Բ Տիմոթէոս

3

Վերջին օրերը

1Եւ զայս գիտցիր որ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. 2Վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, 3Անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, 4Մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. 5Որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են. և դուն ասոնցմէ մէկդի կեցիր: 6Վասն զի ասոնցմէ են որ տուներէն ներս կը մտնեն, ու գերի կ’ընեն մեղքով բեռնաւորուած տկարամիտ կիները զանազան ցանկութիւններէ վարուած, 7Որ միշտ կը սորվին, ու բնաւ ճշմարտութիւնը ճանչնալու չեն կրնար հասնիլ: 8Հապա ինչպէս Յանէս ու Յամրէս հակառակ կեցան Մովսէսի, նոյնպէս ասոնք ալ ճշմարտութեանը հակառակ կը կենան. ապականած միտքով մարդիկ, հաւատքի մէջ անպիտաններ են: 9Բայց աւելի յառաջ պիտի չերթան, վասն զի ասոնց անմըտութիւնը ամէնուն յայտնի պիտի ըլլայ, ինչպէս անոնցը եղաւ:

Վերջին յորդորներ

10Իսկ դուն տեղեակ եղար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, դիտաւորութեանս, հաւատքիս, երկայնմտութեանս, սիրոյս, համբերութեանս, 11Հալածանքներուս, չարչարանքներուս, ինչպէս ինծի եղան Անտիոքի և Իկոնիոնի ու Լիւստրայի մէջ. ի°նչպէս հալածանքներու համբերեցի, ու ամէնէն զիս ազատեց Տէրը: 12Եւ ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով` հալածանք պիտի կրեն: 13Բայց չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան` մոլորեցնելով ու մոլորելով: 14Սակայն դուն հաստատուն կեցիր այն բաներուն մէջ զորոնք սորվեցար ու հաւատացիր, վասն զի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես. 15Նաև քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գիրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու` Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքովը: 16Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է, և օգտակար* է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շիտկելու և արդարութեան խրատելու համար, 17Որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ` ամէն գործերու պատրաստուած:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)