Երկրորդ Թագավորաց գիրք
11
Դաւիթ և Բերսաբէ
1Ու հետեւեալ տարին, թագաւորներուն պատերազմի ելլելու ատենը, Դաւիթ Յովաբը ու անոր հետ իր ծառաները ու բոլոր Իսրայէլը ղրկեց, որոնք Ամմոնացիները կոտրեցին, ու Ռաբբան պաշարեցին. բայց Դաւիթ Երուսաղէմ կը նստէր: 2Ու օր մը իրիկուան դէմ Դաւիթ իր անկողինէն ելլելով պալատին տանիքին վրայ կը պտըտէր, և տանիքին վրայէն կին մը տեսաւ որ կը լուացուէր, ու այն կինը տեսքով խիստ գեղեցիկ էր: 3Եւ Դաւիթ մարդ ղրկեց, ու այն կնոջ համար հարցուց. ու մէկը ըսաւ, Ասիկա Քետացի Ուրիայի կինը, Էլիամի աղջիկը, Բերսաբէ է: 4Եւ Դաւիթ պատգամաւորներ ղրկեց, ու զանիկա առաւ, ու երբ կինը անոր եկաւ, Դաւիթ անոր հետ պառկեցաւ. ու անիկա իր անմաքրութենէն դեռ նոր մաքրուած էր. ետքը կինը իր տունը գնաց. 5Եւ կինը յղացաւ, ու Դաւիթի լուր ղրկեց՝ ըսելով, Ես յղի եմ: 6Եւ Դաւիթ Յովաբի հրաման ղրկեց, ու ըսաւ, Քետացի Ուրիան ինծի ղրկէ: Յովաբ ալ Ուրիան Դաւիթի ղրկեց: 7Ու երբ Ուրիա անոր եկաւ, Դաւիթ Յովաբի ողջութիւնը ու զօրքին ողջութիւնը ու պատերազմին վիճակը հարցուց: 8Եւ Դաւիթ Ուրիայի ըսաւ, Տունդ իջիր ու ոտքերդ լուա: Եւ Ուրիա թագաւորին պալատէն ելածին պէս, անոր ետեւէն թագաւորէն պարգև գնաց: 9Բայց Ուրիա իր տէրոջը բոլոր ծառաներուն հետ պալատին դուռը պառկեցաւ, ու իր տունը չիջաւ: 10Եւ Դաւիթի պատմեցին ու ըսին թէ Ուրիա իր տունը չիջաւ: Եւ Դաւիթ Ուրիայի ըսաւ, Դուն ճամբայէ չե՞ս եկեր, ինչո՞ւ համար քու տունդ չես իջներ: 11Եւ Ուրիա ըսաւ Դաւիթի, Տապանակը ու Իսրայէլ ու Յուդա վրաններու մէջ կը նստին, և իմ տէրս Յովաբ ու իմ տէրոջս ծառաները բաց դաշտի մէջ կը բնակին, ու ես ուտելու ու խմելու և կնոջս հետ պառկելու համար իմ տո՞ւնս երթամ. դուն կենդանի ես, ու քու հոգիդ կենդանի է՝ որ ես այդ բանը չեմ ըներ: 12Եւ Դաւիթ Ուրիայի ըսաւ, Այսօր ալ հոս մնացիր, ու վաղը քեզ ղրկեմ: Եւ Ուրիա այն օրը ու հետեւեալ օրը Երուսաղէմի մէջ մնաց: 13Եւ Դաւիթ հրաւիրեց զանիկա, որ անոր առջև կերաւ խմեց. ու Դաւիթ զանիկա գինովցուց. իսկ Ուրիա իրիկունը ելաւ՝ ու իր տէրոջը ծառաներուն քով իր անկողինին մէջ պառկեցաւ. բայց իր տունը չիջաւ: 14Եւ առաւօտուն Դաւիթ նամակ մը գրեց Յովաբի, և Ուրիայի ձեռքով ղրկեց: 15Ու նամակին մէջ գրեց ու ըսաւ, Ուրիան խիստ սաստիկ պատերազմին դիմաց դրէք, ու դուք ետ քաշուեցեք, որպէս զի զարնուի ու մեռնի: 16Ու երբ Յովաբ քաղաքը պաշարեց, Ուրիան այնպիսի տեղ մը դրաւ՝ ուր զօրաւոր մարդոց գտնուիլը գիտէր: 17Եւ քաղաքին մարդիկը ելան ու Յովաբի հետ պատերազմ ըրին. և զօրքէն, Դաւիթի ծառաներէն, ինկան, ու Քետացի Ուրիա ալ մեռաւ: 18Եւ Յովաբ պատգամաւոր մը ղրկեց, ու պատերազմին բոլոր պարագաները Դաւիթի իմացուց: 19Եւ պատգամաւորին պատուիրելով՝ ըսաւ, Պատերազմին բոլոր դիպուածները թագաւորին պատմելէդ ետքը, 20Եթէ թագաւորին բարկութիւնը ելլէ, ու քեզի ըսէ թէ Ինչո՞ւ պատերազմելու համար քաղաքին մօտեցաք. չէի՞ք գիտեր որ պարսպէն նետ կը նետեն. 21Յերոբաաղի որդին Աբիմելէքը ո՞վ մեռցուց. չէ՞ որ կին մը պարսպին վրայէն երկանաքարի կտոր մը նետեց անոր վրայ, որ անիկա Թեբէսի մէջ մեռաւ. պարսպին ինչո՞ւ մօտեցաք. այն ատեն դուն ըսես, Քու ծառադ Քետացի Ուրիա ալ մեռաւ: 22Եւ պատգամաւորը գնաց, ու Յովաբի բոլոր իրեն պատուիրածը Դաւիթի պատմեց: 23Եւ պատգամաւորը Դաւիթի ըսաւ, Այն մարդիկը մեր վրայ ուժովցան, ու մեզի դէմ դաշտը ելան. բայց մենք մինչև քաղաքին դուռը հալածեցինք զանոնք*. 24Եւ աղեղնաւորները պարսպին վրայէն քու ծառաներուդ նետեր նետեցին, ու թագաւորին ծառաներէն մէկ քանիները մեռան, և քու ծառադ Քետացի Ուրիա ալ մեռաւ: 25Այն ատեն Դաւիթ պատգամաւորին ըսաւ, Յովաբի այսպէս ըսես, Այս բանը քու աչքերուդ գէշ չերեւնայ. քանզի սուրը երբեմն ասիկա կ՚ուտէ ու երբեմն անիկա. քաղաքին վրայ պատերազմը սաստկացուր, և զանիկա փլցուր. ու դուն ալ քաջալերէ զանիկա: 26Եւ Ուրիայի կինը իր էրկանը Ուրիայի մեռնիլը լսելով՝ իր էրկանը համար սուգ ըրաւ: 27Ու երբ սուգը անցաւ, Դաւիթ մարդ ղրկեց, ու զանիկա իր տունը առաւ. և անիկա անոր կինը եղաւ, ու անոր որդի մը ծնաւ: Բայց Դաւիթի այս ըրած բանը Տէրոջը աչքերուն գէշ երեւցաւ: