Երկրորդ Թագավորաց գիրք
5
Դաւիթ Իսրայէլի և Յուդայի թագաւոր կ’ըլլայ
1Եւ Իսրայէլի բոլոր ցեղերը Քեբրոն եկան Դաւիթի, ու անոր ըսին, Ահա մենք քու ոսկորդ ու քու մարմինդ ենք: 2Եւ ասկէ առաջ* ալ երբ Սաւուղ մեր վրայ թագաւոր էր, Իսրայէլը դուրս հանողը ու ներս բերողը դուն էիր. և Տէրը քեզի ըսաւ, Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը դուն հովուես. ու Իսրայէլի վրայ իշխան ըլլաս: 3Եւ Իսրայէլի բոլոր ծերերը Քեբրոն եկան թագաւորին ու Դաւիթ թագաւորը Քեբրոնի մէջ Տէրոջը առջև անոնց հետ դաշնակցութիւն ըրաւ. ու անոնք Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցին: 4Եւ Դաւիթ երեսուն տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ, ու քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ: 5Քեբրոնի մէջ Յուդայի վրայ եօթը տարի ու վեց ամիս թագաւորութիւն ըրաւ, ու Երուսաղէմի մէջ բոլոր Իսրայէլի ու Յուդայի վրայ երեսունուիրեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ: 6Եւ թագաւորը իր մարդոցմով Երուսաղէմ գնաց, այն երկիրը բնակող Յեբուսացիներուն վրայ. ու Դաւիթի խօսեցան՝ ըսելով, Եթէ կոյրերը ու կաղերը չվերցնես, հոս պիտի չմտնես. կարծելով թէ Դաւիթ չկրնար հոն մտնել: 7Բայց Դաւիթ առաւ Սիօնի բերդը, (որ Դաւիթի քաղաքը կը կոչուի:) 8Եւ Դաւիթ այն օրը ըսաւ, Ով որ Յեբուսացիները զարնէ, ու ջրանցքը հասնելով Դաւիթի ատելի եղող կաղերը ու կոյրերը վերցնէ, անիկա զօրագլուխ պիտի ըլլայ. անոր համար կ՚ըսեն, Կոյրը ու կաղը տունը չմտնէ: 9Եւ Դաւիթ այն բերդին մէջ նստաւ, ու զանիկա Դաւիթի քաղաքը անուանեց. և Դաւիթ անոր չորս կողմը Մելօնէ դէպ ի ներս շէնքեր շինեց: 10Ու Դաւիթ երթալով կը մեծնար, ու զօրաց Տէր Աստուածը անոր հետ էր: 11Եւ Տիւրոսի թագաւորը Քիրամ Դաւիթի դեսպաններ ղրկեց, նաև եղեւնափայտեր ու հիւսեր ու որմնադիրներ, որոնք Դաւիթի տուն շինեցին: 12Այն ատեն Դաւիթ իմացաւ որ Տէրը զինք Իսրայէլի վրայ թագաւոր հաստատեց, ու իր ժողովուրդին Իսրայէլի համար իր թագաւորութիւնը բարձրացուց: 13Եւ Դաւիթ Քեբրոնէ գալէն ետքը՝ Երուսաղէմէ ուրիշ հարճեր ու կիներ ալ առաւ. ու Դաւիթի ուրիշ տղաքներ ու աղջիկներ ալ ծնան: 14Ու Երուսաղէմի մէջ անոր ծնած տղոցը անունները ասոնք են Սամաա, Սովբաբ, Նաթան, Սողոմոն, 15Յեբաար, Եղիսուա, Նափեկ, Յափիէ, 16Եղիսամա, Եղիադա ու Եղիփաղէտ:
Փղշտացիներու վրայ յաղթանակ
17Եւ Փղշտացիք Դաւիթի Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծուիլը լսելով, բոլոր Փղշտացիք ոտք ելան որպէս զի Դաւիթը փնտռեն երբ Դաւիթ այս բանը լսեց, բերդը իջաւ: 18Ու Փղշտացիք եկան և Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան: 19Ու Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ, Փղշտացւոց դէմ ելլե՞մ, զանոնք իմ ձեռքս պիտի մատնե՞ս: Եւ Տէրը Դաւիթի ըսաւ, Ելիր, քանզի Փղշտացիները անշուշտ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ: 20Այն ատեն Դաւիթ Բաաղփարասին գնաց. ու Դաւիթ զանոնք հոն զարկաւ, ու ըսաւ, Տէրը իմ թշնամիներս իմ ձեռքովս պատառեց, ինչպէս ջուրերը թումբերը կը պատառեն. անոր համար այն տեղին անունը Բաաղփարասին ըսուեցաւ: 21Եւ Փղշտացիք հոն թողուցին իրենց կուռքերը, ու Դաւիթ և իր մարդիկը զանոնք առին: 22Ու Փղշտացիք նորէն մէյմըն ալ ելան, և Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան: 23Ու երբ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց, անոր ըսաւ, Չելլես. հապա դէպ ի անոնց ետեւի կողմը դառնալով՝ թթենիներուն կողմէն անոնց վրայ երթաս. 24Ու երբ թթենիներուն գլուխը քալուածքի մը ձայն լսես, այն ատեն շարժիս. քանզի այն ատեն Տէրը քու առջեւէդ պիտի ելլէ Փղշտացւոց բանակը զարնելու համար: 25Եւ Դաւիթ այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեց. ու Գաբայէ մինչև Գազեր Փղշտացիները զարկաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981