Երկրորդ Թագավորաց գիրք
24
Դաւիթ մարդահամար կը կատարէ
1Եւ Տէրոջը բարկութիւնը նորէն Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ. ու Դաւիթը անոնց դէմ գրգռեց, ըսելով, Գնա, Իսրայէլը ու Յուդան համրէ, 2Եւ թագաւորը իր քով եղող Յովաբ զօրապետին ըսաւ, Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն մէջ, Դանէ մինչև Բերսաբէէ, պտըտէ, ու ժողովուրդը համրեցէք, որպէս զի ժողովուրդին թիւը գիտնամ: 3Եւ Յովաբ ըսաւ թագաւորին, քու Տէր Աստուածդ, ժողովուրդը որչափ որ է, հարիւրապատիկ աւելցնէ, ու իմ թագաւոր տէրոջս աչքերը տեսնեն. բայց իմ թագաւոր տէրս ինչո՞ւ համար այս բանին կը ցանկայ: 4Ու երբ թագաւորին խօսքը Յովաբի ու զօրավարներուն վրայ սաստկացաւ, Յովաբ զօրավարներուն հետ թագաւորին առջեւէն ելաւ, որպէս զի Իսրայէլի ժողովուրդը համրէ: 5Եւ Յորդանանէ անցան, ու Գադի ձորին մէջ եղող քաղաքին աջ կողմը՝ Արոէր բանակեցան ետքը Յազեր, 6Եւ Գաղաադ ու Թաքթիմադասի երկիրը եկան. անկէ Դանեաան, ու Սիդոնի շրջակաները եկան: 7Եւ անկէ Տիւրոսի ամրոցը ու Խեւացւոց ու Քանանացւոց ամէն քաղաքները գացին. և Յուդայի հարաւային կողմը Բերսաբէէ ելան: 8Ու բոլոր երկիրը պտըտեցան. և ինը ամիսէն ու քսան օրէն ետքը Երուսաղէմ դարձան: 9Եւ Յովաբ ժողովուրդին համրանքին ցուցակը թագաւորին տուաւ: Ու Իսրայէլի մէջ ութ հարիւր հազար սուր քաշող պատերազմական մարդ կար. և Յուդայեանք հինգ հարիւր հազար մարդ էին: 10Եւ Դաւիթ ժողովուրդը համրելէն ետքը՝ իր խղճմտանքը զինք դրդեց. ու Դաւիթ Տէրոջը ըսաւ, Զայս ընելով մեծ մեղք գործեցի. ով Տէր, հիմա քու ծառայիդ այս մեղքը ներէ. քանզի մեծ յիմարութիւն ըրի: 11Ու երբ Դաւիթ առաւօտուն ելաւ, Տէրոջը խօսքը Դաւիթի տեսանողին, Գադ մարգարէին, եղաւ՝ ըսելով, 12Գնա ու Դաւիթի ըսէ, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. Ես քեզի երեք բան կ՚առաջարկեմ. անոնցմէ մէկը ընտրէ որ քեզի ընեմ: 13Եւ Գադ Դաւիթի գալով՝ անոր պատմեց, ու անոր ըսաւ, Եօթը տարի քու երկրիդ վրայ սո՞վ ըլլայ, կամ երեք ամիս քու թշնամիներուդ երեսէն փախչի՞ս, ու անոնք քեզ հալածեն, կամ թէ երեք օր քու երկրիդ վրայ ժանտա՞խտ ըլլայ. հիմա մտածէ ու տես թէ ի՛նչ պատասխան տանիմ զիս ղրկողին: 14Եւ Դաւիթ Գադի ըսաւ, Խիստ մեծ նեղութեան մէջ եմ. հիմա Տէրոջը ձեռքը իյնանք, քանզի անոր գթութիւնը շատ է, ու մարդու ձեռք չիյնամ: 15Եւ Տէրը այն առաւօտէն մինչև որոշուած ժամանակը Իսրայէլի վրայ ժանտախտ ղրկեց. ու Դանէ մինչև Բերսաբէէ ժողովուրդէն եօթանասուն հազար մարդ մեռաւ: 16Եւ Աստուծոյ հրեշտակը ձեռքը Երուսաղէմի վրայ երկնցուց որպէս զի զանիկա ջնջէ. ու այս չարիքին վրայ Տէրոջը սիրտը իջաւ, ու ժողովուրդը ջնջող հրեշտակին ըսաւ, Հերիք է, ալ ձեռքդ քաշէ. ու Տէրոջը հրեշտակը Յեբուսացի Ոռնայի կալին քով էր: 17Եւ Դաւիթ ժողովուրդը զարնող հրեշտակը տեսնելով՝ Տէրոջը ըսաւ, Ահա ե՛ս մեղանչեցի ու ե՛ս անօրէնութիւն ըրի, բայց այս ոչխարները ի՞նչ ըրին. կ՚աղաչեմ, քու ձեռքդ իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ ըլլայ: 18Եւ նոյն օրը Գադ Դաւիթի եկաւ, ու անոր ըսաւ, Ելիր, Յեբուսացի Ոռնայի կալին մէջ Տէրոջը սեղան մը կանգնէ: 19Եւ Դաւիթ Գադի ըսածին համեմատ վեր ելաւ, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր: 20Ու Ոռնա նայեցաւ, ու երբ տեսաւ որ թագաւորը և անոր ծառաները իրեն կու գան, Ոռնա ելաւ ու երեսը մինչև գետինը խոնարհութիւն ըրաւ թագաւորին: 21Եւ Ոռնա ըսաւ, Արդեօք ի՞նչ պատճառաւ իմ թագաւոր տէրս իր ծառային եկաւ: Ու Դաւիթ ըսաւ, Այս կալը քեզմէ ծախու առնելու, ու Տէրոջը սեղան մը շինելու համար, որպէս զի ժողովուրդին վրայէն հարուածը վերնայ: 22Եւ Ոռնա ըսաւ Դաւիթի, Իմ թագաւոր տէրս զանիկա առնէ, ու իր աչքերուն հաճոյ երեւցածին պէս զոհ ընէ. ահա եզները ողջակէզի համար, կամնասայլները ու եզներուն գործիքները փայտի համար ըլլան: 23Ասոնց ամէնը Ոռնա թագաւորի մը պէս* թագաւորին տուաւ. ու Ոռնա՝ թագաւորին ըսաւ, Քու Տէր Աստուածդ քեզ ընդունի: 24Բայց թագաւորը Ոռնայի ըսաւ, Ոչ. հապա ես զանոնք քեզմէ անշուշտ ստակով ծախու պիտի առնեմ, ու ձրի առածս իմ Տէր Աստուծոյս ողջակէզ պիտի չմատուցանեմ: Եւ Դաւիթ կալը ու եզները յիսուն սիկղ արծաթի ծախու առաւ: 25Ու Դաւիթ հոն Տէրոջը սեղան շինեց, ու անոր վրայ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուց. և Տէրը լսեց անոր աղօթքը երկրին համար, ու Իսրայէլի վրայէն հարուածը վերցաւ: