Երկրորդ Թագավորաց գիրք

22

Դաւիթին յաղթանակի երգը (Սաղմոս 18)

1Եւ , այն օրը որ Տէրը զանիկա իր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ու Սաւուղի ձեռքէն ազատեց, այս երգին խօսքերը Տէրոջը խօսեցաւ, 2Ու ըսաւ, Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է. 3Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ. Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը, Իմ աշտարակս, իմ ապաւէնս ու ազատիչս է, Զիս անիրաւութենէ դուն կ՚ազատես: 4Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ, Ու իմ թշնամիներէս կ՚ազատիմ: 5Քանզի մահուան ալիքները իմ բոլորտիքս առին, Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին. 6Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին, Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին: 7Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի, Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի. Որ իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց, Ու իմ աղաղակս անոր ականջներուն հասաւ: 8Այն ատեն սասանեցաւ ու դողաց. Երկինքի հիմերը շարժեցան ու սասանեցան, Քանզի անիկա բարկացաւ: 9Անոր քիթէն ծուխ ելաւ, Ու բերնէն մաշող կրակ. Անկէ կայծակներ բռնկեցան: 10Եւ անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ, Եւ անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար. 11Ու քերովբէի վրայ ելաւ ու թռաւ. Եւ հովին թեւերուն վրայ երեւցաւ: 12Ու խաւարը ու թանձր ջուրերը Ու երկինքի ամպերը իր բոլորտիքը վարագոյր քաշեց: 13Անոր առջև եղող ճառագայթէն Կրակի կայծակներ բռնկեցան: 14Տէրը երկինքէն որոտաց, Ու Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ: 15Եւ նետեր ղրկեց ու զանոնք ցրուեց, Կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց: 16Եւ Տէրոջը յանդիմանութիւնովը Ու անոր բարկութեան հովին փչելովը Ծովուն յատակները երեւցան, Ու աշխարհիս հիմերը յայտնուեցան: 17Բարձրէն ղրկեց ու զիս բռնեց, Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց: 18Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս, Վասն զի ինծմէ զօրաւոր էին: 19Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին, Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ. 20Եւ զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց, Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ: 21Տէրը իմ արդարութեանս պէս ինծի փոխարէն կու տայ. Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ՚ընէ ինծի. 22Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցի, Ու իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի: 23Քանզի անոր ամէն դատաստանները իմ առջեւս էին, Ու անոր օրէնքներէն չհեռացայ: 24Եւ անոր առջև կատարեալ եղայ, Ու իմ անօրէնութենէս զգուշացայ: 25Ու Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ, որ անոր աչքերուն առջև է: 26Ողորմածին հետ ողորմած կ՚ըլլաս. Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ՚ըլլաս. 27Մաքուրին հետ մաքուր կ՚ըլլաս, Ու ծուռին հետ կը ծռիս: 28Եւ վշտացած ժողովուրդը դուն կ՚ազատես. Ու քու աչքերդ ամբարտաւաններուն վրայ են որպէս զի զանոնք ցածցնես: 29Քանզի իմ ճրագս դուն ես, ով Տէր, Ու իմ խաւարս Տէրը կը լուսաւորէ: 30Վասն զի քեզմով գունդի մը վրայ կը վազեմ, Ու իմ Աստուծովս պարիսպէ կ՚անցնիմ: 31Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է. Տէրոջը խօսքերը փորձուած են. Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է: 32Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է , Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ: 33Իմ զօրաւոր բերդս Աստուած է, Ու իմ ճամբաս կատարեալ կ՚ընէ: 34Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ՚Áնէ, Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կայնեցնէ: 35Ձեռքերս պատերազմի կը վարժէ, Ու իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն*: 36Ինծի նաև քու փրկութեանդ ասպարը տուիր, Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեռցուց: 37Իմ քալելու ճամբաս ներքեւս լայնցուցիր, Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան: 38Իմ թշնամիներս հալածեցի ու զանոնք ջարդեցի, Ու ետ չդարձայ մինչև զանոնք հատցուցի: 39Եւ զանոնք հատցուցի, գետինը զարկի, որպէս զի չկանգնին. Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան: 40Ու պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր. Եւ իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր: 41Ու իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր*: Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ, 42Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար. Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ: 43Այն ատեն զանոնք երկրի փոշիին պէս մանրեցի. Զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս կոխեցի ու ճմլեցի: 44Եւ իմ ժողովուրդիս կռիւներէն զիս ազատեցիր, Ու զիս պահեցիր, որպէս զի ազգերու գլուխ ըլլամ. Ու իմ չգիտցած ժողովուրդս ինծի ծառայեց: 45Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին*. Իրենց ականջներովը լսածնուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան: 46Օտարները տկարացան, Ու իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին: 47Տէրը կենդանի է, ու իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ: Եւ իմ փրկութեանս վէմը Աստուած բարձր ըլլայ: 48Աստուած է որ իմ վրէժս կը խնդրէ, Ու ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ: 49Իմ թշնամիներէս զիս հանելով Զիս իմ վրաս ելլողներէն աւելի բարձրացուցիր, Ու բռնաւոր մարդէն ազատեցիր: 50Ասոր համար, ով Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ, Ու քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ: 51Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը, Ու իր օծեալին, Դաւիթի, ու անոր սերունդին Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը Ան է:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981