Բ Պետրոս
3
Տէրոջը գալուստին խոստումը
1Սիրելիներ, այս երկրորդ թուղթը հիմա ձեզի կը գրեմ, որոնցմով ձեր անկեղծ միտքը կ’արթնացնեմ յիշելու, 2Որպէս զի սուրբ մարգարէներէն առաջուընէ զրուցուած խօսքերը, և մեր, այսինքն Տէրոջը ու Փրկչին առաքեալներուն, պատուէրները միտքերնիդ բերէք: 3Բայց առաջ զայս գիտնաք, որ վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն, 4Եւ պիտի ըսեն, Ո՞ւր է անոր գալուն խոստմունքը, վասն զի քանի որ հայրերը քնացան, ամէն բան այնպէս կայ կը մնայ արարածներուն սկիզբէն հետէ: 5Քանզի անոնք (որոնց ուզածը այս է,) այն բանը մոռցեր են, թէ երկինք առաջուընէ եղաւ, ու երկիր ջուրերէն և ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը. 6Որով հին աշխարհը ջրհեղեղով ապականուած կորսուեցաւ. 7Եւ հիմակուան երկինքը ու երկիրը նոյն խօսքով պահպանուած են, մինչև դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորուստին օրը կրակի համար պահուած: 8Եւ այս մէկ բանը ձեզմէ ծածուկ չմնայ, սիրելիներ, որ Տէրոջը քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է, ու հազար տարին` մէկ օրուան պէս: 9Տէրը չուշացներ իր խոստմունքը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա մեզի երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ°կը կորսուի, հապա որ ամէնը ապաշխարանքի գան: 10Սակայն Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, որ ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի, ու տարերքները բռնըկած պիտի լուծուին, երկիր ալ, ու ինչ գործեր որ անոր մէջ կը գտնուին, պիտի այրուին: 11Ուստի որովհետև այս ամէն բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով 12Ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, ու տարերքները բռնկած պիտի հալին: 13Սակայն իր խոստմունքին համեմատ, նոր երկինքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւն կը բնակի: 14Ուստի, սիրելիներ, ասոնց սպասելով ջանացէք, որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով. 15Եւ մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք. ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը Պօղոս ալ իրեն տրուած իմաստութիւնովը գրեց ձեզի. 16Ինչպէս ամէն թուղթերուն մէջ ալ այս բաներուն վրայով կը խօսի. որոնց մէջ քանի մը դժուարիմաց խօսքեր կը գտնուին, զորոնք տգէտները ու անհաւատները ծուռ կողմը կը դարձնեն, ինչպէս ուրիշ գիրքերն ալ` իրենց անձին կորուստին համար: 17Ուրեմն դուք, սիրելիներ, առաջուընէ գիտնալով զգոյշ եղէք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն խաբէութենէն բռնուած` ձեր հաստատութենէն իյնաք. 18Հապա աճեցէք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովը ու գիտութիւնովը. անոր փառք հիմա ալ ու մինչև յաւիտենական օրն ալ: Ամէն:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981