Երկրորդ Թագավորաց գիրք

16

Դաւիթ և Սիբա

1Ու երբ լեռանը գլուխէն քիչ մը անցեր էր, ահա Մեմփիբոսթէի ծառան Սիբա զանիկա դիմաւորեց, իրեն հետ երկու էշ ունենալով, որոնց վրայ երկու հարիւր , հարիւր ողկոյզ չամիչ, ու հարիւր ամառնային * ու տիկ մը բեռցուցած էր: 2Եւ թագաւորը Սիբայի ըսաւ, Ասոնք ի՞նչ պիտի ընես*: Ու Սիբա ըսաւ, Էշերը թագաւորին տանը համար են, որպէս զի անոնց վրայ հեծնեն. և հացը ու ամառնային պտուղները մանչերուն համար են, որպէս զի ուտեն. ու գինին անապատին մէջ նուաղածներուն համար է, որպէս զի խմեն: 3Եւ թագաւորը ըսաւ, Հապա քու տէրոջդ որդին ո՞ւր է: Ու Սիբա թագաւորին ըսաւ, Ահա անիկա կը նստի, քանզի ըսաւ թէ Այսօր Իսրայէլի տունը իմ հօրս թագաւորութիւնը ինծի պիտի դարձնէ: 4Այն ատեն թագաւորը Սիբայի ըսաւ, Ահա Մեմփիբոսթէի ամէն ունեցածը քեզի ըլլայ: Ու Սիբա ըսաւ, Ով տէր իմ թագաւոր, շնորհակալ եմ*, թող քու առջեւդ շնորհք գտնեմ:

Դաւիթ և Սեմէ

5Եւ Դաւիթ թագաւորը մինչև Բաւուրիմ եկաւ. և ահա անկէ Սաւուղի տանը ազգատոհմէն Գերայի որդի Սեմէի անունով մարդ մը ելաւ, ու ելլելով կ՚անիծէր, 6Եւ Դաւիթի ու Դաւիթ թագաւորին բոլոր ծառաներուն քար կը նետէր. և բոլոր ժողովուրդը ու բոլոր զօրաւոր մարդիկը թագաւորին աջ դիէն ու ձախ դիէն կ՚երթային. 7Եւ Սեմէի անոր տուած ատեն այսպէս կ՚ըսէր, Ելիր, ելիր, ով արիւնահեղ մարդ, ով անօրէն մարդ. 8Տէրը Սաւուղի տանը բոլոր արիւնը քու վրադ դարձուց, որ անոր տեղ թագաւոր եղար. ու Տէրը թագաւորութիւնը քու որդւոյդ Աբիսողոմի ձեռքը տուաւ. և ահա քու չարիքդ քեզի հասաւ, քանզի դուն արիւնահեղ մարդ մըն ես: 9Եւ Շարուհեայի որդին Աբեսսա թագաւորին ըսաւ, Այս մեռած շունը ինչո՞ւ համար իմ տէրոջս, թագաւորին, անէծք տայ. թող տուր անցնիմ ու անոր գլուխը առնեմ: 10Բայց թագաւորը ըսաւ, ով Շարուհեայի որդիներ, դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք. թող տուէք որ այսպէս անէծք տայ. քանզի Տէրը ըսաւ անոր, Դաւիթը անիծէ. ու ո՞վ կրնայ ըսել թէ Ինչո՞ւ համար այդպէս ըրիր: 11Եւ Դաւիթ Աբեսսայի ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ, Ահա իմ երանքէս ելլող որդիս իմ հոգիս կը փնտռէ, ո՞ւր մնաց այս Բենիամինեանը. թող տուէք զանիկա որ անիծէ, քանզի Տէրը ըսաւ անոր: 12Թերեւս Տէրը իմ նեղութեանս նայի, ու այսօրուան անոր տուած անէծքին տեղ Տէրը ինծի բարիք հատուցանէ: 13Եւ Դաւիթ իր մարդոցը հետ ճամբան կ՚երթար, ու Սեմէի դիմացէն լեռանը քովէն կ՚երթար, և անէծք տալով, քարեր նետելով ու հող ցանելով կ’երթար: 14Եւ թագաւորը ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը յոգնած եկան ու հոն հանգչեցան:

Աբիսողոմ Երուսաղէմի մէջ

15Եւ Աբիսողոմ ու բոլոր ժողովուրդը, Իսրայէլի մարդիկը, Երուսաղէմ մտան, ու Աքիտոփէլ անոր հետ էր: 16Ու երբ Դաւիթի բարեկամը Արաքացի Քուսի Աբիսողոմի քով գնաց, Քուսի ըսաւ Աբիսողոմի, Կեցցէ արքայ, կեցցէ արքայ: 17Եւ Աբիսողոմ Քուսիի ըսաւ, բարեկամիդ վրայ ունեցած սէրդ ատիկա՞ է. ինչո՞ւ բարեկամիդ հետ չգացիր: 18Եւ Քուսի ըսաւ Աբիսողոմի, Ոչ, հապա Տէրոջը ու այս ժողովուրդին և Իսրայէլի բոլոր մարդոց ընտրածը ով որ ըլլայ, ես անորը պիտի ըլլամ ու անոր հետ պիտի նստիմ: 19Մէյմըն ալ՝ ես որո՞ւ ծառայութիւն պիտի ընեմ, անոր որդւոյն չէ՞. ինչպէս քու հօրդ առջև ծառայեցի, այնպէս ալ քու առջեւդ պիտի ըլլամ: 20Եւ Աբիսողոմ ըսաւ Աքիտոփէլի, Խորհուրդ ըրէք թէ ի՛նչ ընելու ենք: 21Ու Աքիտոփէլ ըսաւ Աբիսողոմի, քու հօրդ հարճերուն մտիր, զորոնք անիկա տանը պահպանութիւնը ընելու համար թողուց. ու երբ բոլոր լսէ որ դուն քու հօրդ ատելի եղար, այն ատեն բոլոր քեզի հետ եղողներուն ձեռքերը պիտի ուժովնան: 22Ուստի տանիքին վրայ Աբիսողոմի համար վրան կանգնեցին, և Աբիսողոմ բոլոր Իսրայէլի աչքերուն առջև իր հօրը հարճերուն մտաւ: 23Ու այն օրերը Աքիտոփէլի տուած խորհուրդը այնպէս էր, ինչպէս մէկը Աստուծոյ խոսքը հարցնէր. Աքիտոփէլի ամէն խորհուրդը թէ՛ Դաւիթի քով և թէ՛ Աբիսողոմի քով այնպէս էր:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981