Գ Հովհաննէս

1

1Երէցէն Գայիոս սիրելիին, զոր ես կը սիրեմ ճշմարտութեամբ։ 2Սիրելի, կ’ընեմ որ ամէն կողմէ յաջողութեան մէջ ու առողջ ըլլաս, ինչպէս քու հոգիդ ալ յաջողութեան մէջ է։ 3Վասն զի շատ ուրախացայ, երբ քանի մը եղբայրներ եկան, ու քու ճշմարտութեանդ վրայով վկայեցին, ինչպէս դուն ճշմարտութեամբ կը քալես։ 4Ասկէ մեծ ուրախութիւն մը չունիմ, որ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն։

Գայիոս կը գովուի

5Սիրելի, դուն հաւատարմաբար կ’ընես, ինչ որ կ’ընես եղբայրներուն և օտարներուն: 6Որոնք եկեղեցիին առջև վկայեցին քու սիրոյդ վրայով, որ եթէ աստուածահաճոյ կերպով զանոնք ճամբայ դնես, աղէկ պիտի ընես։ 7Վասն զի Աստուծոյ անուանը համար ելան, ու հեթանոսներէն բան մը չեն առներ։ 8Ուստի մենք պարտաւոր ենք այնպիսիները ընդունիլ, որպէս զի ճշմարտութեանը գործակից ըլլանք։

Դիոտրեփէս և Դեմետրիոս

9Եկեղեցիին գրեցի, բայց Դիոտրեփէս, որ անոնց մէջ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, մեզ չընդունիր։ 10Ասոր համար եթէ գամ, անոր ըրած գործերը պիտի յիշեմ, որ մեզի դէմ շաղակրատելով չարախօսու-թիւն կ’ընէ. և ասով ալ գոհ չեղած՝ ինք չընդունիր եղբայրները, ու անոնք որ կ’ուզեն ընդունիլ՝ կարգիլէ, ու եկեղեցիէն ալ կը հանէ։ 11Սիրելի, չարին նմանող մի ըլլար, հապա բարիին. ան որ բարիք կը գործէ, Աստուծմէ է, բայց ան որ չարիք կը գործէ, անիկա զԱստուած տեսած չէ։ 12Դեմետրիոսի համար ամէնն ալ կը վկայեն, բուն իսկ ճշմարտութիւնն ալ. մենք ալ կը վկայենք, և դուք գիտէք որ մեր վկայութիւնը ճշմարիտ է։

Վերջին բարևներ

13Շատ բան ունէի գրելու, բայց չեմ ուզեր մելանով ու գրիչով քեզի գրել։ 14Սակայն յոյս ունիմ մօտերս քեզ տեսնել, ու բերան առ բերան պիտի խօսինք։ 15Խաղաղութիւն քեզի. բարեկամները քեզի բարև կ’ընեն, բարև ըրէ մեր բարեկամներուն ամէն մէկուն անունովը։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)