Բ Տիմոթէոս
2
Յիսուս Քրիստոսին հաւատարիմ զինուորը
1Արդ դուն, իմ որդեակս, զօրացիր այն շնորհքովը որ Քրիստոս Յիսուսով է: 2Եւ այն բաները զորոնք ինծմէ լսեցիր շատ վկաներով` հաւատարիմ մարդոց յանձնէ, որոնք կարող ըլլան ուրիշներու ալ սորվեցնել: 3Արդ դուն նեղութիւններու համբերէ Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուորի մը պէս: 4Զինուորեալ մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չզբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ: 5Եւ եթէ մէկը մրցի, չպսակուիր` եթէ ըստ օրինի չմրցի: 6Աշխատող երկրագործին պէտք է առաջ պտուղներէն վայելել: 7Իմացիր ինչ որ կ’ըսեմ. Տէրը քեզի իմաստութիւն տայ ամէն բանի մէջ: 8Միտքդ բեր Դաւիթի ցեղէն եղող Յիսուս Քրիստոսը մեռելներէն յարութիւն առած, իմ քարոզած աւետարանիս համեմատ. 9Որուն մէջ չարագործի մը պէս կը չարչարուիմ մինչև անգամ կապերով. բայց Աստուծոյ խօսքը կապուած չէ: 10Ուստի ամէն բանի կը համբերեմ ընտրեալներուն համար, որպէս զի անոնք ալ հասնին այն փրկութեանը որ Քրիստոս Յիսուսով է յաւիտենական փառքով: 11Այս խօսքը հաւատարիմ է. վասն զի եթէ անոր հետ մեռանք, անոր հետ պիտի ապրինք ալ. 12Եթէ համբերենք, անոր հետ պիտի թագաւորենք ալ. եթէզինք ուրանանք, ինք ալ մեզ պիտի ուրանայ. 13Եթէ չհաւատանք, ինք հաւատարիմ կը մնայ, իր անձը չկրնար ուրանալ:
Յանձնարարուած գործաւոր մը
14Այս բաները անոնց միտքը ձգէ` Տէրոջը առջև վկայութիւն դնելով, խօսքերու վրայ վէճ չընել` որ բանի մը օգտակար չէ, հապա միայն լսողներուն կործանումին համար է: 15Ջանք ըրէ քու անձդ ընտիր ցուցնել Աստուծոյ առջև, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով որ պիտի չամչնայ, ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով: 16Բայց պիղծ ու փուճ խօսքերէն մէկդի կեցիր, քանզի անոնք աւելի յառաջ կ’երթան ամբարշտութեան մէջ. 17Եւ անոնց խօսքը քաղցկեղի պէս կը ճարակէ. որոնց կարգն են Հիմենոս ու Փիղետոս. 18Որոնք ճշմարտութենէն մոլորեցան, ու կ’ըսեն թէ մեռելներուն յարութիւնը արդէն եղած է, և կը կործանեն մէկ քանիներուն հաւատքը: 19Բայց Աստուծոյ հիմը հաստատուն կը կենայ, ու այս կնիքը ունի, թէ Տէրը կը ճանչնայ զանոնք որ իրն են. և` Անիրաւութենէ մէկդի թող կենայ այն ամէնը որ Քրիստոսի անունը կանուանէ: 20Սակայն մեծ տան մը մէջ ոչ թէ միայն ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ կան, հապա փայտէ ու հողէ ամաններ ալ կան. և ոմանք պատուոյ համար են ու ոմանք անարգանքի համար: 21Ուստի եթէ մէկը իր անձը այնպիսի բաներէն մաքրէ, անիկա պատուական անօթ մը պիտի ըլլայ, սրբուած ու իր Տէրոջը պիտանի, ամէն բարի գործերու համար պատրաստուած: 22Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախիր, ու գնա արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետևէ անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով: 23Բայց յիմարական ու անիմաստ վէճերէն մէկդի քաշուէ, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծնանին: 24Ու Տէրոջը ծառային պէտք չէ կռիւ ընել, հապա հեզահոգի ըլլալ ամէնուն, սորվեցնող, ոխ չպահող. 25Քաղցրութեամբ խրատել հակառակ կեցողները, որ ըլլայ թէ Աստուած ապաշխարութիւն տայ անոնց` ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար, 26Եւ սատանայի որոգայթէն զգաստանան, որմէ բռնուած են իր կամքին ծառայելու: