Երկրորդ Թագավորաց գիրք
13
Ամնոն և Թամար
1Ու անկէ ետքը՝ Դաւիթի որդւոյն Աբիսողոմի մէկ գեղեցիկ քոյրը կար, որուն անունը Թամար էր. ու զանիկա Դաւիթի որդին Ամնոն սիրեց: 2Եւ Ամնոն իր քրոջ Թամարի սիրոյն համար հիւանդանալու չափ նեղացաւ. քանզի անիկա կոյս աղջիկ ըլլալուն համար՝ անոր բան մը ընել Ամնոնի աչքերուն դժուար կ՚երեւնար: 3Եւ Ամնոն Յովնադաբ անունով բարեկամ մը ունէր, որ Դաւիթի եղբօրը Սամաայի որդին էր. ու Յովնադաբ խիստ խորագէտ մարդ մըն էր: 4Եւ անոր ըսաւ, Ով թագաւորի տղայ, դուն ինչո՞ւ համար այդպէս օրէ օր կը հալիս. պատճառը ինծի չե՞ս յայտներ: Ու Ամնոն անոր ըսաւ, Ես իմ եղբօրս Աբիսողոմի քրոջ Թամարի սիրահարած եմ: 5Եւ Յովնադաբ անոր ըսաւ, Անկողինիդ մէջ պառկէ ու քեզ հիւանդ ձեւացուր. ու երբ քու հայրդ քեզ տեսնելու գայ, անոր ըսէ, Կ՚աղաչեմ որ իմ քոյրս Թամար ինծի գայ, ու ինծի հաց կերցնէ, ու իմ աչքերուս առջև կերակուր շինէ, որպէս զի տեսնեմ ու անոր ձեռքէն ուտեմ: 6Եւ Ամնոն պառկեցաւ ու զինք հիւանդ ձեւացուց. ու երբ թագաւորը զանիկա տեսնելու եկաւ, Ամնոն թագաւորին ըսաւ, Կ՚աղաչեմ, իմ քոյրս Թամար թող գայ, ու իմ աչքերուս առջև երկու բլիթ շինէ, ու անոր ձեռքէն ուտեմ: 7Եւ Դաւիթ Թամարի մարդ ղրկեց տունը՝ ըսելով, Ամնոն եղբօրդ տունը գնա ու անոր կերակուր շինէ: 8Եւ Թամար իր եղբօրը Ամնոնի տունը գնաց. ու անիկա պառկած էր. և աղջիկը խմորը առաւ շաղեց, ու անոր աչքերուն առջև բլիթներ շինեց ու եփեց. 9Եւ տապակը առաւ ու անոր առջև պարպեց. բայց անիկա ուտել չուզեց. ու Ամնոն ըսաւ, Քովէս ամէն մարդը դուրս հանեցէք. ու ամէն մարդ անոր քովէն դուրս ելան: 10Եւ Ամնոն Թամարի ըսաւ, Կերակուրը սենեակը ներս բեր, որպէս զի ձեռքէդ ուտեմ: Ու Թամար շինած բլիթները առաւ, ու իր եղբօրը Ամնոնի՝ սենեակը տարաւ. և անոր մօտեցուց որպէս զի ուտէ: 11Իսկ Ամնոն զանիկա բռնեց ու անոր ըսաւ, Եկուր, քոյրս, ինծի հետ պառկէ: 12Եւ անիկա ըսաւ անոր, Ոչ, եղբայրս, զիս մի բռնադատեր. քանզի Իսրայէլի մէջ այդպիսի բան չըլլար. այդ անզգամութիւնը մի ըներ: 13Ու ես իմ նախատինքս ո՞ւր տանիմ. դուն ալ Իսրայէլի մէջ անըզգամներէն մէկուն պէս պիտի ըլլաս. և հիմա կ՚աղաչեմ, թագաւորին զրուցէ, ու անիկա զիս քեզմէ չարգիլեր: 14Բայց Ամնոն անոր խօսքը մտիկ ընել չուզեց. հապա անկէ զօրաւոր ըլլալով՝ զանիկա բռնադատեց ու անոր հետ պառկեցաւ: 15Ու ետքը Ամնոն զանիկա խիստ շատ ատեց, այնպէս որ ունեցած ատելութիւնը առաջուան ունեցած սէրէն աւելի մեծ էր. և Ամնոն անոր ըսաւ, Ել գնա: 16Ու անիկա անոր ըսաւ, Պատճառ չկայ*. զիս վռընտելուդ չարութիւնը միւս ինծի ըրածէդ աւելի մեծ է. բայց Ամնոն անոր մտիկ ընել չուզեց: 17Եւ իրեն ծառայութիւն ընող մանչը կանչեց ու ըսաւ, Ասիկա քովէս դուրս հանէ, ու ետեւէն դուռը կողպէ: 18(Եւ աղջկան վրայ բազմագոյն պատմուճան մը կար. քանզի թագաւորին կոյս աղջիկները այսպիսի պատմուճան կը հագնէին:) Ու անոր ծառան զանիկա դուրս հանեց, ու ետեւէն դուռը կղպեց: 19Եւ Թամար մոխիր առաւ ու իր գլխուն վրայ ցանեց, ու իր վրայի բազմագոյն պատմուճանը պատռեց, և ձեռքը իր գլխուն վրայ դրաւ ու լալով գնաց: 20Եւ անոր եղբայրը Աբիսողոմ անոր ըսաւ, Միթէ եղբայրդ Ամնոն քեզի հե՞տ եղաւ. ու հիմա, քոյրս, լուռ կեցիր, անիկա քու եղբայրդ է, ասիկա սիրտդ մի դներ. և Թամար իր եղբօրը Աբիսողոմի տունը անմխիթար կը նստէր: 21Ու Դաւիթ թագաւորը այս ամէն բաները լսելով՝ խիստ բարկացաւ: 22Եւ Աբիսողոմ Ամնոնի հետ աղէկ կամ գէշ խօսք մը չխօսեցաւ, քանզի Աբիսողոմ Ամնոնը կ՚ատէր՝ իր քոյրը Թամարը լլկելուն համար:
Աբիսողոմին վրէժը
23Ու երկու տարի անցնելէն ետքը, երբ Աբիսողոմի ոչխարները Եփրեմի մօտ եղած Բաղաասօրին մէջ ասրակտուր կ՚ընէին, Աբիսողոմ՝ թագաւորին բոլոր որդիները հրաւիրեց: 24Եւ Աբիսողոմ՝ թագաւորին գնաց ու անոր ըսաւ, Ահա քու ծառայիդ ոչխարները ասրակտուր կ՚ընեն. շնորհք ըրէ, թագաւորը ու անոր ծառաները քու ծառայիդ հետ երթան: 25Եւ թագաւորը Աբիսողոմի ըսաւ, Ոչ, որդիս ամէնս չերթանք, որպէս զի քու վրադ ծանրութիւն չըլլանք. ու զանիկա ստիպեց. բայց Դաւիթ երթալ չուզեց, ու զանիկա օրհնեց: 26Եւ Աբիսողոմ ըսաւ, Եթէ ոչ՝ գոնէ իմ եղբայրս Ամնոն մեզի հետ գայ. ու թագաւորը անոր ըսաւ, Անիկա ինչո՞ւ քեզի հետ երթայ: 27Բայց Աբիսողոմ զանիկա ստիպելուն համար՝ Ամնոնը ու թագաւորին բոլոր որդիները անոր հետ ղրկեց: 28Եւ Աբիսողոմ իր մանչերուն պատուիրեց ու ըսաւ, Նայեցէք, երբ Ամնոնի սիրտը գինիէն զուարթանայ, ու ես ձեզի Ամնոնը զարկէք՝ ըսեմ, զանիկա մեռցուցէք. մի վախնաք. չէ՞ որ ես ձեզի հրամայեցի. քաջասիրտ ու զօրաւոր կտրիճներ եղէք: 29Եւ Աբիսողոմի մանչերը Աբիսողոմի պատուիրածին պէս ըրին Ամնոնի. ու թագաւորին բոլոր որդիները ոտք ելան, և ամէն մէկը իր ջորին հեծնելով՝ փախան: 30Ու անոնք դեռ ճամբան ըլլալով, Դաւիթի լուր բերին ու ըսին, Աբիսողոմ՝ թագաւորին բոլոր որդիները մեռցուց, ու անոնցմէ մէ՛կը չմնաց: 31Եւ թագաւորը ոտք ելաւ, իր հանդերձները պատռեց, ու գետինը պառկեցաւ. ու անոր բոլոր ծառաները հանդերձնին պատռած անոր բոլորտիքը կը կայնէին: 32Ու Դաւիթի եղբօր Սամաայի որդին Յովնադաբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Իմ տէրս չկարծէ որ բոլոր երիտասարդները, թագաւորին որդիները, մեռցուցին, քանզի միայն Ամնոն մեռած է. վասն զի այս բանը Աբիսողոմի բերնովը որոշուած էր՝ անոր քոյրը Թամարը լլկած օրէն ի վեր: 33Ու հիմա իմ թագաւոր տէրս իր սրտին մէջ այս բանը չդնէ, կարծելով թէ թագաւորին բոլոր որդիները մեռան, քանզի միայն Ամնոն մեռած է: 34Եւ Աբիսողոմ փախաւ: Ու երբ Դաւիթի պատանին, դէտը, աչքերը վերցուց նայեցաւ, տեսաւ որ իր ետեւէն լեռանը քովէն խիստ շատ ժողովուրդ կու գար: 35Այն ատեն Յովնադաբ թագաւորին ըսաւ, Ահա թագաւորին որդիները կու գան. ծառայիդ խօսքը ելաւ: 36Եւ անիկա իր խօսքը լմնցուցածին պէս՝ ահա թագաւորին որդիները եկան, ու ձայներնին վերցուցին ու լացին. և թագաւորն ալ ու անոր բոլոր ծառաները խիստ մեծ լացով մը լացին: 37Իսկ Աբիսողոմ փախաւ, ու Գեսուրի թագաւորին, Ամիուդի որդւոյն Թոլմիի, գնաց. բայց Դաւիթ ամէն օր իր որդւոյն համար սուգ կ՚ընէր: 38Եւ Աբիսողոմ փախաւ, ու Գեսուր գնաց, ու հոն երեք տարի մնաց: Եւ Դաւիթ թագաւորը Աբիսողոմի ելլելու կը փափաքէր, քանզի մեռնող Ամնոնի վրայով մխիթարուեր էր:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981