Երկրորդ Թագավորաց գիրք

6

Ուխտին տապանակ Երուսաղէմ կը բերուի

1Եւ Դավիթ նորէն Իսրայէլի բոլոր ընտրուած մարդիկը ժողվեց, որոնք երեսուն հազար էին: 2Ու իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդով ելաւ, և Յուդայի Բաաղը գնաց, որպէս զի անկէ Աստուծոյ տապանակը վեր հանէ, որուն վրայ քերովբէներուն վրայ նստող զօրութեանց Տէրոջը անունը կոչուած է: 3Եւ Աստուծոյ տապանակը նոր սայլի մը վրայ դրին, ու զանիկա Բլրացի Աբինադաբի տունէն վերցուցին ու Աբինադաբի որդիները, Ոզա ու Աքիով, այն նոր սայլը կը վարէին: 4Եւ զանիկա Աստուծոյ տապանակին հետ Բլրացի Աբինադաբի տունէն հանեցին. ու Աքիով տապանակին առջեւէն կ՚երթար: 5Եւ Դաւիթ ու Իսրայէլի բոլոր տունը փայտէ շինուած ամէն տեսակ նուագարաններով, քնարներով, տաւիղներով, թմբուկներով, դափերով ու ծնծղաներով Տէրոջը առջև կը խաղային: 6Ու երբ Նաքոնի կալը եկան, Ոզա իր ձեռքը Աստուծոյ տապանակին երկընցուց, ու զանիկա բռնեց, քանզի եզները զանիկա ծռեր էին: 7Եւ Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ Ոզայի դէմ, ու զանիկա հոն այս յանցանքին համար զարկաւ. և նոյն տեղը Աստուծոյ տապանակին քով մեռաւ: 8Ու Դաւիթ տրտմեցաւ, քանզի Տէրը հարուածով Ոզան զարկաւ ու այն տեղին անունը մինչև այսօր Փարէս-ոզա ըսուեցաւ: 9Եւ Դաւիթ այն օրը Տէրոջմէ վախցաւ, ու ըսաւ, Տէրոջը տապանակը ի՜նչպէս իմ քովս մտնէ: 10Եւ Դաւիթ Տէրոջը տապանակը իր քով, Դաւիթի քաղաքը, չուզեց տանիլ. ու Դաւիթ զանիկա Գեթացի Աբդեդօմի տունը խոտորցուց: 11Եւ Տէրոջը տապանակը Գեթացի Աբդեդօմի տունը երեք ամիս մնաց. ու Տէրը Աբդեդօմը ու անոր բոլոր տունը օրհնեց: 12Եւ Դաւիթ թագաւորին պատմեցին ու ըսին, Աստուծոյ տապանակին համար Տէրը Աբդեդօմի տունը ու անոր ամէն ունեցածը օրհնեց: Եւ Դաւիթ գնաց, ու Աստուծոյ տապանակը Աբդեդօմի տունէն ուրախութեամբ Դաւիթի քաղաքը հանեց: 13Ու երբ Տէրոջը տապանակը վերցնողները վեց քայլ առաջ գացին, արջառներ ու պարարտ զուարակներ զոհեց: 14Եւ Դաւիթ Տէրոջը առջև բոլոր ուժովը կը խաղար, ու Դաւիթ քթանէ եփուտ հագեր էր: 15Եւ Դաւիթ ու Իսրայէլի բոլոր տունը Տէրոջը տապանակը ուրախութեամբ ու փողերու ձայներով կը տանէին: 16Ու երբ Տէրոջը տապանակը Դաւիթի քաղաքը եկաւ, Սաւուղի աղջիկը Մեղքող պատուհանէն նայելով՝ տեսաւ որ Դաւիթ թագաւորը Տէրոջը առջև ցաթկտելով կը խաղայ, ու զանիկա իր սրտին մէջ անարգեց: 17Եւ Տէրոջը տապանակը բերին, ու զանիկա իր տեղը դրին այն վրանին մէջ զոր Դաւիթ անոր համար կանգներ էր. և Դաւիթ Տէրոջը առջև ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուց: 18Ու Դաւիթ երբ ողջակէզները ու խաղաÕութեան զոհերը մատուցանելը լմնցուց, զօրաց Տէրոջը անունովը ժողովուրդը օրհնեց: 19Եւ Իսրայէլի բոլոր բազմութեանը, այր մարդէն մինչև մարդը, բոլոր ժողովուրդին ամէն մէկուն մէկ նկանակ, կտոր մը միս ու կարկանդակ մը բաշխեց. ու բոլոր ժողովուրդը ամէն մէկը իր տունը գնաց: 20Եւ Դաւիթ անկէ դարձաւ իր տունը օրհնելու համար, ու Սաւուղի աղջիկը Մեղքող Դաւիթը դիմաւորելու ելաւ, ու ըսաւ, Իսրայէլի թագաւորը այսօր ի՜նչ փառաւոր էր, որ այսօր իր ծառաներուն աղախիններուն առջև ինքզինք մերկացուց, ինչպէս սրիկաներէն մէկը ինքզինք կը մերկացնէ: 21Եւ Դաւիթ Մեղքողի ըսաւ, Ես այն Տէրոջը առջև խաղացի, որ զիս քու հօրմէդ ու անոր բոլոր տունէն աւելի ընտրեց, ու զիս Տէրոջը ժողովուրդին Իսրայէլի վրայ դրաւ, այո, ես այն Տէրոջը առջև կը խաղամ: 22Նաև զիս ասկէ ալ աւելի անարգ երեւցնելով՝ իմ աչքերուս առջև նուաստ պիտի ըլլամ. իսկ այն քու ըսած աղախիններուդ առջև պիտի փառաւորուիմ: 23Եւ Սաւուղի աղջիկը Մեղքողը մինչև իր մահուան օրը զաւակ չծնաւ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)