Երկրորդ Թագավորաց գիրք
3
1Եւ Սաւուղի տանը ու Դաւիթի տանը մէջտեղ երկայն պատերազմ եղաւ. ու Դաւիթ երթալով կը զօրանար, բայց Սաւուղի տունը երթալով կը տկարանար:
Դաւիթին որդիները
2Եւ Քեբրոնի մէջ Դաւիթի որդիներ ծնան. ու անոր անդրանիկը Յեզրայելացի Աքինոամէ ծնած Ամնոնն էր: 3Եւ անոր երկրորդը Կարմելացի Նաբաղի կնոջմէն Աբիգեայէ ծնած Քիլաբն էր, ու երրորդը Գեսուրի թագաւորին Թոլմիի աղջկան Մաաքայի որդին Աբիսողոմ էր, 4Եւ չորրորդը Ագգիթի որդին Ադոնիա էր, ու հինգերորդը Աբիտալի որդին Սափատիա էր, 5Ու վեցերորդը Դաւիթի կնոջմէն Եգղայէ ծնած Յեթրամ էր. Քեբրոնի մէջ Դաւիթի ասոնք ծնան: 6Եւ Սաւուղի տանը ու Դաւիթի տանը մէջտեղ քանի որ պատերազմ կար, Աբեններ Սաւուղի տանը թիկունք էր: 7Եւ Սաւուղ հարճ մը ունէր՝ որուն անունը Ռեսփա էր, ու Այիայի աղջիկն էր: Ու Յեբուսթէ Աբենների ըսաւ, Իմ հօրս հարճին ինչո՞ւ մօտեցար:
Աբեններ Դաւիթին կը միանայ
8Եւ Աբեններ Յեբուսթէի խօսքերուն համար խիստ բարկացաւ, ու ըսաւ, Միթէ ես շան գլո՞ւխ եմ որ Յուդայի դէմ՝ քու հօրդ Սաւուղի տանը, անոր եղբայրներուն ու բարեկամներուն այսօր ողորմութիւն ըրի, ու քեզ Դաւիթի ձեռքը չմատնեցի, և դուն այսօր այս կնոջ համար զիս կը մեղադրես: 9Աստուած Աբենների այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ Դաւիթի չընեմ ինչ որ Տէրը անոր երդում ըրաւ. 10Այսինքն թագաւորութիւնը Սաւուղի տունէն վերցնեմ, ու Դաւիթի աթոռը Իսրայէլի վրայ և Յուդայի վրայ հաստատեմ՝ Դանէ մինչև Բերսաբէէ: 11Ու Յեբուսթէ մէյմըն ալ չկրցաւ Աբենների պատասխան տալ՝ անկէ վախնալուն համար: 12Եւ Աբեններ իր կողմանէ Դաւիթի պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով, Այս երկիրը որո՞ւնն է. ու ըսաւ, Ինծի հետ դաշնակցութիւն ըրէ, և ահա իմ ձեռքս քեզի հետ պիտի ըլլայ՝ բոլոր Իսրայէլը քեզի դարձնելու համար: 13Ու անիկա ըսաւ, Աղէկ, ես քեզի հետ դաշնակցութիւն կ՚ընեմ. բայց քեզմէ բան մը կը պահանջեմ, որ իմ երեսս տեսնելու եկած ատենդ՝ եթէ Սաւուղի աղջիկը Մեղքողը ինծի չբերես, իմ երեսս չտեսնես: 14Եւ Դաւիթ Սաւուղի որդւոյն, Յեբուսթէի դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով, Իմ կինս Մեղքողը ինծի տուր, զոր Փղշտացւոց հարիւր անթլփատութիւններովը առի: 15Ու Յեբուսթէ մարդ ղրկեց, ու զանիկա անոր այրէն, Լայիսեան Փաղտիէլէ, առաւ: 16Եւ անոր այրը լալով մինչև Բաւուրիմ անոր ետեւէն գնաց: Ու Աբեններ անոր ըսաւ, Գնա դարձիր. ու անիկա դարձաւ: 17Եւ Աբեններ Իսրայէլի ծերերուն հետ խօսեցաւ ու ըսաւ, երէկ ու միւս օր կ՚ուզէիք որ Դաւիթ ձեր վրայ թագաւոր ըլլայ. 18Ուրեմն հիմա ըրէք. քանզի Տէրը Դաւիթի համար խօսեցաւ՝ ըսելով, Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը Փղշտացւոց ձեռքէն ու անոր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն՝ իմ ծառայիս Դաւիթի ձեռքով պիտի ազատեմ: 19Եւ Աբեններ նոյն խօսքերը Բենիամինի ալ զրուցեց. անկէ ետքը Աբեններ Քեբրոն գնաց, որպէս զի Իսրայէլի ու Բենիամինի բոլոր տանը հաճոյ երեւցածը Դաւիթի ալ պատմէ: 20Ու Աբեններ Քեբրոն եկաւ Դաւիթի, իրեն հետ քսան մարդ ունենալով: Եւ Դաւիթ Աբենների ու անոր հետ եղող մարդոց խնջոյք ըրաւ: 21Ու Աբեններ Դաւիթի ըսաւ, Ելլեմ երթամ, և բոլոր Իսրայէլը իմ տէրոջս, թագաւորին, քով ժողվեմ, որպէս զի քեզի հետ դաշնակցութիւն ընեն. ու դուն սրտիդ ամէն ուզածին պէս թագաւորութիւն ընես: Եւ Դաւիթ Աբենները ղրկեց, որ խաղաղութեամբ գնաց:
Աբեններ կը սպաննուի
22Եւ ահա Դաւիթի ծառաները ու Յովաբ ասպատակութենէ ետ դարձան, ու իրենց հետ խիստ շատ աւար բերին. իսկ Աբեններ Դաւիթի քով Քեբրոնի մէջ չէր. քանզի Դաւիթ զանիկա ղրկեր էր. ու անիկա խաղաղութեամբ գացեր էր: 23Ու երբ Յովաբ և անոր հետ եղող բոլոր զօրքը եկան, Յովաբի պատմեցին ու ըսին, Ներեան Աբեններ թագաւորին եկաւ. ան ալ զանիկա ղրկեց, ու խաղաղութեամբ գնաց: 24Այն ատեն Յովաբ թագաւորին գնաց ու ըսաւ, Ի՞նչ ըրիր. ահա Աբեններ քեզի եկեր է. ինչո՞ւ համար զանիկա թող տուեր ես, ու ան ալ գացերէ. 25Դուն չե՞ս գիտեր* որ Ներեան Աբեններ քեզ խաբելու, քու ելլելու ու մտնելու տեղդ հասկընալու, ու քու ամէն գործդ իմանալու համար եկաւ: 26Եւ Յովաբ Դաւիթի քովէն ելաւ, ու Աբենների ետեւէն պատգամաւորներ ղրկեց, ու զանիկա Սիրայի ջրհորէն ետ դարձուցին. և Դաւիթ չէր գիտեր: 27Ու երբ Աբեններ Քեբրոն դարձաւ, Յովաբ զանիկա դրանը ներսիդին քաշեց, անոր հետ ծածուկ խօսակցութիւն ընելու համար, ու զանիկա հոն, իր եղբօրը Ասայէլի արեանը համար, սնակուշտէն զարկաւ, ու անիկա մեռաւ: 28Եւ անկէ ետև Դաւիթ լսեց, ու ըսաւ, Ես ու իմ թագաւորութիւնս Ներեան Աբենների արիւնէն յաւիտեան անպարտ ենք Տէրոջը առջև. 29Յովաբի գլխուն վրայ, ու անոր հօրը բոլոր տանը վրայ հասնի. ու Յովաբի տունէն սերմնակաթ, բորոտ, ցուպի կռթնող, սրով իյնող ու հացի կարօտ պակաս չըլլայ: 30Այսպէս Յովաբ ու անոր եղբայրը Աբեսսա Աբենները մեռցուցին, քանզի անիկա անոնց եղբայրը Ասայէլը պատերազմի ժամանակ Գաբաւոնի մէջ մեռցուցեր էր:
Աբեններ կը թաղուի
31Եւ Դաւիթ Յովաբի ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդին ըսաւ, Հանդերձնիդ պատռեցէք ու քուրձեր հագէք, և Աբենների առջեւէն լացէք: Ու Դաւիթ թագաւորը դագաղին ետեւէն գնաց: 32Եւ Աբենները Քեբրոնի մէջ թաղեցին. ու թագաւորը ձայնը վերցուց ու Աբենների գերեզմանին վրայ լացաւ. բոլոր ժողովուրդն ալ լացաւ: 33Եւ թագաւորը Աբենների համար ողբաց ու ըսաւ, Միթէ Աբեններ այնպէ՞ս մեռաւ, Ինչպէս անզգամ մարդ մը կը մեռնի: 34Քու ձեռքերդ կապուած չէին, Ու ոտքերդ կապանքի մէջ դրուած չէին. Անօրէններուն առջև ինկողի մը պէս ինկար: Ու բոլոր ժողովուրդը նորէն անոր վրայ լացաւ: 35Եւ քանի որ ցորեկ էր, բոլոր ժողովուրդը եկաւ որ Դաւիթի հաց կերցնեն. բայց Դաւիթ երդում ըրաւ ու ըսաւ, Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ արեւին մտնելէն առաջ հաց կամ ուրիշ բան մը ճաշակեմ: 36Եւ բոլոր ժողովուրդը ուշադրութիւն ըրաւ, ու այս բանը իրենց աչքին հաճոյ երեւցաւ, ինչպէս թագաւորին ամէն ըրածը բոլոր ժողովուրդին աչքերուն հաճոյ կ՚երեւնար: 37Եւ այն օրը բոլոր ժողովուրդը ու բոլոր Իսրայէլ հասկցաւ որ Ներեան Աբենների մեռցուիլը թագաւորէն չէր: 38Եւ թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ, Չէ՞ք գիտեր որ այսօր Իսրայէլի մէջ մեծ զօրավար մը ինկաւ. 39Ու ես այսօր տկար եմ, թէպէտև թագաւոր օծուեցայ. ու այս մարդիկը, Շարուհեայի որդիները, ինծի համար խիստ են. Տէրը հատուցանէ չարութիւն ընողին անոր չարութեանը համեմատ: