Երկրորդ Թագավորաց գիրք
15
Աբիսողոմ ապստամբութիւն կը ծրագրէ
1Եւ անկէ ետքը Աբիսողոմ իրեն համար կառքեր, ձիեր ու իր առջեւէն վազող յիսուն սուրհանդակ մարդ պատրաստեց: 2Եւ Աբիսողոմ կանուխ կ’ելլէր ու դրանը ճամբուն մէկ կողմը կը կայնէր. և Աբիսողոմ ամէն դատ ունեցող ու դատաստանի համար թագաւորին եկող մարդը կը կանչէր ու կ՚ըսէր, Դուն ո՞ր քաղաքէն ես. ու երբ անիկա, Ծառադ Իսրայէլի ցեղերէն մէկէն եմ, կ’ըսէր, 3Աբիսողոմ անոր կ՚ըսէր, Նայէ, քու դատդ բանաւոր և ուղիղ է, բայց թագաւորին կողմանէ քեզի մտիկ ընող չկայ: 4Եւ Աբիսողոմ կ’ըսէր, Երանի՛ թէ զիս այս երկրին վրայ դատաւոր դնէին. ու ամէն վէճ կամ դատ ունեցող մարդը ինծի գար, և անոր իրաւունք ընէի: 5Ու երբ մարդ մը մօտենար անոր խոնարհութիւն ընելու, անիկա ձեռքը կ՚երկնցնէր, զանիկա կը բռնէր ու կը համբուրէր: 6Եւ Աբիսողոմ դատաստանի համար թագաւորին եկող բոլոր Իսրայէլի այսպէս ընելով, Իսրայէլի մարդոց սիրտը իրեն դարձուց*: 7Ու քառասուն տարուան լմննալէն ետքը Աբիսողոմ ըսաւ թագաւորին, Շնորհք ըրէ, երթամ ու Տէրոջը ըրած ուխտս Քեբրոնի մէջ կատարեմ: 8Քանզի ծառադ երբ Ասորւոց Գեսուրը կը բնակէի, ուխտ ըրի ու ըսի, Եթէ Տէրը զիս Երուսաղէմ դարձնէ, Տէրոջը ծառայութիւն ընեմ: 9Եւ թագաւորը անոր ըսաւ, Գնա խաղաղութեամբ: Ու անիկա ելաւ Քեբրոն գնաց: 10Եւ Աբիսողոմ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն լրտեսներ ղրկեց, ու ըսաւ, Փողին ձայնը լսելնուդ պէս, Աբիսողոմ Քեբրոնի մէջ թագաւոր եղաւ, ըսէք: 11Ու Աբիսողոմի հետ Երուսաղէմէ երկու հարիւր մարդ գնաց հրաւիրուած. անոնք միամտութեամբ գացին, ու ամենեւին բան մը չէին գիտեր: 12Եւ Աբիսողոմ զոհերն ըրած ատենը Դաւիթի խորհրդակիցը, Գեղոնացի Աքիտոփէլը, իր Գեղոն քաղաքէն կանչել տուաւ. և դաւաճանութիւնը զօրացաւ, ու ժողովուրդը երթալով կը շատնար Աբիսողոմի քով:
Դաւիթ Երուսաղէմէն կը փախչի
13Եւ Դաւիթի լրաբեր մը եկաւ ու ըսաւ, Իսրայէլի մարդոց սիրտը Աբիսողոմի հետ մէկ* եղաւ: 14Այն ատեն Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ իրեն հետ եղող բոլոր ծառաներուն ըսաւ, Ելէք փախչինք, քանզի Աբիսողոմի երեսէն մեզի ազատում չկայ. շուտ ըրէք գացէք, չըլլայ որ անիկա շուտով մեզի հասնի, ու մեր վրայ չարիք հասցնէ, ու քաղաքը սուրի բերնէ անցնէ: 15Եւ թագաւորին ծառաները թագաւորին ըսին, Մեր տէր թագաւորը ինչ որ արժան համարի, ահա քու ծառաներդ պատրաստ ենք ընելու: 16Ու թագաւորը և անոր ետեւէն անոր բոլոր տունը ելաւ. ու թագաւորը իր հարճերէն տասը կին թողուց, որպէս զի տանը մէջ պահպանութիւն ընեն: 17Եւ թագաւորը ու անոր ետեւէն բոլոր ժողովուրդը ելաւ, ու անոնք հեռու տեղ մը կայնեցան: 18Եւ անոր բոլոր ծառաները ու բոլոր Քերեթիները և բոլոր Փելեթիները անոր քովէն կ՚անցնէին. ու անոր հետ Գէթէ եկած բոլոր Գեթացիները, վեց հարիւր մարդ, թագաւորին առջեւէն կ՚անցնէին: 19Եւ թագաւորը Գեթացի Եթթիի ըսաւ, Ինչո՞ւ համար դուն ալ մեզի հետ պիտի երթաս. դարձիր ու թագաւորին հետ նստէ, քանզի դուն օտարական ես, ու նաև եղած տեղդ պանդուխտ ես: 20Դուն երէկ եկար, ու այսօր ես քեզ տեղէդ խախտե՞մ, որպէս զի ինծի հետ երթաս. ահա ես կ’երթամ ուր որ պիտի երթամ. դուն դարձիր ու քու եղբայրներդ ալ դարձուր. ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը քեզի հետ ըլլան: 21Ու Եթթի թագաւորին պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Տէրը կենդանի է, ու իմ թագաւոր տէրս ալ կենդանի է, որ իմ թագաւոր տէրս ուր որ ըլլայ, թէ՛ մահուան մէջ և թէ՛ կենդանութեան մէջ, քու ծառադ ալ հոն պիտի ըլլայ: 22Եւ Դաւիթ Եթթիի ըսաւ, Ուրեմն եկուր անցիր. ու Գեթացի Եթթի իրեն հետ եղող բոլոր մարդոցմով ու բոլոր ընտանիքներով անցաւ: 23Եւ բոլոր երկիրը մեծ ձայնով կու լար, ու բոլոր ժողովուրդը կ՚անցնէր. և թագաւորը Կեդրոն հեղեղատէն կ՚անցնէր, ու բոլոր ժողովուրդը դէպ ի անապատին ճամբան կ՚անցնէին: 24Եւ ահա Սադովկ ալ ու անոր հետ բոլոր Ղեւտացիները Աստուծոյ ուխտին տապանակը կը տանէին. և Աստուծոյ տապանակը կայնեցուցին, ու մինչև որ բոլոր ժողովուրդը քաղաքէն ելաւ լմնցաւ, Աբիաթար զոհ կը մատուցանէր*: 25Եւ թագաւորը Սադովկի ըսաւ, Աստուծոյ տապանակը քաղաքը դարձուր. եթէ Տէրոջը առջև շնորհք գտնեմ, այն ատեն զիս ետ պիտի դարձնէ, ու զանիկա ու անոր բնակարանը ինծի պիտի ցուցնէ. 26Բայց եթէ ինծի այսպէս ըսէ, Քեզի չեմ հաւնիր, ահա ես կայներ եմ. իր աչքին հաճոյ երեւցածին պէս թող ընէ ինծի: 27Եւ թագաւորը Սադովկ քահանային ըսաւ, Դուն տեսանող չե՞ս. խաղաղութեամբ քաղաքը դարձիր, ու քու որդիդ Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին Յովնաթան, ձեր երկու որդիները, ձեզի հետ: 28Ահա ես անապատին դաշտերուն մէջ պիտի սպասեմ, մինչև որ ձեզմէ լուր մը առնեմ: 29Եւ Սադովկ ու Աբիաթար Աստուծոյ տապանակը Երուսաղէմ դարձուցին, ու անոնք հոն մնացին: 30Եւ Դաւիթ Ձիթենեաց լեռնէն վեր կ՚ելլէր ու ելլելով կու լար, և գլուխը ծածկեր էր, ու անիկա բոկոտն կը քալէր. և անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդն ալ, ամէնը իրենց գլուխը ծածկեր էին, ու լալով կ՚ելլէին: 31Եւ Դաւիթի պատմեցին ու ըսին, Աքիտոփէլ Աբիսողոմի հետ դաւաճանութիւն ընողներուն մէջ է: Ու Դաւիթ ըսաւ, Ով Տէր, կ՚աղաչեմ, Աքիտոփէլի խորհուրդը խափանէ: 32Ու երբ Դաւիթ այն բլուրը հասաւ, ուր Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրաւ, ահա Արաքացի Քուսի հանդերձները պատռած ու գլխուն վրայ հող դրած` զանիկա դիմաւորեց: 33Եւ Դաւիթ անոր ըսաւ, Եթէ ինծի հետ գաս, ինծի բեռ կ՚ըլլաս. 34Բայց եթէ քաղաքը դառնաս, ու Աբիսողոմի ըսես, Ով թագաւոր, ես քու ծառադ պիտի ըլլամ. առաջ քու հօրդ ծառան էի, ու հիմա քու ծառադ եմ. այն ատեն Աքիտոփէլի խորհուրդը ինծի համար կրնաս ցրուել: 35Եւ ահա Սադովկ ու Աբիաթար քահանաները հոն քեզի հետ են. ու թագաւորին տունէն ինչ որ լսես, Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներուն պատմես: 36Ահա հոն անոնց երկու որդիները, Սադովկի որդին Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին Յովնաթան, իրենց հետ են. ու ամէն լսած խօսքերնիդ անոնց ձեռքով ինծի իմացուցէք: 37Եւ Դաւիթի բարեկամը Քուսի քաղաքը մտաւ, ու Աբիսողոմ ալ Երուսաղէմ մտաւ: