Երկրորդ Թագավորաց գիրք
19
Յովաբ Դաւիթը կը յանդիմանէ
1Եւ Յովաբի պատմուեցաւ թէ Ահա թագաւորը Աբիսողոմի համար կու լայ ու սուգ կ՚ընէ: 2Եւ այն օրը յաղթութիւնը սու·ի դարձաւ բոլոր զօրքին առջև, քանզի զօրքը լսեց որ թագաւորը իր որդւոյն համար կը ցաւի: 3Ու այն օրը զօրքը գողի պէս քաղաքը կը մտնէր, պատերազմէն փախած ու ամչցած զօրքի պէս: 4Եւ թագաւորը իր երեսը ծածկեց, ու թագաւորը մեծ ձայնով մը կը կանչէր. Որդեակ իմ Աբիսողոմ, Աբիսողոմ որդեակ իմ, որդեակ իմ: 5Եւ Յովաբ ներս մտաւ թագաւորին քով ու ըսաւ, Այսօր քու կեանքդ, ու քու տղաքներուդ ու աղջիկներուդ կեանքը, և քու կիներուդ ու հարճերուդ կեանքը ազատող ամէն ծառաներուդ երեսը այսօր ամօթով ըրիր. 6Քանզի քեզ ատողները կը սիրես, ու քեզ սիրողները կ՚ատես. վասն զի այսօր յայտնեցիր որ քու իշխաններդ ու ծառաներդ բանի մը տեղ չես դներ. և այսօր աղէկ հասկցայ որ եթէ այսօր Աբիսողոմ ողջ մնար, ու մենք ամէնս մեռնէինք, այն ատեն քու աչքերուդ հաճոյ պիտի երեւնար: 7Եւ հիմա ոտք ելիր ու դուրս եկուր, ու քու ծառաներուդ հետ քաղցրութեամբ* խօսէ. քանզի Տէրոջմով երդում կ՚ընեմ որ, եթէ դուն դուրս չելլես, այս գիշեր քովդ մարդ մը պիտի չմնայ. ու ասիկա քեզի՝ քու տղայութենէդ մինչև հիմա գլուխդ եկած ամէն ձախորդութիւններէն աւելի գէշ կ՚ըլլայ: 8Եւ թագաւորը ելաւ ու դուռը նստաւ. այն ատեն բոլոր զօրքին պատմեցին ու ըսին, Ահա թագաւորը դուռը նստեր է. ու բոլոր զօրքը թագաւորին առջև եկան, բայց Իսրայէլի մարդիկը իրենց վրանները փախեր էին:
Դաւիթ Երուսաղէմ կը դառնայ
9Եւ Իսրայէլի ամէն ցեղերուն մէջ բոլոր ժողովուրդը կը վիճէին ու կ՚ըսէին, Մեր թշնամիներուն ձեռքէն մեզ փրկողը թագաւորն է, ու Փղշտացւոց ձեռքէն մեզ ազատողը անիկա է. և հիմա Աբիսողոմի պատճառաւ այս երկրէն փախաւ. 10Ու Աբիսողոմ, զոր մեր վրայ թագաւոր օծեցինք, պատերազմի մէջ մեռաւ. և հիմա դուք թագաւորը ետ դարձնելու վրայով ինչո՞ւ բան մը չէք խօսիր: 11Ու Դաւիթ թագաւորը Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներուն մարդ ղրկեց՝ ըսելով, Յուդայի ծերերուն հետ խօսեցէք ու ըսէք, Թագաւորը իր տունը դարձնելու ինչո՞ւ ետ կը մնաք*. քանզի բոլոր Իսրայէլի խօսքը թագաւորին հասաւ մինչև անոր տունը. 12Դուք իմ եղբայրներս, ոսկորս ու մարմինս էք. ու թագաւորը իր տունը դարձնելու ինչո՞ւ ետ կը մնաք: 13Եւ Ամեսայիի ըսէք, Դուն իմ ոսկորս ու մարմինս չե՞ս. Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ Յովաբի տեղ միշտ իմ առջեւս զօրագլուխ չըլլաս: 14Եւ Յուդայի բոլոր մարդոց սիրտը մէկ մարդու սրտի պէս իրեն դարձուց. ու թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով, Դարձիր թէ՛ դուն և թէ՛ քու ամէն ծառաներդ: 15Այն ատեն թագաւորը դարձաւ ու մինչև Յորդանան եկաւ. Յուդա ալ մինչև Գաղգաղա եկաւ, որպէս զի թագաւորը դիմաւորէ ու թագաւորը Յորդանանէ անցընէ: 16Ու Գերայի որդին Բաւուրիմացի Բենիամինեան Սեմէի արտորալով՝ Յուդայի մարդոցը հետ Դաւիթ թագաւորը դիմաւորելու իջաւ, 17Եւ անոր հետ Բենիամինէ հազար մարդ կար. ու Սաւուղի տանը ծառան Սիբա իր տասնըհինգ որդիներովը և քսան ծառաներովը եկաւ, ու թագաւորին առջև Յորդանան հասան*:
Թագաւորը Սեմէիին կը ներէ
18Եւ թագաւորին տունը անցընելու համար ու անոր աչքերուն հաճոյ երեւցածը ընելու համար նաւակ մը անցաւ. ու երբ թագաւորը Յորդանանէ անցաւ, Գերայի որդին Սեմէի՝ թագաւորին առջև ինկաւ, 19Եւ թագաւորին ըսաւ, Իմ տէրս ինծի յանցանք չսեպէ, ու իմ թագաւոր տէրոջս Երուսաղէմէ ելած օրը ծառայիդ ըրած անօրէնութիւնը չյիշէ, ու թագաւորը զանիկա իր սրտին մէջ չդնէ. 20Քանզի քու ծառադ գիտցայ որ մեղք գործեցի. և ահա այսօր Յովսէփի բոլոր տունէն առաջ ես եկայ, որպէս զի իմ թագաւոր տէրս դիմավորելու իջնեմ: 21Ու Շարուհեայի որդին Աբեսսա պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Միթէ Սեմէի ասոր համար պիտի չմեռնի՞, որ Տէրոջը օծեալը անիծեց: 22Բայց Դաւիթ ըսաւ, Դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք, ով Շարուհեայի որդիներ, որ այսօր, ինծի թշնամութիւն կ՚ընէք. միթէ այսօր Իսրայէլէ մարդ մը պիտի մեռնի՞. որովհետև գիտեմ որ ես այսօր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եմ: 23Եւ թագաւորը Սեմէիի ըսաւ, Պիտի չմեռնիս. ու թագաւորը անոր երդում ըրաւ:
Դաւիթ Մեմփիբոսթէին կը ներէ
24Եւ Սաւուղի որդին Մեմփիբոսթէ թագաւորը դիմաւորելու իջաւ. ու անիկա թագաւորին գացած օրէն մինչև անոր խաղաղութեամբ եկած օրը՝ ոտքերը չէր դարմաներ, ու մօրուքը չէր շիտկեր, և լաթերը չէր լուացեր: 25Ու երբ թագաւորը դիմաւորելու համար Երուսաղէմ եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ, Ով Մեմփիբոսթէ, ինչո՞ւ ինծի հետ չգացիր: 26Եւ անիկա ըսաւ, Ով տէր իմ թագաւոր, իմ ծառաս զիս խաբեց. քանզի քու ծառադ ըսաւ, Էշը պատրաստեմ, որպէս զի վրան հեծնեմ ու թագաւորին հետ երթամ. վասն զի ծառադ կաղ է: 27Եւ անիկա քու ծառադ իմ թագաւոր տէրոջս առջև բամբասեց. բայց իմ թագաւոր տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է. ուստի քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ: 28Քանզի թէպէտև իմ հօրս բոլոր տունը իմ թագաւոր տէրոջս առջև միայն մեռնելու մարդիկ էին, բայց դուն քու ծառադ քու սեղանդ կերակուր ուտողներուն կարգը դրիր. ուստի ալ ասկէ ետև ի՞նչ իրաւունք ունիմ թագաւորին բողոքելու: 29Եւ թագաւորը անոր ըսաւ, Ալ ինչո՞ւ քու բաներուդ վրայ կը խօսիս. ես ըսի որ դուն ու Սիբա արտերը ձեր մէջ բաժնէք: 30Ու Մեմփիբոսթէ ըսաւ թագաւորին, Թող անիկա ամէնն ալ առնէ, որովհետև իմ թագաւոր տէրս խաղաղութեամբ իր տունը եկաւ:
Դաւիթ Բերզելիի կը հատուցանէ
31Եւ Գաղաադացի Բերզելի Ռովգելիմէ իջաւ, ու թագաւորին հետ Յորդանանէ անցաւ, որպէս զի զանիկա Յորդանանէ յուղարկէ: 32Ու Բերզելի խիստ ծեր էր, ութսուն տարեկան մարդ ըլլալով. և որչափ ժամանակ որ թագաւորը Մանայիմի մէջ կեցաւ, զանիկա ինք կերակրեց, քանզի խիստ մեծ մարդ մըն էր: 33Ու թագաւորը Բերզելիի ըսաւ, Ինծի հետ անցիր, և քեզ իմ քովս Երուսաղէմի մէջ կերակրեմ: 34Ու Բերզելի թագաւորին ըսաւ, Իմ կեանքիս տարիներուն օրերը ո՞րչափ պիտի ըլլան՝ որ թագաւորին հետ Երուսաղէմ ելլեմ. 35Ես այսօր ութսուն տարեկան եմ. միթէ աղէկը ու գէշը կրնա՞մ որոշել, միթէ ծառադ իր կերածին ու խմածին համը կրնա՞յ առնել. և ասկէ ետքը խաղ կանչող մարդերուն կամ կիներուն ձայնը կրնա՞մ լսել. ու քու ծառադ իմ թագաւոր տէրոջս ալ ինչո՞ւ համար բեռ ըլլայ: 36Քու ծառադ թագաւորին հետ քիչ մը Յորդանանէ պիտի անցնի. ու թագաւորը ինչո՞ւ ինծի այսպէս փոխարէն մը հատուցանէ: 37Թող ծառադ դառնամ, ու իմ քաղաքիս մէջ իմ հօրս ու մօրս գերեզմանին քով մեռնիմ. ահա քու ծառադ Քամաամ իմ տէրոջս, թագաւորին, հետ անցնի. ու քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր: 38Եւ թագաւորը ըսաւ, Թող Քամաամ ինծի հետ անցնի, ու ես քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը պիտի ընեմ անոր. և ինծմէ ինչ որ խնդրես՝ քեզի պիտի ընեմ: 39Ու բոլոր ժողովուրդը Յորդանանէ անցաւ. թագաւորն ալ անցաւ: Եւ թագաւորը Բերզելին համբուրեց ու զանիկա օրհնեց. ան ալ իր տեղը դարձաւ: համար կը վիճին
Յուդա և Իսրայէլ թագաւորին
40Եւ թագաւորը Գաղգաղա անցաւ, ու Քամաամ անոր հետ անցաւ. այսպէս Յուդայի բոլոր ժողովուրդը ու Իսրայէլի ալ կէսը ժողովուրդը թագաւորը անցուցին: 41Եւ ահա բոլոր Իսրայէլի մարդիկը թագաւորին եկան, ու թագաւորին ըսին, Ինչո՞ւ համար մեր եղբայրները, Յուդայի մարդիկը, քեզ գողցան, ու թագաւորը և անոր տունը ու անոր հետ Դաւիթի բոլոր մարդիկը Յորդանանէ անցուցին: 42Եւ Յուդայի բոլոր մարդիկը Իսրայէլի մարդոցը պատասխան տուին ու ըսին, Քանզի թագաւորը մեզի մօտ ազգական է, ու այս բանին համաի ինչո՞ւ այսպէս կը նեղանաք. միթէ թագաւորէն բան մը կերա՞նք, կամ թէ անիկա մեզի պարգև մը տուա՞ւ: 43Եւ Իսրայէլի մարդիկը Յուդայի մարդոցը պատասխան տուին ու ըսին, Մենք թագաւորին քով տասը բաժին ունինք, ու նաև Դաւիթի վրայ ձեզմէ աւելի իրաւունք ունինք. և ինչո՞ւ համար մեզ անարգեցիք, ու մեր թագաւորը ետ դարձնելու համար առաջ մեզմէ խորհուրդ չհարցուցիք*. բայց Յուդայի մարդոց խօսքը Իսրայէլի մարդոց խօսքէն աւելի խիստ էր: