Երկրորդ Թագավորաց գիրք
9
Դաւիթ և Մեմփիբոսթէ
1Եւ Դաւիթ ըսաւ, Արդեօք Սաւուղի տունէն մնացած մարդ մը կա՞յ, որ Յովնաթանի սիրոյն համար անոր բարերարութիւն ընեմ: 2Ու Սաւուղի տունէն Սիբա անունով ծառայ մը կար, ու զանիկա Դաւիթի կանչեցին. և թագաւորը անոր ըսաւ, Սիբան դու՞ն ես. ու անիկա ըսաւ, Ծառադ եմ: 3Ու թագաւորը ըսաւ, Սաւուղի տունէն մնացած մարդ մը չկա՞յ, որպէս զի անոր Աստուծոյ ողորմութիւնը ընեմ: Եւ Սիբա ըսաւ թագաւորին, Յովնաթանէ ոտքերը կաղ որդի մը մնաց: 4Ու թագաւորը անոր ըսաւ, Անիկա ո՞ւր է: Եւ Սիբա ըսաւ թագաւորին, Ահա անիկա Լադաբարի մէջ Ամիէլի որդւոյն Մաքիրի տունն է: 5Եւ Դաւիթ թագաւորը մարդ ղրկեց, ու զանիկա Լադաբարէ Ամիէլի որդւոյն Մաքիրի տունէն առաւ: 6Եւ Սաւուղի որդւոյն Յովնաթանի որդին Մեմփիփոսթէ երբ Դաւիթի եկաւ, երեսի վրայ ինկաւ ու խոնարհութիւն ըրաւ: Եւ Դաւիթ ըսաւ, Ով Մեմփիբոսթէ. ու անիկա ըսաւ, Ահա քու ծառադ: 7Եւ Դաւիթ անոր ըսաւ, Մի վախնար, քանզի քու հօրդ Յովնաթանի սիրոյն համար քեզի անշուշտ բարերարութիւն պիտի ընեմ, ու քու հօրդ Սաւուղի բոլոր արտերը քու վրադ պիտի դարձնեմ. ու դուն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտես: 8Եւ անիկա խոնարհութիւն ըրաւ ու ըսաւ, Քու ծառադ ո՞վ է, որ ինծի պէս մեռած շան մը վրայ նայեցար: 9Իսկ թագաւորը Սաւուղի ծառան Սիբան կանչեց, ու անոր ըսաւ, Սաւուղի ու անոր տանը բոլոր ստացուածքը քու տէրոջդ որդւոյն տուի: 10Եւ դուն ու քու որդիներդ ու ծառաներդ անոր համար երկիրը գործէք, ու անոր պտուղը իրեն բերես, որպէս զի քու տէրոջդ որդին ուտելու հաց ունենայ. և քու տէրոջդ որդին Մեմփիբոսթէ միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտէ: Ու Սիբա տասնըհինգ որդի ու քսան ծառայ ունէր: 11Եւ Սիբա ըսաւ թագաւորին, Իմ թագաւոր տէրս քու ծառայիդ ինչ որ հրամայեց, քու ծառադ այնպէս պիտի ընէ: Բայց Մեմփիբոսթէ (ըսաւ Դաւիթ,) թագաւորին որդիներէն մէկուն պէս՝ իմ սեղանս հաց պիտի ուտէ: 12Ու Մեմփիբոսթէ պզտիկ տղայ մը ունէր, ու անոր անունը Միքա էր. և Սիբայի տունը բոլոր բնակողները Մեմփիբոսթէի ծառաներն էին: 13Ու Մեմփիբոսթէ Երուսաղէմի մէջ բնակեցաւ, քանզի միշտ թագաւորին սեղանը հաց կ՚ուտէր. ու անիկա իր երկու ոտքերովը կաղ էր:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981