Երկրորդ Թագավորաց գիրք

1

Դաւիթ Սաւուղին մեռնիլը կը լսէ

1Եւ Սաւուղի մեռնելէն ետքը, երբ Ամաղեկացիները զարնելէն դարձեր էր, ու երկու օր Սիկելակի մէջ նստեր էր, 2Երրորդ օրը ահա բանակէն, Սաւուղի քովէն, մէկը եկաւ, որուն հանդերձները պատռուած էին ու գլխուն վրայ հող կար. և անիկա Դաւիթի քով գալով՝ գետինը ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ: 3Եւ Դաւիթ ըսաւ անոր, Ուրկէ՞ կու գաս: Ու անիկա ըսաւ անոր, ես Իսրայէլի բանակէն փախայ: 4ԵւԴաւիթ ըսաւ անոր, Բանը ի՞նչպէս եղաւ, պատմէ ինծի: Ու անիկա ըսաւ, Ժողովուրդը պատերազմէն փախաւ, ու ժողովուրդէն շատ մարդիկ ինկան մեռան. նաև ու անոր որդին Յովնաթան մեռան: 5Եւ Դաւիթ իրեն լուր բերող պատանիին ըսաւ, Սաւուղի ու անոր որդւոյն Յովնաթանի մեռնիլը ուրկէ՞ գիտես: 6Ու անոր լուր բերող պատանին ըսաւ, Դիպուածով Գեղբուէ լեռան վրայ գտնուեցայ, և ահա Սաւուղ իր նիզակին վրայ կռթներ էր, ու կառքերը և ձիաւորները անոր վրայ կը հասնէին: 7Այն ատեն ետեւը դառնալով զիս տեսաւ, ու զիս կանչեց. ես ալ ըսի, Ահա հոս եմ: 8Եւ անիկա ինծի ըսաւ, Դուն ո՞վ ես: Ես ալ անոր ըսի թէ Ամաղեկացի եմ: 9Ու անիկա ինծի ըսաւ, Կ՚աղաչեմ, իմ վրաս ելիր ու զիս մեռցուր. քանզի վրաս թմրութիւն մը եկաւ, բայց տակաւին հոգիս վրաս է: 10Այն ատեն անոր վրայ ելայ ու զանիկա մեռցուցի. քանզի ես հասկցայ որ անիկա իյնալէն ետքը պիտի չապրի. ու անոր գլխուն վրայի թագը և անոր թեւին վրայ եղած ապարանջանը առի, ու զանոնք հոս իմ տէրոջս բերի: 11Այն ատեն Դաւիթ իր հանդերձները բռնեց պատռեց, նոյնպէս ալ անոր հետ եղող բոլոր մարդիկը: 12Եւ անոնք Սաւուղի համար, ու անոր որդւոյն Յովնաթանի համար, և Տէրոջը ժողովուրդին համար, ու Իսրայէլի տանը համար սուգ բռնեցին ու լացին, ու մինչև իրիկուն ծոմ բռնեցին անոնց սրով իյնալուն համար: 13Եւ Դաւիթ իրեն լուր բերող պատանիին ըսաւ, Դուն ո՞ր տեղացի ես: Ու անիկա ըսաւ, Ես պանդուխտ Ամաղեկացիի մը զաւակ եմ: 14Եւ Դաւիթ անոր ըսաւ, Ի՞նչպէս չվախցար ձեռքդ երկնցնելու և Տէրոջը օծեալը մեռցնելու: 15Եւ Դաւիթ մանչերէն մէկը կանչեց ու ըսաւ, Մօտեցիր, ասիկա մեռցուր. և զանիկա զարկաւ, որ մեռաւ: 16Ու Դաւիթ անոր ըսաւ, Քու արիւնդ քու գլուխդ ըլլայ, քանզի քու բերանդ քեզի համար վկայութիւն տուաւ՝ ըսելով, Տէրոջը օծեալը ես մեռցուցի:

Դաւիթին ողբը Սաւուղին և Յովնաթանին համար

17Եւ Դաւիթ Սաւուղի վրայ ու անոր որդւոյն Յովնաթանի վրայ այս ողբը ըսաւ. 18Ու պատուիրեց որ Աղեղը Յուդայի որդիներուն սորվեցնեն. ահա անիկա Ուղիղին գիքին մէջ գրուած է: 19Ով Իսրայէլի փառքը, Քու բարձր տեղերուդ վրայ վիրաւորուած ինկար. Զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան: 20Գէթի մէջ մի պատմէք, Ասկաղոնի ճամբաներուն մէջ աւետիս մի տաք. Չըլլայ որ Փղշտացւոց աղջիկները ուրախանան, Չըլլայ որ անթլփատներուն աղջիկները ցնծութիւն ընեն: 21Ով Գեղբուէի լեռներ, Ձեր վրայ ոչ ցօղ գայ և ոչ անձրև, Ու երախայրի ընծաներու անդաստաններ չգտնուին. Քանզի զօրաւորներուն վահանը հոն ձգուեցաւ. Սաւուղի վահանը կարծես թէ իւղով չէր օծուած: 22Վիրաւորուածներուն արիւնէն ու զօրաւորներուն ճարպէն՝ Յովնաթանի աղեղը ետ չքաշուեցաւ, Ու Սաւուղի սուրը պարապ չդարձաւ: 23Սաւուղ ու Յովնաթան Իրենց կենդանութեան ատենը շատ սիրելի ու հաճելի ըլլալով, Իրենց մահուան ժամանակ ալ իրարմէ չզատուեցան. Արծիւներէն աւելի թեթեւաշարժ՝ Ու առիւծներէն աւելի զօրաւոր էին: 24Ով Իսրայէլի աղջիկներ, լացէք Սաւուղի համար, Որ ձեզի վայելուչ կարմիրներ կը հագցընէր, Ու ձեր հանդերձներուն վրայ ոսկիէ զարդեր կը դնէր: 25Պատերազմին մէջ զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան: Ով Յովնաթան, քու բարձր տեղերուդ վրայ մեռցուեցար: 26Քեզի համար շատ կը ցաւիմ, Ով իմ Յովնաթան. Դուն ինծի խիստ սիրելի էիր. Քու սէրդ ինծի զարմանալի էր, Կանանց սէրէն աւելի էր: 27Զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան, Ու պատերազմի զէնքերը կորսուեցան:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981