Երկրորդ Թագավորաց գիրք
23
Դաւիթին վերջին խօսքերը
1Եւ Դաւիթի վերջին խօսքերը ասոնք են: Յեսսէի որդին Դաւիթ կ՚ըսէ, Այն մարդը որ բարձրացաւ, Յակոբայ Աստուծոյն օծեալը, Ու Իսրայէլի վայելուչ երգերը շարադրողը կ՚ըսէ, 2Տէրոջ. Հոգին ինծմով խօսեցաւ, Ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր: 3Իսրայէլի Աստուածը ըսաւ, Ու Իսրայէլի Վէմը ինծի խօսեցաւ, Ըսելով, Մարդոց վրայ իշխողը արդար ըլլայ, Ու Աստուծոյ վախովը իշխէ, 4Այն ատեն անիկա առաւօտեան լոյսին կը նմանի, Որ արեւուն ծագած ատենը կ՚երեւնայ, Այնպիսի առաւօտի մը՝ որ առանց ամպի է, Ու արեւու ճառագայթին՝ Որ անձրեւէն ետքը գետնէն կանանչ խոտը կը բուսցնէ: 5Թէև իմ տունս Աստուծոյ քով այսպէս չէ, Սակայն ինծի հետ յաւիտենական ուխտ մը ըրաւ, Որ ամէն բանի մէջ պատրաստ ու հաստատ է. Քանզի իմ բոլոր փրկութիւնս ու իմ բոլոր բաղձանքս այս է. Ու պիտի չծաղկեցնէ՞* զայն: 6Բայց բոլոր անօրէնները Դուրս նետուած փուշերու պէս պիտի ըլլան. Քանզի անոնք ձեռքով չեն բռնուիր: 7Եւ անոնց դպչելու մարդը Երկաթը ու նիզակին բունը իրեն զէնք պիտի ընէ*. Ու իրենց եղած տեղը Բոլորովին կրակի մէջ պիտի այրին:
Դաւիթին հռչակաւոր զինուորները
8Դաւիթի զօրաւոր մարդոցը անունները ասոնք են. Յօսէբ-բասեբեթ Թահքեմոնացին, որ զօրավարներուն գլխաւորն էր. անիկա Է Ասօնացի Ադինօն, որ անգամ մը ութ հարիւր մարդը մէկէն մեռցուց*: 9Եւ անկէ ետքը Աքուքացի Դովդայի որդին Եղիազար, որ Դաւիթի հետ եղող երեք զօրաւորներէն մէկն էր, երբ անոնք պատերազմելու համար հոն ժողվուած Փղշտացիները նախատեցին, ու Իսրայէլի մարդիկը փախան. 10Ասիկա ելաւ ու Փղշտացիները զարկաւ, մինչև որ ձեռքը յոգնեցաւ, ու ձեռքը իր սուրին վրայ փակաւ, և Տէրը այն օրը մեծ փրկութիւն ըրաւ. ու ժողովուրդը անոր ետեւէն դարձաւ միայն կողոպուտը առնելու համար: 11Եւ անկէ ետքը Արարացի Ագէի որդին Սամմա էր. ու Փղշտացիք գունդ մը կազմեցին*. ու հոն ոսպով լեցուն ագարակ մը կար. և ժողովուրդը Փղշտացւոց առջեւէն փախաւ. 12Բայց անիկա ագարակին մէջտեղը կայնեցաւ, զանիկա պաշտպանեց ու Փղշտացիները զարկաւ. և Տէրը մեծ փրկութիւն ըրաւ: 13Ու երեսուն զօրավարներուն երեքը իջան, և հունձքի ատեն Ոդողոմի քարայրը Դաւիթի եկան. ու Փղշտացւոց մէկ գունդը Ռափայիններուն հովիտին մէջ բանակեր էր: 14Եւ այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր. ու այն ատեն Փղշտացիք Բեթլէհէմի մէջ բերդապահ զօրք ունէին: 15Եւ Դաւիթ փափաքելով՝ ըսաւ, Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր կը խմցնէ: 16Այն ատեն այս երեք զօրաւորները Փղշտացւոց բանակը ճեղքեցին անցան, ու Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորեն ջուր քաշեցին, ու առին Դաւիթի տարին. բայց անիկա չուզեց անկէ խմել, հապա զանիկա թափելով՝ Տէրոջը նուիրեց. 17Ու ըսաւ, Ով Տէր, քա՛ւ լիցի որ ես այս բանը ընեմ. իրենց կեանքը վտանգի մէջ դնելով գացող մարդոց արի՞ւնը խմեմ. ու անկէ խմել չուզեց: Ասոնք են այն երեք զօրաւոր մարդոց ըրածները: 18Եւ Շարուհեան Յովաբի եղբայրը Աբեսսա այն երեք մարդոց գլխաւորն էր. ու անիկա իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց վրայ վերցնելով՝ սպանեց զանոնք. ու անիկա երեքին մէջ անուանի էր: 19Եւ անիկա երեքէն աւելի համարում ունենալուն համար, անոնց գլուխ եղաւ. բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ: 20Ու մեծ գործեր գործող Կաբեսէելացի զօրաւոր մարդու մը որդւոյն Յովիադայի որդին Բանեա Մովաբի երկու զօրաւոր մարդիկը մեռցուց. նաև ձիւնի ժամանակ իջաւ ու գուբին մէջ առիւծը մեռցուց: 21Ասիկա տեսքով երեւելի Եգիպտացի մարդ մըն ալ մեռցուց. ու Եգիպտացիին ձեռքը նիզակ մը կար, բայց Բանեա ցուպով մը անոր վրայ իջաւ, ու Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափշտակեց, և զանիկա անոր նիզակովը մեռցուց: 22Յովիադայի որդին Բանեա այս բաները ըրաւ, ու երեք զօրաւորներուն մէջ անուանի եղաւ. 23Երեսունէն աւելի պատիւ ունէր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ. ու Դաւիթ զանիկա իր ատեանին վերակացու դրաւ: 24Յովաբի եղբայրը Ասայէլ երեսունէն էր. նաև Բեթլէհեմացի Դովդայի որդին Ելէանան, 25Հարօդացի Սամմա, Հարօդացի Եղիկա, 26Փելլատացի Քեղղէս, Թեկուացի Եկգեսի որդին Իրաս, 27Անաթովթացի Աբիեզեր, Ովսացի Մեբունայ, 28Աքուքացի Սելմօն, Նետոփաթացի Մաարայ, 29Նետոփաթացի Բաանայի որդին Ալաբ, Բենիամինի որդիներուն Գաբաայէն՝ Ռիփայի որդին Եթթի, 30Փարաթոնացի Բանեա, Գաասի ձորերէն Ադդայի, 31Արաբաթացի Աբիելբոն, Բարումացի Ազամօթ, 32Սաղաբինացի Եղիաբա, Յասենի որդիներէն՝ Յովնաթան, 33Արարացի Սամմա, Արարացի Սարարի որդին Աքիամ, 34Մաքաթիի որդւոյն Ահասբայի որդին Եղիփաղէտ, Գեղոնացի Աքիտոփէլի որդին Եղիամ, 35Կարմելացի Ասարէ, Արբացի Փաարայ, 36Սուբացի Նաթանի որդին Իգաղ, Գադացի Բանի, 37Ամմոնացի Սելեկ, Շարուհեան Յովաբի կապարճակիրը Բերովթացի Նաարա, 38Յեթերացի Իրաս, Յեթերացի Գարեբ, 39Քետացի Ուրիա. ամէնը երեսունըեօթն էին: (Ա Մնաց. 21:1-27)
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981