Երկրորդ Թագավորաց գիրք
18
Աբիոսողոմ կը պարտուի ու կը սպաննուի
1Եւ Դաւիթ իրեն հետ եղող զօրքը համրեց, ու անոնց վրայ հազարապետներ ու հարիւրապետներ դրաւ: 2Եւ Դաւիթ զօրքին երրորդ մասը Յովաբի ձեռքը, ու երրորդ մասը Յովաբի եղբօրը Շարուհեան Աբեսսայի ձեռքը, ու երրորդ մասը Գեթացի Եթթիի ձեռքը յանձնեց*. և թագաւորը ժողովուրդին ըսաւ, Անպատճառ ես ալ ձեզի հետ պիտի ելլնեմ: 3Բայց ժողովուրդը ըսաւ, Մի ելլեր, քանզի եթէ մենք փախչելու ըլլանք, անոնք մեզի համար հոգ չեն ըներ. ու թէև մեր կէսը մեռնի, անոնք զանիկա բանի մը տեղ չեն դներ. բայց դուն մեր տասը հազարին չափ ես. ու հիմա աղէկը այն է որ դուն մեզի քաղաքէն օգնութիւն ընես: 4Եւ թագաւորը անոնց ըսաւ, Ձեր աչքերուն հաճոյ երեւցածը պիտի ընեմ. ու թագաւորը դրանը քով կայնեցաւ, և բոլոր զօրքը հարիւրներով ու հազարներով կ՚ելլէին: 5Ու թագաւորը Յովաբի և Աբեսսայի ու Եթթիի պատուիրելով՝ ըսաւ, Ինծի համար Աբիսողոմ պատանիին խնայեցէք: Ու երբ թագաւորը Աբիսողոմի համար բոլոր զօրավարներուն պատուիրեց, բոլոր զօրքերը լսեցին: 6Եւ զօրքը դաշտը ելաւ Իսրայէլի դէմ դնելու համար, ու պատերազմը Եփրեմի անտառին մէջ եղաւ: 7Եւ հոն Իսրայէլի զօրքերը Դաւիթի ծառաներուն առջև յաղթուեցան. ու հոն այն օրը մեծ կոտորած եղաւ ու քսան հազար մարդ ինկաւ: 8Եւ հոն պատերազմը բոլոր երկրին վրայ տարածուեցաւ, ու այն օրը անտառը սուրին ջարդածէն ավելի ժողովուրդ ջարդեց: 9Եւ Աբիսողոմ Դաւիթի ծառաներուն հանդիպեցաւ. ու Աբիսողոմ ջորիի վրայ հեծեր էր, և ջորին մեծ բեւեկնիի մը թաւ ոստերուն տակ մտաւ, ու անոր գլուխը բեւեկնիէն բռնուեցաւ ու երկինքի ու երկրի մէջ կախուած մնաց. և ջորին տակէն անցաւ գնաց: 10Ու մարդ մը զանիկա տեսնելով՝ Յովաբի պատմեց ու ըսաւ, Ահա Աբիսողոմը բեւեկնիէ մը կախուած տեսայ: 11Եւ Յովաբ իրեն լուր բերող մարդուն ըսաւ, Որովհետև զանիկա տեսար, ինչո՞ւ համար զանիկա հոն գետինը չզարկիր. այն ատեն քեզի տասը սիկղ արծաթ ու գօտի մը կու տայի: 12Եւ այն մարդը Յովաբի ըսաւ, Եթէ իմ ափս հազար սիկղի կշիռքով ալ արծաթ դրուէր, թագաւորին որդւոյն ձեռքս չէի երկնցներ. քանզի մենք լսեցինք՝ երբ թագաւորը քեզի ու Աբեսսայի ու Եթթիի պատուիրեց՝ ըսելով, Ամէն մէկդ* Աբիսողոմ պատանիին հոգ տարէք. 13Եթէ ոչ պարապ տեղը իմ կեանքս վտանգի մէջ պիտի դնէի*. քանզի բնաւ բան մը թագաւորէն գաղտուկ չմնար. ու դուն ալ ինծի դէմ պիտի կենայիր: 14Եւ Յովաբ ըսաւ, Ես քու առջեւդ այսպէս ժամանակ չեմ անցներ. ու իր ձեռքը երեք գեղարդ առաւ, ու անոնցմով Աբիսողոմի սիրտը խոցեց, երբ անիկա տակաւին բեւեկնիին վրայ ողջ էր: 15Եւ Յովաբի զինակիրները, տասը պատանիներ, չորս կողմը պաշարելով՝ Աբիսողոմը զարկին ու զանիկա մեռցուցին: 16Եւ Յովաբ փող հնչեցուց, ու զօրքը Իսրայէլը հալածելէն ետ դարձաւ, քանզի Յովաբ զօրքը զսպեց: 17Ու Աբիսողոմը առին և զանիկա անտառին մէջ մեծ փոսի մը մէջ նետեցին, ու անոր վրայ խիստ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին. և բոլոր Իսրայէլ փախաւ, ամէն մէկը իր վրանը: 18Եւ Աբիսողոմ իր կենդանութեան ատեն արձան մը առեր էր, ու զանիկա իրեն համար թագաւորի հովիտին մէջ կանգներ էր, ըսելով թէ Որդի չունիմ որ իմ անուանս յիշատակը պահէ. ու այն արձանը իր անունովը կոչեր էր, և անիկա մինչև այսօր Աբիսողոմի արձանը կ՚ըսուի:
Աբիսողոմին մահը Դաւիթին կ’իմացուի
19Եւ Սադովկի որդին Աքիմաաս ըսաւ, Հիմա վազեմ ու թագաւորին աւետիս տանիմ, որ Տէրը անոր իրաւունք ըրաւ, ու զանիկա իր թշնամիներուն ձեռքէն ազատեց: 20Ու Յովաբ անոր ըսաւ, Դուն այսօր աւետիս տանելու մարդ չես. դուն ուրիշ օր մը աւետիս տար, բայց այսօր աւետիս մի տանիր, քանզի թագաւորին որդին մեռաւ: 21Եւ Յովաբ Քուսիի ըսաւ, Գնա տեսածդ թագաւորին պատմէ. ու Քուսի Յովաբի խոնարհութիւն ըրաւ, և վազելով գնաց: 22Եւ Սադովկի որդին Աքիմաաս նորէն Յովաբի ըսաւ, Ինչեւիցէ հրաման տուր որ ես ալ Քուսիի ետեւէն վազեմ: Ու Յովաբ ըսաւ, Ինչո՞ւ վազես, որդիս, որովհետև աւետիս մը չունիս տանելու: 23Եւ անիկա ըսաւ, Ինչեւիցէ վազեմ. ու անոր ըսաւ, Վազէ: Եւ Աքիմաաս դաշտին ճամբովը վազեց, ու Քուսիէ անցաւ: 24Եւ Դաւիթ երկու դռներուն մէջ կը նստէր. ու դէտը դրանը տանիքին վրայ դէպ ի պարիսպը գնաց, և աչքերը վերցնելով տեսաւ որ ահա մարդ մը մինակ կը վազէր: 25Այն ատեն դէտը բարձր ձայնով թագաւորին իմացուց. ու թագաւորը ըսաւ, Եթէ մինակ է, անոր բերանը աւետիս կայ: Ու անիկա կու գար ու կը մօտենար: 26Եւ դէտը ուրիշ վազող մարդ մը տեսաւ. ու դէտը դռնապանին բարձր ձայնով ըսաւ, Ահա ուրիշ մարդ մըն ալ մինակ կը վազէ: Եւ թագաւորը ըսաւ, Ան ալ աւետաւոր է: 27Ու դէտը ըսաւ, Առաջինին ընթացքը Սադովկի որդւոյն Աքիմաասի ընթացքին պէս կ՚երեւնայ ինծի: Եւ թագաւորը ըսաւ, Անիկա բարի մարդ է, ու բարի աւետիսով կու գայ: 28Եւ Աքիմաաս պոռալով ըսաւ թագաւորին, Ողջոյն. ու երեսի վրայ գետինը իյնալով խոնարհութիւն ըրաւ թագաւորին, ու ըսաւ, Օրհնեալ ըլլայ քու Տէր Աստուածդ, որ իմ տէրոջս, թագաւորին, դէմ ձեռք վերցնողները քու ձեռքդ մատնեց: 29Եւ թագաւորը ըսաւ, Աբիսողոմ պատանին ո՞ղջ է: Ու Աքիմաաս ըսաւ, Երբ Յովաբ՝ թագաւորին ծառան ու զիս, քու ծառադ, ղրկեց, մեծ խումբ մը տեսայ, բայց ինչ ըլլալը չիմացայ: 30Եւ թագաւորը ըսաւ, Դարձիր ու հոս կայնէ: Ու անիկա դարձաւ ու կայնեցաւ: 31Եւ ահա Քուսի եկաւ, ու Քուսի ըսաւ, Իմ տէրոջս, թագաւորին, աւետիս կու տամ, որ բոլոր քու վրադ ելլողներուն ձեռքէն Տէրը այսօր քեզ ազատեց, ու քեզի իրաւունք ըրաւ: 32Եւ թագաւորը Քուսիի ըսաւ, Աբիսողոմ պատանին ո՞ղջ է: Այն ատեն Քուսի ըսաւ, Իմ տէրոջս, թագաւորին, թշնամիները ու չարութեան համար բոլոր քու վրադ ելլողները այն պատանիին պէս ըլլան: 33Եւ թագաւորը խռովեց³õ, ու դրան վերնատունը ելաւ ու լացաւ. և քալելով այսպէս կ՚ըսէր. Որդեակ իմ Աբիսողոմ, որդեակ իմ, որդեակ իմ Աբիսողոմ, երանի՜ թէ քու տեղդ ես մեռնէի. Աբիսողոմ որդեակ իմ, որդեակ իմ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981