագաւորին աղջիկն էր: 27Եւ անիկա Աքաաբի տանը ճամբուն մէջ քալեց, ու Աքաաբի տանը պէս Տէրոջը առջև չարութիւն ըրաւ, քանզի Աքաաբի տանը փեսան էր: 28Եւ անիկա Աքաաբեան Յովրամի հետ Ասորւոց Ազայէլ թագաւորին վրայ Ռամովթ-գաղաադ գնաց պատերազմելու համար, և Յովրամը վիրաւորեցին: 29Եւ Յովրամ թագաւորը դարձաւ որպէս զի Յեզրայէլի մէջ բժշկուի այն վէրքերէն զորոնք Ասորիները անոր տուեր էին Ռամովթի մէջ՝ Ասորւոց Ազայէլ թագաւորին հետ ըրած ատենը. ու Յուդայի թագաւորը Յովրամի որդին Ոքոզիա Յեզրայէլ իջաւ, Աքաաբի որդին Յովրամը տեսնելու համար. քանզի անիկա հիւանդ էր:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)