Երկրորդ Թագավորաց գիրք
10
Դաւիթ կը յաղթէ Ամմոնացիները և Սուրիացիները
1Եւ անկէ ետև Ամմոնի որդիներուն թագաւորը մեռաւ. ու անոր որդին Անոն անոր տեղ թագաւոր եղաւ: 2Եւ Դաւիթ ըսաւ, Նաասի որդւոյն Անոնի մարդասիրութիւն ընեմ, ինչպէս անոր հայրը ինծի մարդասիրութիւն ըրաւ. ու Դաւիթ իր ծառաները անոր ղրկեց, որպէս զի զանիկա իր հօրը վրայով մխիթարեն. ու Դաւիթի ծառաները Ամմոնի որդիներուն երկիրը գացին: 3Եւ Ամմոնի որդիներուն իշխանները իրենց տէրոջը Անոնի ըսին, Միթէ Դաւիթ քու հայրդ քու առջեւդ պատուելո՞ւ համար քեզի մխիթարիչներ ղրկեց. չէ՞ որ Դաւիթ իր ծառաները քեզի ղրկեց, որպէս զի քաղաքը աչքէ անցնեն ու լրտեսեն, որպէս զի ետքը զանիկա կործանէ: 4Եւ Անոն Դաւիթի ծառաները առաւ, ու անոնց մօրուքին կէսը ածիլել տուաւ, ու անոնց հանդերձներուն ալ կէսը մինչև նստոյ տեղը կտրել տուաւ, և այնպէս ղրկեց զանոնք: 5Ու երբ այս բանը Դաւիթի պատմուեցաւ, զանոնք դիմաւորելու մարդ ղրկեց, քանզի այն մարդիկը շատ անարգուեր էին. ու թագաւորը ըսաւ, Երիքովի մէջ նստէք մինչև որ մօրուքնիդ աճի, ու ետքը դարձէք: 6Եւ Ամմոնի որդիները տեսնելով որ Դաւիթի հետ աւրուեցան, Ամմոնի որդիները մարդ ղրկեցին, ու Բեթրոոբի Ասորիներէն և Սուբայի Ասորիներէն քսան հազար հետեւակ, ու Մաաքայի թագաւորէն հազար մարդ, և Իստովբէ տասուերկու հազար մարդ վարձքով բռնեցին: 7Ու երբ Դաւիթ զայս լսեց, Յովաբը ու բոլոր զօրաւոր զօրքերը ղրկեց: 8Եւ Ամմոնի որդիները ելան, ու քաղաքին դրանը առջև կարգաւ պատերազմի շարուեցան. բայց Սուբայի և Րոոբի Ասորիները, ու Իստովբ ու Մաաքա* դաշտի մէջ զատ կայներ էին: 9Եւ Յովաբ երբ տեսաւ որ պատերազմը առջեւէն ու ետեւէն իր վրայ կը հասնի, Իսրայէլի բոլոր ընտրուած մարդոցմէն ընտրեց, ու Ասորւոց դէմ պատերազմի շարեց. 10Եւ մնացած զօրքը իր եղբօրը Աբեսսայի յանձնեց, որպէս զի Ամմոնի որդիներուն դիմաց շարէ. 11Ու ըսաւ, Եթէ Ասորիները զիս յաղթելու ըլլան, ինծի օգնութեան հասնիս. և եթէ Ամմոնի որդիները քեզ յաղթելու ըլլան, ես քեզի օգնութեան պիտի հասնիմ. 12Քաջասիրտ եղիր, ու մեր ժողովուրդին համար և մեր Աստուծոյն քաղաքներուն համար ուժով պատերազմինք, ու Տէրը իր աչքին հաճոյ երեւցածը թող ընէ: 13Եւ Յովաբ իրեն հետ եղող զօրքով Ասորիներուն մօտեցաւ, որպէս զի անոնց դէմ պատերազմ ընէ. ու անոնք անոր առջեւէն փախան: 14Եւ Ամմոնի որդիները Ասորիներուն փախչիլը տեսնելով, անոնք ալ Աբեսսայի առջեւէն փախան ու քաղաքը մտան: Եւ Յովաբ Ամմոնի որդիներէն դարձաւ, ու Երուսաղէմ եկաւ: 15Երբ Ասորիները տեսան որ իրենք Իսրայէլի առջև կոտրուեցան, մէկտեղ ժողվուեցան: 16Ու Ադրազար մարդ ղրկեց, և Գետին անդիի կողմը եղող Ասորիները ոտք հանեց, ու Էլամ եկան. և անոնց առջեւէն Ադրազարի զօրագլուխը Սովբակ կ՚երթար: 17Ու երբ Դաւիթի պատմեցին, անիկա բոլոր Իսրայէլը ժողվելով՝ Յորդանանէ անցաւ ու Էլամ հասաւ. և Ասորիները Դաւիթի դիմաց գունդերով շարուեցան, ու անոր հետ պատերազմ ըրին: 18Եւ Ասորիները Իսրայէլի առջեւէն փախան. ու Դաւիթ Ասորիներէն եօթը հարիւր կառք ու քառասուն հազար ձիաւոր կոտրեց, ու անոնց զօրագլուխը Սովբակը զարկաւ, որ հոն մեռաւ: 19Եւ Ադրազարի հպատակ եղող բոլոր թագաւորները երբ տեսան որ Իսրայէլի առջև յաղթուեցան, Իսրայէլի հետ հաշտութիւն ըրին, ու անոր ծառայ եղան. և Ասորիները անկէ ետքը Ամմոնի որդիներուն օգնելու կը վախնային: